image
Հրատապ լուրեր:

Կեսարիա. Ժողովրդային բժշկութիւն. Ատոմ Յ. Պուճիգանեան (Գ. մաս)

Կեսարիա. Ժողովրդային բժշկութիւն. Ատոմ Յ. Պուճիգանեան (Գ. մաս)

Գ.

Զանազան հիւանդութեանց դարմանում բնական դեղօրայքով [34]

Աչքի հիւանդութիւններ

Աչքի ցաւ
Մեր աղբիւրը չի յստակացներ, թէ այդ գործարանին ո՞ր ենթամասը՝ ակնազօ՞դը, եղջերի՞կը թէ կոպե՞րը բորբոքած ըլլալով ցաւ կը պատճառէ: Միայն գիտենք, որ ցաւի պարագային կեսարացին աչքերը կը լուայ տուղտի տերեւներուն (կամ արմատներուն) եռացած թրջոցով: Ըստ արդի բուսաբուժութեան տուեալներուն, տուղտը կը պարունակէ մանրէասպան, հակաբորբոքիչ ու թաղանթները ամոքող նիւթեր: Ժողովրդային բժշկութեան մէջ այս բոյսը չի յիշուիր իբրեւ աչքադեղ, ան յատկապէս կը գործածուի ներքին հիւանդութեանց պարագային, ինչպէս շնչառական (հազ, կոկորդի ցաւ), բերանի բորբոքում, ստամոքսային ու աղիքային կեղեր (ulcer), իսկ դուրսէն՝ պալարներու եւ լայներակութեան (varices) [35]: Բայց տրուած ըլլալով իր քիմիական բաղադրութիւնը՝ հաւանական է, որ տուղտը պէտք է դարմանէ նաեւ աչքի արտաքին մասի որոշ հիւանդութիւնները:

Աչքի ջրոտիլ
Փոշիէն, արեւին պատճառած գրգռութենէն, հարբուխի հետեւանքէն կամ եղջերիկի վարակումէն աչքերը կրնան արտադրել (երբեմն թարախոտ) հեղուկ մը, որ արտեւանունքը կպչուն կը դարձնէ: Ասիկա լուալու համար կեսարացին կը գործածէ հաւկիթի իւղ, այսինքն հաւկիթին դեղնուցը, որ կը պարունակէ զանազան իւղերու հետ lecithin, cholesterol, biotin (vitamin B7), immunoglobulin, lutein, zeaxanthin) [36]:
Իւղը կը կասեցնէ կպչունութիւնը ու կը բանայ արտեւանունքը, իսկ immunoglobulin-ները կը հակազդեն մանրէներուն: Ուրիշ դարման մըն է աղջիկ դիեցնող կնոջ կաթը: Գիտենք, որ կնոջ կաթը որոշ տոկոսով իւղ կը պարունակէ ու ինչպէս տեսանք «Ծննդաբերութիւն» պարբերութեան տակ, ան կը պաշտպանէ վարակիչ հիւանդութիւններէ: Կարելի չեղաւ պարզել թէ ինչո՞ւ աղջիկ երախայ դիեցնող կնոջ կաթը նախընտրելի է: Մեղրոտ թաց ճնշական սպեղանիով ալ կը դարմանեն աչքի ցաւերը: Մեղրը կը պարունակէ հակամանրէ propolis կոչուող նիւթը:

Ականջի հիւանդութիւններ

Ականջի ցաւ
Մասնաւոր իւղի մը մէջ թաթխուած սոխի միջուկը, որ կը պարունակէ մանրէասպան, հակաբորբոքիչ նիւթեր [37], կը դնեն ականջին մէջ: Իւղին տեսակը՝ Պէգիր իւղ, կարելի չեղաւ պարզել, բայց հաւանաբար ան կը ծառայէ սոխին իւղալծելի նիւթերը դուրս հանելու, որպէսզի անոնք ականջին մէջ հոսին:

Խուլութեան դարմանումներ
(Հիւանդութեան պատճառը կամ ծանրութեան աստիճանը յայտնի չէ): Կեսարացիները կտոր մը խնձորի մէջ խունկ կը լեցնեն եւ այս պատրաստութիւնը թոնիրի մէջ կ’եփեն «ականջը բանալու» համար: Խունկը Boswellia carterii, thurifera կամ sacra բոյսէն ելած կարծր խէժ-ռետին մըն է, որ տաքցուելով կ’արտադրէ անուշաբոյր ցնդական՝ մանրէասպան ու հակաբորբոքիչ նիւթեր [38]: Ենթադրելի է որ եփած տաք «խցանը» (tampon) ականջին մուտքէն ներս գոլորշի կը ներմուծէ, որ իր կարգին կը կակուղցնէ կուտակուած մոմանման նիւթերը, այս ձեւով բանալով խցուած զգայարանը, եթէ երբեք լսողականը այդ պատճառաւ տկարացած է: Էվէրէկցիք նոյն արդիւնքը կը ստանան ականջի ուրիշ խցանով մը, որ բաղադրուած է փտած ձիւթէ (ծակտիկներով լի) ու պրասէ: Բոյսը ուրիշ սոխ/սխտորազգիներոն պէս կը պարունակէ ի մէջ այլոց հականեխական, հակաբորբոքիչ ու հակաստնգական (antispasmodic) ցնդական նիւթեր [39]: Նոյնպէս կարելի է պատկերացնել թէ անոնցմէ արտադրուած շոգին կը կակուղցնէ կուտակուած մոմանման նիւթերը, բանալով խցուած լսողական նեղանցքը:

Զանազան ցաւերու
դարմաններ
Ակռայի ցաւ եւ բերնի վէրք
Կեսարացին կը գործածէ արդի ատամնաբուժութեան մէջ ծանօթ մեխակի (ղարանֆիլ) չորցուած կոկոնին ցնդական իւղը, որ կը պարունակէ Eugenol հականեխական ու ցաւամոքիչ նիւթը [40]: Այս իւղին օղիի լուծոյթով տեղացիները կը ցողուեն իրենց բերանը: Օղին իր ալքոլով կը գործէ նաեւ իբրեւ տեղային թմրեցուցիչ: Որպէս դեղ կը գործածուի նաեւ պղպեղը, որ կը պարունակէ կծու եւ ցաւամոքիչ capsaicin-ը: Կեսարացիներուն գործածած մէկ այլ դեղը օղիով շաղուած պղպեղի խիւսն է, որ կը դրուի ցաւող ակռային վրայ: Կայ նաեւ ալիւրով պղպեղի շաղուածքը, որ կը գործածուի իբրեւ ծեփան (cataplasm) եւ զայն կը փակցնեն ցաւող ակռային կողմի այտին վրայ: Ծխախոտին nicotine-ը ունի կարճ եւ ցաւամոքիչ յատկութիւն [41]. կեսարացիները ծուխը կը «քաշեն» ցաւող ակռային վրայէն: Բերնի ջրոտած վէրքը (հաւանաբար աֆթ) ցամքեցնելու եւ գրգռութիւնը կեցնելու համար, անոր վրան կը դրուի փոթոթիչ (astringent) խառնուրդ մը՝ կազմուած մոխրացած գխտորէ, պաղլեղէ եւ ծխախոտէ:

Գլխու ցաւեր
Բազմաթիւ մշակոյթներու ծանօթ հինան, որ կը գործածուի ծամ ու ձեռներ ներկելու, կեսարացիք անոր տերեւներուն խիւսով կը ծեփեն իրենց ցաւող գլուխները: Ըստ Նիզամուտտինի հաւաքած բուսաբուժական տեղեկութեանց, հինան կը պարունակէ բազմաթիւ դեղանիւթեր, որոնք ի մէջ այլոց մանրէասպան, հակացաւ ու հակաջերմ են [42]. միեւնոյն դարմանական յատկութիւնները ունի «քիթէն քաշուող» քացախը, որ կը պարունակէ Aspirin-ի մասնիկին կէսը, այսինքն acetic acid: Ճակատին քսուած օղին իր ալքոլին ու անիսոնի ցնդական իւղին շոգիացումովն առթած պաղութեամբ կը հակազդէ ցաւին, զայն «մոռցնել տալով»: Կայ նաեւ սեղմումով ստացուող ցաւազրկում. այսպէս, որոշ ջիղերու վրայ բանեցուած ճնշումը կը բթացնէ ցաւի զգացողականութիւնը, ահա թէ ինչու կեսարացիներուն քով ընդհանրացած է աղախառն սոխի ու գետնախնձորի ճակատի “bandana”ները: Գալով մանանեխին (խարտալ), անոր հատիկներուն տարբեր պատրաստութիւնները հին ժամանակներէ ի վեր կը գործածուին ժողովրդային բժշկութեան մէջ, ներսէն կամ դուրսէն՝ մորթին կպցուած, զանազան միջոցներով օրինակի համար sinapis patch (մանանեխի ծեփան): Այսպիսի լազխաները (վէրքի պատում) յօդացաւերու դէմ են: Հատիկները ի մէջ այլոց կը պարունակեն ծծմբային բաղադրութեամբ հակացաւ նիւթեր, որոնք տեղայնական ջերմութիւն ու գրգռութիւն յառաջացնելով ենթակային մոռցնել կու տան բուն ցաւերը՝ գլխու կամ ուրիշ տեսակի [43]: Կեսարացին իր ոտքերը կը դնէ մանանեխի տաք ջուրով լուծոյթի մը մէջ դարմանելու համար գլխացաւը: Իսկ մանանեխով ծեփուած կտաւը կռնակին փակցնելով կը ստացուի քրտնեցուցիչ դարման պաղառութեան դէմ:

Հակահազ դարմաններ
Արտաքին դարմանում. զանազան նիւթերով օծուած կպչուն կտաւի ծեփաններ patches, որոնք կը դրուին կուրծքին վրայ: Անոնցմէ կը յիշուին մեղրախառն պղպեղը՝ հարուստ իր տաքցնող, ցաւամոքիչ capsaicin-ով, ինչպէս նաեւ խունկի ծուխով յագեցած տաք բամպակի կապոցը: Ներքին դարմանում. թաղանթը ամոքող ու հակաբորբոքիչ պատրաստութիւններու գործածութիւն: Անոնցմէ են տուղտի եռացած թրջոցը (տե՛ս. աչքի ցաւի բաժինը), կաթի մէջ եփած թուզի խառնուրդը եւ բիւրեղ շաքարի ծծումը: Ժողովրդային այս դեղը կը կոչուի նաեւ «նապաթ շէքէրի»:
_______
[34] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1738-1740։
[35] «Marshmallow monograph; paragraphs: constituents, herbal use, pharmacological actions» in Herbal medicine, 4th edition, 2013, by Pharmaceutical Press, London, pp 492-494.
[36] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1738։
[37] George Mateljan, «Onions», in What’s new and beneficial about, onions; paragraphs: composition, antioxidant and anti-inflammatory bebefits, other potential health benefits: www.whoods.com/genpagephp]
Իւղին տեսակը՝ պէգիր իւղ, կարելի չեղաւ լուսաբանել, բայց հաւանաբար ան կը ծառայէ սոխին իւղալծելի (oil soluble) նիւթերը դուրս հանելու ու զանոնք ականջին մէջ հոսեցնելու։
[38] M. Grieve, Frankincense, Botanical.com: A modern herbal: botanical.com/botanical/mgmh/f/franki31.htm
[39] T.K. Lim, monograph “Allium ampeloprassum” in Edible medicinal and non-medicinal plants, Springer science & business, 9th edition 2015, pp 102-123, on line.
[40] «Clove oil monograph», in A. Wade (editor), The Martindale, the extra pharmacopoeia, the 27th edition, 1977, The Pharmaceutical Press, London, p. 1016.
[41] JW Ditre et al, Acute analgesic effects of nicotine and tobacco in humans: a meta-analysis. Pain. 2016 Jul;157(7):1373-81.
[42] Nizam Uddin et al, «Chemical constituents and bioactivities of Lowsonia alba», in J. Chem. Soc. Pak., Vol. 35, # 2. 2013, pp. 476-485.
[43] Mustard: www.drugs.com/npp/mustard.htm ■

(Շար. 3)