image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Զ. Մաս)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Զ. Մաս)

Ուրբաթ, 2 Փետրուար, 2018

 

Երէկ եւ այսօր, աչքերս բացի Նորքի Վարակային Հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժնին մէջ։ Այս անուանումը կը գտնեմ շատ անիմաստ։ Վերակենդանանալու համար նախ պետք է մեռնիլ... Այլ լեզուներով այս բաժանմունքը կը կոչուի բուռն խնամքի բաժանմունք (ICU, Intensive Care Unit)։ Կարելի է նաեւ զայն կոչել վերականգնողական բաժանմունք...Թէեւ կարելի չըլլար ճշդել հիւանդութեանս պատճառը, սակայն, հետեւողական եւ գուրգուրոտ խնամքը կը յաջողի մեղմացնել անոր դրսեւորումները։ Հարեւան Լաուրան այս երկու օրերը կ’անցընէ սնարիս մօտ։

Ի տարբերութիւն Աստղիկ հիւանդանոցին, որ մասնաւոր է, այս պետական հիւանդանոցը հինգ աստղանի պայմաններ չունի, սակայն տարրական պայմանները ապահովուած են եւ բժշկական խնամքը հիանալի է։ Մաքուր շրջապատ եւ հետեւողական խնամքը գնահատելի են։ Բժիշկս` Աղասին,  ջաւախքեան արմատներով, միջին տարիքի հեզահամբոյր եւ բարիացակամ անձ մըն է, որուն մասնագիտական տուեալներուն կողքին հիւանդին հետ յարաբերելու կարողութիւնը տպաւորիչ է։ Այսօր կը համաձայնի, որ կարելի է տուն վերադառնալ, պայմանով, որ կապի մէջ մնանք իրեն հետ։

 

Մեր բոլոր հարեւանները հերթով կ’այցելեն։ Հեռաձայնները բազմաթիւ են։ Մարգարը կ’ընդունի հիւրերը, կը պատասխանէ հեռաձայններուն եւ նկատելի անհամբերութեամբ կը սպասէ, որ անմիջապէս ամէն ինչ իր սովորական վիճակին վերադառնայ...

 

Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար, 2018

 

Արդէն աւելի լաւ եմ։ Յոյսով եմ շուտով վերադառնալ սովորականին։ Այս անակնկալ դէպքը, պատճառ կը դառնայ, որ դառնամ աւելի զգուշաւոր։ Հետաքրքրական է, որ չեմ գիտեր ինչէ՞ զգուշանալ, որովհետեւ չի յաջողուիր գիտնալ այս միջադէպի պատճառները...

 

Համակարգիչիս հետ ընկերութիւնս խզուած էր։ Այսօր կը վերադառնամ իրեն։  Կը կարդամ, որ այս օրը համացանցին վրայ հայատառ գրելու նախաձեռնութեան օրն է։ Նպատակը մարդոց մտածել տալն է, որ պէտք է համացանցի վրայ հայատառ գրել։ Պէտք է ընդունիլ, որ լատինատառ գրուած հայերէնը հասկնալ, երբեմն անկարելի է, մանաւանդ, որ լատինական տառերը իրենց բնական ձայնով չեն օգտագործուիր։ Օրինակ, որովհետեւ «x» տառը ռուսերէնի մէջ «խ» ձայնը ունի, զայն պէտք է կարդալ որպէս «խ» եւ ոչ թէ «քս»։

Կը կարծուի, որ լատինական տառերով գրելու սովորութիւնը, արդիւնք է ուղղագրական սխալներէ խուսափելուն։

 

Հինգշաբթի, 8 Փետրուար, 2018

 

Այսօր Ռուսաստանի մէջ կը նշուի Գիտութեան օրը։ Ըստ լուրերուն, այս առիթով կազմած են ռուսաստանաբնակ ժամանակակից գիտնականներու  աշխարհը ցնցած 10 յայտանգործութիւններու ցանկը։ Անոնցմէ երկուքին հեղինակները հայեր են։ Առաջինը ակադեմիկոս Յուրի Յովհաննիսեանն է, որ Մենտելեւի պարբերական աղիւսակի 118-երորդ տարրի հեղինակն է, իսկ երկրորդը` հայ աշխարհագրագէտ Սերգէյ Վարդանեանի երկիր մոլորակի վերջին մամոնտներու  (mammoth) վերաբերեալ հետազօտութիւնը։

 

Վարդանանց Տօնն է։ Հոս ան նոյն հնչեղութիւնը չունի ինչ որ Սփիւռքի մէջ։ Երէկ Թորոնթոյի մէջ, հայկական մանկապարտէզ յաճախող թոռնուհիս, արդէն մասնակցած է իր առաջին Վարդանանց հանդէսին։ Կը ստանամ նկարները։ Դուրսը` այս տօնը դարձած է խորհրդանիշը ազգովին գոյատեւելու եւ ըստ մեր ուրոյն արժեչափերուն ապրելու կամքը։ Հոս ան եկեղեցական տօն է։ Կը կասկածիմ, որ դպրոցներուն մէջ կը յիշուի ան, բացի Հայոց Պատմութեան դասէն։ Այսօր սփիւռքեան հայկական դպրոցները փակ են, այս տօնին առիթով։

 

Հոս Վարդանանցը, Թարգմանչաց Տօնին նման, եկեղեցիներու մէջ կը նշուի։ Այդքան։ Լուրերէն կ’իմանամ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր պատարագ նուիրուած տօնին։ Այս առթիւ, կարդացուած է նաեւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կոնդակը, Հայաստանի  Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած։

 

 

Ուրբաթ, 9 Փետրուար, 2018

 

Հետաքրքրութեամբ կը կարդամ հետեւեալ յօդուածը,

«ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակել է 2017 թուականին նորածին աղջիկներին եւ տղաներին ավելի յաճախ տրուող անունները: Աղջիկ երեխաների շրջանում ամենատարածուած անունը Նարէն է՝ 712 երեխայ: Դրան յաջորդում են Մարիան՝ 677 աղջիկ ստացել է այս անունը, Մարին՝ 586, Մանէն՝ 541, եւ Անին՝ 456: Տղայ երեխաներին տրուող անունների ցանկում անվիճելի առաջատարն է Դաւիթ անունը՝ 1448 երեխայ անցած տարի ստացել է այս անունը: Յաջորդ ամենատարածուած անունը Նարեկն է՝ 1057, որին յաջորդում են Տիգրանը՝ 617, Հայկը՝ 570, եւ Ալեքսը՝ 517: Վիճակագրական տուեալներից պարզ է դառնում, որ հայերը նախընտրում են իրենց երեխաներին հայկական անուններով կոչել: Նշենք, որ 2017 թուականի յունուար-դեկտեմբերին հանրապետութիւնում ծնուածների թիվը 37 հազար 699 է»։

 

Կէսօրէն ետք հետեւեցանք Հարաւային Քորիայի Փհենչհան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 23-երորդ Ձմեռնային Ողիմպիականի բացման արարողութեան։ Այս խաղերուն իւրայատուկ են երկու եզակի երեւոյթներ։ Առաջինը իրարու թշնամի Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորիաներու միասնական մասնակցութիւնն է խաղերուն իսկ երկրորդը Ռուսաստանի բացակայութիւնը խաղերէն։ Ռուս մարզիկներէն ոմանք խաղերուն կը մասնակցին Ողիմպիական դրօշին տակ։

 

Ինիսունէ աւելի երկիրներու մարզիկները մուտք գործեցին մարզադաշտ ըստ իրենց երկիրներու քորիական անուանումներուն եւ ըստ քորիական այբուբենի շարքին, որը այս լեզուի անծանօթին շփոթի կրնայ մատնել։ Վարժ ենք Հայաստանի մարզիկները տեսնել գրեթէ առաջիներէն (Armenia, Armenie), բայց ըստ երեւոյթին «ա» տառը առաջիներէն չէ այս այբուբէնին մէջ։ Պահ մը երեւակայեցի, որ նման միջոցառում տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ։ Արդե՞օք մենք պիտի ունենանք համարձակութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը երկիրները ներկայացնելու ըստ հայկական անուանումներու եւ հայկական այբբենական շարքով։ Ցաւօք իմ անձնական տեսական եզրակացութիւնս բացասական էր... Չի բաւեր ունենալ հին պատմութիւն, ուրոյն այբուբեն եւ եզակի լեզու եւ մշակոյթ, անոնցմով հպարտանալն ալ բաւական չէ։ Զանոնք առանց բարդոյթի կիրարելն է հարցը... Քորիացի բոլոր խօսք առնողները խօսեցան իրենց լեզուով։

 

Արդի ճարտարագիտութեան ընծայած միջոցները այնքան բազմազան են, որ այլեւս ոչինչ կը զարմացնէ մեզ։ Զիս տպաւորողը քորիացիներուն հաստատակամութիւնն էր ներկայացնելու իրենց մշակոյթը, առանց տուրք տալու արեւմտեան մշակոյթին։

 

Երբ հասաւ 1984 թուականը, ուրախութեամբ արձանագրեցի որ Ճորճ Օրուէլի «1984» վէպի մէջ նկարագրուած աշխարհը չէր իրականացած... Ափսոս, հիմա ստիպուած եմ արձանագրելու , որ ան ուշացումով իրականութիւն է արդէն։ Մինչ աշխարհի գրեթէ ամէն անկիւն կայ պատերազմ եւ ճգնաժամ, հոս խաղաղութեան աղաւնիները կը թեւածէին... 

Կ’ըսենք մէկ բան, կը կիրարենք ուրիշ բան...

 

Կիրակի, 11 Փետրուար, 2018

 

Այսօր  Բուն Բարեկենդան է։ Վաղը կը սկսի Մեծ պահքը։Մեր գիւղին մէջ Բարեկենդանը նշուող կամ նոյնիսկ յիշուող տօն չէ։ Երեւանի մէջ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ջանքերով զայն կը ջանան ժողովրդականացնել։ Պատարագէն յետոյ, մարդիկ դիմակներով, բարեկենդանի յատուկ խաղերով քալեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ  ուր տեղի ունեցաւ ամփոփիչ միջոցառում։

 

Այսօրը ընտրած ենք մեր հարեւաններուն պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու համար զիրենք Երեւան տանիլ ճաշելու։ Անոնք իսկապէս իմ կողքիս էին երբ առողջութիւնս ժամանակաւոր արձակուրդ առաւ։ Ընտրած ենք «Դառգետ»  ճաշարանը, որպէս նորութիւն։ Ան գարեջրատուն մըն է, որուն գլխաւոր ճաշատեսակները արեւմտեան hamburger-ի տարբերակներն են (հոս կը գործածուի համբուրգեր անուանումը)։ Սեղանին շուրջ երբ կ’ակնարկենք այսօր Բարեկենդան ըլլալու իրողութեան, զարմանքով կ’ընդունին զայն... 

 

Երկուշաբթի, 12 Փետրուար, 2018

 

Մեծ Պահքի առաջին օրն է։ Արդէն Ճաշարաներու ցուցանակներուն վրայ սկսած են գովազդել իրենց մատուցած պահքի ճաշերը։ Հեռատեսիլի ճաշեր պատրաստել ցուցադրող ծրագիրները պահքի ճաշերու կը վերաբերին։ (Այսօր առաջին կայանէն «Պատրաստենք Միասին» ծրագրէն թոփիկ պատրաստեցին)։

Կրկին Երեւան ենք, կրկին ատամնաբոյժին այցելելու։ Առիթէն օգտուելով կ’այցելենք Աբովեան փողոցի վրայ երկու գրատուն, վերջերս հրատարակուած եւ գրախօսուած քանի մը գիրք ձեռք ձգելու համար։ Մեր փնտռածները երկուքն ալ չունին։ Այլ երկիրներու մէջ գրախօսականները կը ծառայեն գիրքը գովազդելու։ Հոս այդպէս չէ։ Գրախօսականը կը տպուի, բայց գիրքը գրատուները հասած չըլլար... Թէեւ ձեռնունայն չենք մնար, որովհետեւ կարելի չէ գրատուն մտնել եւ առնուազն քանի մը գիրք չգնել...

 

Այսօր Երեւան կը գիշերենք։ Վաղը ատամնաբոյժի վերջին ժամադրութիւնս է։

 

Երեքշաբթի, 13 Փետրուար, 2018

 

Կ’աճապարենք վերադառնալ Ուշի (աճապարել բառը հոս չի գործածուիր։ Շտապել կամ վրազել տարբերակները ի զօրու են։ Ի դէպ վստահ չեմ որ վրազել բառը հայերէն է...Նոյնիսկ Աղաեան բառարանին մէջ զայն չկրցայ գտնել... ) ։ Այսօր Տեառնընդառաջ է (տեղական ըսելաձեւով Տէրնտես)։ Ահաւասիկ եկեղեցական տօն մը, որ Վարդավառի նման արմատացած է ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ թէեւ բոլորովին պարպուած իր բովանդակութեանէն։

Անցեալ տարուան ընթացքին ամուսնացած զոյգերու տուներուն մէջ անպայման կայ տօնախմբութիւն։ Բակին մէջ խարոյկ վառելն ու վրայէն ցատկելն ալ պարտադիր է։ Առանց հարսանիքի ամուսնացած զոյգերու մօտ ան կը փոխարինէ հարսանիքը եւ աւելի մեծ տարողութեամբ կը նշուի։ Մենք հրաւիրուած ենք Վալդերենց տունը, անցեալ Յունիսին ամուսնացած Արմանի եւ Օֆելիայի Տէրնտեսի սեղանին։ Այս հաւաքը սահմանափակ թիւով հրաւիրեալներ ունի, նկատելով, որ Յունիսին հարսանիքը տեղի ունեցած էր...

Կը կասկածիմ, որ մեր գիւղին մէջ գտնուին մադրիկ, որոնք գիտեն, որ տօնը Յիսուսի ծննդեան քառասուներորդ օրը տաճար տարուելու մասին է։ Եկեղեցին կը ջանայ այս բացը փակել խարոյկները փոխադրելով եկեղեցիներու բակերը եւ զայն երիտասարդութեան օրհնութեան տօն հռչակելով։ Երեւի ժամանակի հարց է անոր կրկին իմաստաւորումը...

 

Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար, 2018

 

Սուրբ Վալանդինի օրն է (Valentin’s Day)։ Հակառակ եկեղեցւոյ ընդիմութեան, ան կը նշուի, մանաւանդ Երեւանի մէջ եւ մանաւանդ երիտասարդներու կողմէ։ Նոյնիսկ մթերային գերշուկաները (supermarket) հսկայ կարմիր սրտերով զարդարուած են... Յատուկ այս թեմայով նուէրներ ալ կը վաճառուին...

 

Հինգշաբթի, 15 Փետրուար, 2018

 

Ցերեկը երեւանցի Անին կու գայ այցելութեան, իսկ երեկոյեան երեւանցիներ

Վահագնը, Մանուշակը, Մարգարիտը եւ Գէորգը։ Աշտարակի ձորի պռունկին թառած «Նաւոյի» ճաշարանը կ’երթանք միասին։ Հակառակ, որ խորհրդային օրերէն մնացած ճաշարաններու առանձին սենեակները չեն խանդավառեր մեզ, այսօր մեզի տրամադրուած սենեակը կ’օգնէ, որ տնական մթնոլորտ ստեղծուի եւ մեր մտեմիկ զրոյցը փսփսուքով վարելու պէտք չունենանք։ Փետրուարի 29-ին, ասկէ 90 տարի առաջ, Հալէպի մէջ ծնած է գրող Թորոս Թորանեանը։ Մարտի 3-ին, Ուշիի Մշակոյթի տան մէջ կը կազմակերպենք իրեն նուիրուած հաւաք մը։ Մարգարը եւ Վահագնը գլխաւոր կազմակերպիչներն են։ Խօսակցութեան գլխաւոր առանցքը այս ձեռնարկի կազմակերպութիւնն է,- հրաւիրեալներու ցանկը, ելոյթ ունեցողները, եւայլն...

 

Ուրբաթ, 16 Փետրուար, 2018

 

Այսօր Հանրապետական իշխող կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանը կրկին հանդիպեցաւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ եւ ընդունեց իրեն առաջարկուած թեկնածութիւնը։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքական, հասարակական, մտաւորական, գործարար, բարեգործական եւ աշխատաւորական հանրութիւնը ներկայացնող ուժերու հետ, ինչպէս նաեւ Արցախի հանրապետութեան ղեկավարութեւն եւ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող կառոյցներուն հետ, այս որոշման յանգելէ առաջ։

 

Երեւանէն հիւր կու գան սուրիահայ Սարգիսը եւ Սիլվան, իրենց տղուն Կարոյին հետ։ Երկար չեն մնար։ Ծրագրած էինք զիրենք «ՀԻն Աշտարակ» ճաշարանը տանիլ, բայց կ’աճապարեն Երեւան վերադառնալու։ Ծրագիրը կը յաջողցնենք առանց իրենց, չորսով` Մարգարը, Վալդերը, Հիլտան եւ ես...

 

Շաբաթ, 17 Փետրուար, 2018

 

Եղանակը այնքան բարենպաստ է, որ Մարգարը սկսաւ մեր այգիի մաքրման աշխատանքներուն։ Մեր համագիւղացիները փոցխերով (rake) զինուած նոյն աշխատանքին լծուած են։ Այգիներէն կը բարձրանայ վառուած կրակներու մուխը։ Ցաւօք, հոս չոր տերեւները պարարտանիւթի վերածելու սովորութիւնը չկայ։ Չորցած հաւաքուած աղբը կ’այրեն...

 

Կիրակի, 18 Փետրուար, 2018

 

Եղանակը անձրեւոտ է։ Այգիներու աշխատանքները դադրեցան։ Ամէն մարդ կրկին բոլորուեցաւ ճարճատող կրակարաններու շուրջ, թէեւ այնքան ալ ցուրտ չէ։

Այսօր «Տալմա Կարտըն Մոլ» կ’երթանք մթերային գնումներու։ Ան Կիրակի օրերը միշտ զբաղ կ’ըլլայ, բայց այսօր իրապէս զբաղ է։ Հաւանաբար պատճառներէն մէկը անձրեւոտ եղանակն է։ Բայց դատելով մթերքով լեցուն սայլակներէն, Յունուարի դանդաղած առեւտուրը վերականգնուած է... Հագուստի եւ կօշիկի խանութները զեղչեր կը գովազդեն, բայց չեմ գիտեր որքանով իրական են անոնք։ Դատելով անցորդներու կրած տոպրակներէն, այս կամ այն խանութի պիտակով, զեղչերու գայթակղութեան յանձնուողները անպակաս են։

 

Երկուշաբթի, 19 Փետրուար, 2018

 

Այս առաւօտ մեզ շրջապատող համայնապատկերը կրկին հեքիաթային է։ Ճիշտ է, բաղդատմամբ գանատական ձմեռներուն այս քանի մը սանթիմ ձիւնը ոչինչ է, բայց անոր կուսական սպիտակութիւնը եւ ծառերուն ընծայած փոխակերպումը չափազանց գրաւիչ են։ Մարգարը իր լուսանկարչական գործիքը առած պատուհանէ պատուհան կ’երթայ եւ հիացումով կը նկարէ այս կամ այն անկիւնի գեղեցկութիւնը։  

 

Երեքշաբթի, 20 Փետրուար, 2018

 

«Անազատութիւնը չունի արդարացում, ազատութիւնը չունի այլընտրանք»։ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի արցախեան շարժման 30-ամեակի եւ վերածնունդի օրուան առթիւ յղած ուղերձէն այս նախադասութիւնը կը գրաւէ ուշադրութիւնս։ Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ’ունենան տօնախմբութիւններ, պարգեւատրումներ, ընդունելութիւններ, հաւաքներ... Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ կայ հաւաք նախաձեռնութեամբ Հայ Ազգային Կոնգրէս կուսակցութեան։ 88-ի շարժման ոգին կը շարունակէ խանդավառել հին ու նոր սերունդները։ Այդ խանդավառութիւնը հռետորութենէն կեանքի կոչելու աշխատանքը մեր ամէնուն պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ...

 

Ձիւնի հետք չմնաց։ Այնքան արագ հալեցաւ ամէն ինչ։ Արա լեռը կը մնայ ձիւնածածկ յիշեցնելով որ երէկ ձիւնեց։

 

Չորեքշաբթի, 21 Փետրուար, 2018

 

Երեկոյեան լուրերէն կ’իմանամ, որ այսօր Մայրենիի օրն է (international mother language day)։ Օշականի մէջ տեղի ունեցած է հաւաք, հանդիսութիւն։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը կը խօսի սփիւռքի մէջ մայրենին պահելու մասին, սակայն լուրերուն մէջ յայտնուած հատուածներուն մէջ չեմ լսեր որեւէ շեշտադրում արեւելահայերէնը մաքրելու մասին...             

 

Երեկոյեան հարեւաններով Հիլտայի մօտ ենք։ Կարեւոր պատահարներու բացակայութեան, որոշեր ենք նշել իր դրան վրայի պատուհանին նոր ագուցուած փոքրիկ վարագոյրի զետեղումը...  Նման հաւաքները կ’անցնին ջերմ եւ զուարթ։

 

Հինգշաբթի, 22 Փետրուար, 2018

 

Շուտով Սումկայիթի ջարդերու 30-ամեակն է։ Լրատուամիջոցները լայնօրէն կ’անդրադառնան անոր։ Խորհրդարանին մէջ այս իրադարձութիւնը ապրած մարդիկ կը պատմեն իրենց ականատեսի վկայութիւնները։ Ինծի համար անհասկնալի է, մարդու գազանային վարուելակերպը։ Չեմ կրնար երեւակայել, որ ինչ մտածողութեամբ եւ զգացումներով մարդիկ կը պարպուին մարդկայնութենէ եւ կը դառնան ջարդարար...

 

Ուրբաթ, 23 Փետրուար, 2018

 

Իշխող հանրապետական եւ ՀՅԴ կուսակցութիւնները այսօր պաշտօնապէս առաջադրեցին Արմէն Սարգսեանը որպէս նախագահի թեկնածու։ Առաջադրման համար հարկ եղած խորհրդարանի 1/4 ձայները արդէն հաւաքուած են։

 

Շաբաթ, 24 Փետրուար, 2018

 

Այսօր Օհանավանցի Վրէժը, ամէն տարուան նման, եկաւ մեր այգիի ծառերը յօտելու (տեղական ըսելաձեւով էտելու)։ Վճռեց որ ծիրանի ծառերէն մէկը պէտք է կտրել եւ նորով փոխարինել։ Դեղձի ծառերուն առողջութիւնը նուազ գնահատեց եւ մնացածին մասին լաւ գնահատականներ տալով հեռացաւ։ Հիմա մեր այգին ծածկուած է  կտրուած ճիւղերով, որոնք պէտք է հաւաքուին եւ խուրձերու վերածուին։ Թոնիր վառելու համար կարելի է օգտագործել զանոնք։ Հարեւան այգիներուն մէջ ալ նոյն գործը կը կատարուի, սակայն մեր խնդրանքով, մեր ծառերը աւելի հիմնական ձեւով կը յօտուին, ծառերը ցած պահելու համար։  Նոյնիսկ ընկուզենիները յօտուեցան որպէսի հսկայ ծառերու չվերածուին։

 

Այսօր Վալդերը փոխեց մեր դարպասի ժանգոտած կղպանքը, առիթը ստեղծելով նոր նշումի մը... Երեկոյեան մեր տանը հաւաքուեցանք եւ խմեցինք նոր կղպանքի լաւ աշխատելուն կենացը։

 

Կիրակի, 25 Փետրուար, 2018

 

Ողիմպիական խաղերուն հայերէն մեկնաբանութիւնը լսելը հաճելի էր։ Ծանօթացայ հայկական մարզական բառապաշարին։ Մականախաղ (hockey), տափօղակ (hockey puck), միջին գօտի (centre ice), մրցավար (referee), սահադաշտ (rink), մրցուղի (track), դահուկորդ (skier), չմշկավազորդ (speed skater), թռիչք (jump), դահուկացատք (ski jumping), գեղասահաք (figure skating), եւայլն։ Տարօրինակ էր կյոռլինգ անուանումը (curling), արդեօք, ո՞ր լեզուի ճամբով հասած են այս տարօրինակ անուանումին։

Կէսօրէն ետք մեր ժամով երեքին պիտի ցուցադրեն փակման հանդիսւթիւնը։ Ցաւօք չենք յաջողիր դիտել զայն։ Ճաշի հրաւիրուած ենք մեր սուրիահայ բարեկամներու` Սարգիսի եւ Սիլվայի տունը։ Երեւան կ’իջնենք այս առիթով։ 

 

Այսօր զորավար Անդրանիկի ծննդեան 153-ամեակն է։ Կը լսենք, որ պաշտօնատար անձիք այցելած են Եռաբլուր եւ ծաղիկներ խոնարհած իր շիրիմին։ Կը լսենք նաեւ, որ Ուջանի մէջ տեղի ունեցած է յատուկ տօնախմբում։ Այստեղ սկսած են նաեւ յատուկ հանքանակութիւն Ուջանի մէջ կառուցելու եկեղեցի մը, Արեւմտահայաստանի մէջ Անդրանիկի նորոգել փափաքած մէկ եկեղեցիին նմանակով։ Տօնախմբութիւններ կան նաեւ թանգարաններու, յուշարձաններու եւ հրապարակներու մէջ։ 

 

Երկուշաբթի, 26 Փետրուար, 2018

 

Կը կարդամ, որ  Ազգային Պատկերասրահին մէջ, Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակին նուիրուած «Արարում» ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբերի 14-էն մինչեւ Փետրուարի 15-ը ունեցած է շուրջ 56000 այցելու, որը աննախադէպ է պատկերասրահի պատմութեան մէջ։ Կարելի է եզրակացնել, որ արուեստասէր հասարակութիւնը դեռ գոյութիւն ունի...

 

Երեքշաբթի, 27 Փետրուար, 2018

 

Այսօր, հարեւան Արտաշը, կինը Սուսանը եւ իրենց տղան Արտակը կու գան հաւաքելու մեր այգիի յօտուելուն որպէս արդիւնք գոյացած ծառի ճիւղերը։ Անոնք բարակ ճիւղերը խուրձերու կը վերածեն թոնիրին մէջ գործածութեան համար, իսկ աւելի հաստ ճիւղերը ձմրան կրակարանին մէջ վառելով տունը տաքցնելու համար։ Սուսանը եւ աւելի ուշ Վալդերը կը փոցխեն այգին եւ Մարգարը ըստ մեր գիւղի սովորութեան կը վառէ չորցած տերեւները...

Մայրամուտէն ետք ալ մեր այգիին մէջ նկատելի է կրակը...

 

Չորեքշաբթի, 28 Փետրուար, 2018

 

Ձմրան վերջին օրն է։ Մինչ մենք վարժ ենք արեւադարձի օրերը նշել որպէս եղանակներու փոփոխման օր, հոս 20 օր առաջ, Մարտի 1-ին կը նշուի գարնանամուտը։ Շուտով գարնան եղանակը մտնելը ունի իր հոգեբանական դրական ազդեցութիւնը, սակայն չեմ գիտեր, որ ինչ հիման վրայ ընտրուած է Մարտի 1-ը...

 

Այսօր Մարտիրոս Սարեանի ծննդեան օրն է։ Իր տուն թանգարանին մէջ կայ յատուկ ցուցադրութիւն։

 

Նաեւ Սումկայիթեան ջարդերու 30-ամեակն է։ Այս տխրահռչակ իրողութեան լայնօրէն կ’անդրադառնան լրատուամիջոցները։

 

Էլիզ Շարապխանեան 

Ուշի