image

Արձանով կամ առանց արձանի. Ռաֆֆի Տուտագլեան

Արձանով կամ առանց արձանի. Ռաֆֆի Տուտագլեան

Արամի արձանին արժանի տեղ չտուիք Երեւանի մէջ,

Արամի արձանի «մրցոյթը» ձեր սովորական կոռուպցիոն գործունէութեան հերթական դրսեւորումն էր,
Արամի տունը աղբանոցի վերածեցիք և մերժեցիք արժանին մատուցելու ազգի գերագոյն արժէքներու մարմնաւորումը հանդիսացող Անկախութեան կերտիչին։
Ինչ ալ փորձէք, ինչ ալ ընէք, միևնոյնն է... պիտի ձախողիք։
Նոյնիսկ կրցած եք գնել քանի մը չակերտեալ կուսակցական կամ ազգային ղեկավարներ, 
նոյնիսկ կրցած եք Սփիւռքի միջակ, ձախո՛ղ մտաւորականներուն գրպանել ու ենթականերուն ենթական դարձնել,
նոյնիսկ յաջողած եք մի քանի մունետիկ-սոփեստներու փառափանանքին արժանանալ, 
նոյնիսկ կրցած եք մետալներով քանի մը ազգային ջոջ ձեր մականին տակ առնել,
այո՛, շա՜տ բան կրցած եք ընել, մինչև իսկ 380 հազար հայ պանդու՛խտ դարձնել ու հակառակ այս բոլորին՝ Սփիւռքի լռութիւնը գնել...
Բայց գիտցէ՛ք, ո՜վ նորօրեայ բոլշևիկներ, 
գիտցէք, որ սերունդներ դաստիարակուեցան առանց Արամի արձանին, բայց Արամի ոգիո՛վ,
հազարներ մեծցան առանց Արամի անուան հրապարակին, բայց Արամի արժէքո՛վ,
հարիւրաւոր երիտասարդներ հայրենիքի մէջ Արամի անշուք գերեզմանը չտեսած, Արամի օրինակին հետևելով զինեալ պայքարի և ինքնապաշտպանութեան մարտերու դիմեցին ու գերեզման մտան հայրենի հողէն հեռու...
Արամի շունչով հասակ առին տասնեակ հազարաւոր աշակերտներ, 
հազարաւոր երիտասարդներ և ուսանողներ երդուեցին ծառայել հայրենիքին ու ազգին՝ Արամի՛ ներշնչումով։
Անոնք Արամի արձանի ուխտատեղի չունեցան,
Արամի անունով փողոց չտեսան։ Պէտք ալ չունէին այս ձևական յարգանքին, քանի որ անոնք ունէին շա՜տ աւելին՝
Անոնք Արամի հոգի՛ն ունէին իրենց արեան մէջ, Արամի արիւնը՝ իրենց սրտին մէջ, Արամի շունչը՝ իրենց թոքերուն մէջ։
Ձեզի թող մնայ սուտ յարգանքը, ձեզի թող մնան ծախուածները, քծնանքի իրաւաբանները, սուտ աստուածներ երկրպագող ղեկավարները։ Մենք ու հազարաւոր հայորդիներ, Արամի ոգի՛ն ունինք մեր մէջ։ Մենք կը պաշտենք Արամի՛ Աստուածը։
Մենք արձան չենք ուզէր, մենք Արամի ոգիի տարածումը կ'ուզենք, Արամի արժեհամակարգի յաղթանակը կը պահանջենք։
Մնացածդ կրնաք երթալ ու ձեր քծնանքի ծաղիկները դնել ազգային արժէքները գերեզմանած, կեղծաւոր և ծախուած ղեկավարներու կանգնեցուցած արձաններուն տակ։ Մենք պէտք չունինք այդ դերասանութեան։ Ժամանակին անոնք նոյնը կ'ընէին Լենինի և Ստալինի արձաններուն առջև։ Բայց անոնք գացին։ Չկան։

Իսկ Արամի ոգին յաւիտեան է։ Արամը անմահ է, արձանով կամ առանց արձանի։


Ամէն։

Ռաֆֆի Տուտագլեան