image

Խաղաղ յեղափոխութեան ծնունդ նոր Հայաստանը

Խաղաղ յեղափոխութեան ծնունդ նոր Հայաստանը

Այո, այսպէս՝ խաղաղութեամբ պսակուեցաւ խորհրդարանի անդամ,  Հայաստանի նոր ղեկավար  Նիկոլ Փաշինեանի ամիս մը երկարող ժողովրդային ճերմակ յեղափոխութիւնը,  ջնջելով  Հայաստանի երկնակամարը քսանհինգ տարիներէ  ծածկող ամպոտ  մթնոլորտը, այն օրէն երբ տիրող կուսակցութեան երկու  ներկայացուցիչներ՝ Ռոպերթ Քոչարեան,Սերժ Սարգսեան յաջորդաբար ստանձնեցին  Հայաստանի հանրապետութեան  նախագահի պաշտօնը:

Այո վերացաւ  գորշ ամպը, իր հետ  տանելով  ժողովուրդը արիւնաքամ  դարձնող վարչական փտածութիւնը, ժողովուրդին առջեւ անգամ մը եւս  բանալով ազատութեան  ոգին   շնչելու պատեհութիւնը,  ժողովուրդը ձերբազատելով  երկիրը քայքայող եւ հիւծող   վերնախաւին հաստատած  բռնութենէն:  Անցնող  տարիներու  ցաւալի կացութիւնը ժխտական  հետեւանքներ ունեցաւ Հայաստանի  եւ հայրենի ժողովուրդին տնտեսական, ընկերային առօրեային վրայ,  խանգարելով եւ արգելքներ դնելով  Հայաստանի մէջ   նախաձեռնութիւններ, առեւտրական  տարբեր  ծրագիրներ մշակելու, երկրին  բարգաւաճման նպաստող  ծրագիրներուն առջեւ:

Փոփոխութեան  հոսանքը միաժամանակ  պիտի   քաջալերէ  Սփիւռքի  յաջողակ, ձեռներէց  գործատէրերուն, անհատներուն եւ հաստատութիւններուն ներդրումներ կատարելու  Հայաստանի մէջ:  Անոնք  տիրող  փտած  համակարգին, դիւանակալութեան, մենաշնորհեալներու տիրապետութեան եւ ստեղծած ստուերային տնտեսութեան պատճառով կը խուսափէին  ծրագիրներ մշակելու  Հայաստանի մէջ,  աչքի առջեւ ունենալով  շատերու դառն եւ ցաւալի  ճակատագիրը: 

Պետական պիւտճէի յափշտակումը եւ կողոպուտը, Հայաստան հոսող նպաստներու եւ գումարներու աննպատակ մսխումը, համատարած  աղքատութիւն ծնած էր Հայաստանի մէջ,ակօսներ բացած էր իշխող վերնախաւին եւ օրապահիկով ապրող համեստ ժողովուրդին մէջ: Կենսամակարդակի անկումը երիտասարդները ստիպած էր լքելու հայրենիքը: Աշխատանքի եւ կեցութեան պայմաններ ստեղծելու վազքը կը  քայքայէց բազմաթիւ  ընտանիքներ: Ին՞չ կարելի էր ակնկալել, երբ ընտանիքին այրը  դրամ ապահովելու մտահոգութեամբ կը մեկնէր նախկին խորհրդային  երկիրներ ու  չէր  վերադառնար...: Մենաշնորհեալներու  չարաշահումներուն հետեւանքով Հայաստանի  բնակչութիւնը կը լքէր  հայրենիքը,  Հայաստանը կը  պարպուէր իր երիտասարդութենէն,  ուղեղներէն, աշխատող  բազուկներէն: Երկիրը կը դատարկուէր իր ներուժէն, բարգաւաճելու կարելիութիւններէն, միջազգային ընտանիքի մէջ իրեն վերապահուած դերակատարութենէն: Քաղաքակրթութեան օրրան, հռչակաւոր երկրի մը ժողովուրդը, որ  ունէր իր  դարաւոր պատմութիւնը, հարուստ մշակոյթը, բարի աւանդութիւնները կաթիլ առ կաթիլ կը հիւծէր ապօրինութիւններու եւ  իրաւական մարմիններու  քար լռութեան առջեւ:

Վաղը՝   դրութիւնը  կայունանալէ,  նոր կառավարութեան կազմութենէն,  ժողովրդավարութեան սկզբունքներու  հիմնքերը   հաստատելէ , օրէնքի գերիշխանութիւն  հաստատելէ ետք,  նոր արշալոյս մը պիտի  ծագի Հայաստանի եւ  հայրենի ժողովուրդին համար: Այս արշալոյսը  իր բազմաթիւ  ճառագայթներով եւ ցոլքերով    պիտի նպաստէ Հայաստանի   քաղաքական եւ  ընկերային կայունութեան, կենսամակարդակի  բարելաւման,  ընկերային  եւ  տնտեսական  բնագաւառներու զարգացման եւ  հեռանկարներով եւրոպական  չափանիշներու արժեւորման:  Բարեկարգութիւնները  քաղաքացիին պիտի շնորհեն ազատ շնչելու, օրէնքի սահմաններու մէջ ազատօրէն գործելու  պայմաններ: Խաղաղ  յեղափոխութիւնը  միջոցներ պիտի  ստեղծէ, որպէսզի մեր ժողովուրդը զարգանայ,  ազատօրէն շփուի այլ   ժողովուրդներու  հետ, բարձրանայ  հայրենաբնակ  մեր քոյրերուն եւ  եղբայրներուն  կենսամակարդակը:

 Սփիւռքի մէջ  բնակող հայերու մեծամասնութիւնը  խանդավառութեամբ  կը հետեւի եւ անհամբեր կը սպասէ  վերջին ամսուան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող  յեղափոխութեան յաղթանակին:  Վսահաբար, արտասահմանի հայերը մեծ ներդրում  եւ մասնակցութիւն պիտի ունենան հայրենաշինութեան   ծրագիրներուն մէջ, իրենց իղձերը պիտի իրականացնեն, զանազան մակարդակներով  եւ  եղանակներով, նպաստելով  հայրենիքի վերելքին, անիկա ըլլայ   զբօսաշրջութեան  ճանապարհով,  յարկաբաժին գնելով,  բնակարաններ կառուցելով կանաչ, գեղեցիկ,  մշտադալար  Երեւանի արուարձաններուն մէջ, Հայաստանի տարբեր շրջաններու  մէջ,  ամառնային արձակուրդը Հայաստանի մէջ բոլորելով,  մինչեւ իսկ իրենց  հարստութեան մէկ մասը Հայաստան փոխադրելով, առեւտրական,  տնտեսական նախաձեռնութիւններ վերցնելով  փոքր  հիմնարկներ ստեղծելով հասնելու պանդոկներու,  բնակելի շէնքերու,  գործարաններ շինելու, արդիւնաբերական նախաձեռնութիւններու, դրամատուներ հիմնելու  եւ այլն, եւ այլն:

Հայաստանը իր ստեղծած  պայմաններով ինքնաբերաբար հրապուրիչ  երկիր մը եւ ենթահող մը  պիտի դառնայ  արաբ  գործարարներու եւ  արաբական աշխարհի քաղաքացիներուն համար:Կը մնայ  կիրարկութեան դնել  օտարները հրապուրող, քաջալերող պայմաններ,  քաջալերել օտարները,  երաշխիքներ տալ անոնց, որպէսզի օրէնքի սահմաններու մէջ մասնակցին Հայաստանը բարգաւաճ  պետութեան  վերածելու աշխատանքներուն:

Լուսարձակի տակ առնելով  ժողովրդային յեղափոխութեան քաղաքական եւ տնտեսական կողմերը, անոր դրդապատճառները, չենք կրնար անտեսել իշխանութենէն խաղաղօրէն հեռանալու գործող կուսակցութեան խոհեմ քայլերը: Քաղաքակիրթ ոճով իշխանափոխութեան այս օրինակելի քայլը, եզակի եւ ուսանելի երեւոյթ  մըն է միջինարեւելեան  մեր  աշխարհի պետութիւններուն համար:


Կիրակոս Գույումճեան

(Քուէյթաբնակ հետազօտող, հրապարակագիր)