image

Դաւիթի աշտարակին մէջ բացուած է արձանագործ Կարէն Սարգսեանի ինքնատիպ ցուցահանդէսը

Դաւիթի աշտարակին մէջ բացուած է արձանագործ Կարէն Սարգսեանի ինքնատիպ ցուցահանդէսը

Երուսաղէմի Հին քաղաքի պատերուն մէջ բացուած ութ դարպասներէն մէկն է Եաֆայի դարպասները, ինչ որ քրիստոնէական ու հայկական թաղամասերու գլխաւոր դարպասը կը նկատուի: Եաֆայի դարպասներէն ոչ հեռու, Երուսաղէմի մուտքին մօտ, կը գտնուի Դաւիթի աշտարակը՝ հին միջնաբերդը, որ կառուցուած է Ն. Ք. 2-րդ դարուն՝ Հին քաղաքին պաշտպանութեան եւ ռազմավարական թոյլ վայրերուն ամրացման նպատակով, այնուհետեւ քանդուած եւ վերակառուցուած է զանազան նուաճողներու կողմէ։

Դաւիթի աշտարակը իր կոչումը ստացած է բիւզանդացի քրիստոնեաներէն, որոնք կը կարծէին, թէ այդտեղ գտնուած է Դաւիթ թագաւորին պալատը։ Այսօր Դաւիթի աշտարակը ծանօթ վայր մըն է, ուր տեղի կ՚ունենան ձեռնարկներ, համերգներ, ժողովրդային տօնավաճառներ եւ լուսաձայնային ներկայացումներ՝ գրաւելով բազում մարդիկ:

Ահաւասիկ, 8 յուլիսին, Դաւիթի աշտարակին մէջ բացուած է ինքնատիպ եւ իր տեսակին մէջ եզակի ցուցահանդէս մը, որուն հեղինակը Հոլանտա բնակող հայաստանցի արձանագործ Կարէն Սարգսեանն է։

Կարէն Սարգսեան իր արուեստին մէջ կը գործածէ թուղթ եւ բնապաղլեղ՝ ալիւմինիում։ Այս ցուցահանդէսը, որուն անդրադարձած են իսրայէլեան եւ երուսաղէմեան մամուլը, գրաւած է Դաւիթի աշտարակը այցելողներուն ուշադրութիւնը թէ՛ գործածուած նիւթերով, թէ՛ կերպարներով, զորս կերտած է արուեստագէտը։ Կարէն Սարգսեան թուղթի եւ պաղլեղի միջոցաւ ստեղծած է Երուսաղէմի պատմութեան հերոսներուն արձանիկները, որոնք սակայն դասական արձաններ չեն, այլ նոր մօտեցումով կերտուած գերժամանակակից քանդակներ են՝ վառ ու ցայտուն: Անոր ընտրած կերպարները, զանազան ժամանակներու ընթացքին, զգալի ազդեցութիւն ունեցած են Երուսաղէմի վրայ: Պատմական կերպարներու ցուցադրուած քանդակներու շարքին են Իսրայէլի եւ Հրէաստանի միասնական թագաւորութեան երկրորդ արքայ, բանաստեղծ եւ երաժիշտ Դաւիթ արքան, Իմաստուն անունը կրած Սողոմոն թագաւորը, Պարսից արքայ Կիւրոս Մեծը, Երուսաղէմի խաչակիրներու թագուհի Մելիսենդան, Օսմանեան կայսրութեան մեծագոյն սուլթան Սիւլէյման Առաջինը, նկարչուհի Աննա Տիխոն եւ այլք։

Դաւիթի աշտարակի միջնաբերդի թանգարանին մէջ Կարէն Սարգսեանի ցուցահանդէսը կը կրէ «Քար, թուղթ, մկրատ» խորագիրը (Rock, Paper, Scissors)։ Հակառակ անոր որ կերպարները մաս կը կազմեն Երուսաղէմի պատմութեան, սակայն Կարէն Սարգսեան ըսած է, թէ ինք չի մեկուսացներ հրեաներուն պատմութիւնը ընդհանուր պատմութենէն, քանի որ, իր խօսքով, անիկա ընդհանուր մեծ բան մըն է, ընտրուած հերոսները ընդհանուր պատմութեան մէկ մասը կը կազմեն:

Հայ արուեստագէտ Կարէն Սարգսեանի ցուցահանդէսին առթիւ, մամուլին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, թանգարանի ղեկավար եւ այս ցուցահանդէսին ընդհանուր համադրողը՝ Էյլաթ Լիպէր ըսած է․

«Սարգսեանի այս նոր աշխատանքները, որոնք մասնաւորապէս ստեղծուած են ցուցահանդէսին համար, բացառիկ ու ժամանակակից ձեւով կը մեկնաբանեն Երուսաղէմի պատմական կերպարները»։ Լիպէր մեկնաբանած է, որ միջնաբերդի թանգարանին մէջ ցուցադրուող ժամանակակից արուեստի գործերը տեսողական եղանակով կ՚արտայայտեն այն յոյսերը, ազդեցութիւնները, նախատեսումներն ու մարտա-հըրաւէրները, որոնք հազարաւոր տարիներ ուղեկցած են քաղաքի պատմութեան: Իսկ Երուսաղէմի պատմութիւնը բացառիկ է, եւ բազմաթիւ արուեստագէտներ, դարերու ընթացքին, անդրադարձած են երեք կրօններու այս հնագոյն կեդրոնին։ Այդ գայթակղութիւնը չէ շրջանցած նաեւ Կարէն Սարգսեան։

Իր արձանիկները կերտելու համար Սարգսեան եւ իր կինը Երուսաղէմ ժամանած են երեք ամիս առաջ՝ իրենց հետ տանելով 100 քիլօկրամ բնապաղլեղ եւ աւելի քան 2500 դանակ ու մկրատ, որոնց միջոցով պատրաստուած են աշխատանքները՝ տախտակ հիմքի վրայ։

Հայրենի արուեստագէտ Կարէն Սարգսեանի ձեռագրին շնորհիւ քանդակները իրական կը թուին, քանի որ կենդանի դիմախաղ, մարմին եւ բնական ձեռքերու պէս ձեռքեր ունին: Այցելուները խոստովանած են, որ կը թուի, թէ քանդակները պատրաստ են շարժելու եւ յառաջանալու։

Այս ինքնատիպ եղանակով աշխատելու ոճը Կարէն Սարգսեանի մօտ ձեւաւորուած է Ամսթերտամի ծանօթ Ռիջկսակադեմի գեղարուեստի դպրոցին մէջ ուսանելու տարիներուն, երբ Հայաստանի մէջ եղած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներուն պատճառով, Սարգսեան ընտանիքին հետ, տեղափոխուած է Ամսթերտամ:

Կարէն Սարգսեան արձանաշինութեան իր նոր ժանրը կը վերագրէ բռնցքամարտէն ներս ունեցած անցեալի փորձին եւ քոլէճի ուսումնառութեան տարիներուն սերտած մարդակազմութեան դասընթացքներուն, որոնք օգնած են հասկնալ մարդկային մարմնին շարժումները:

Սակայն Կարէն Սարգսեան առաջին անգամ թուղթով աշխատած է քսան տարի առաջ, երբ ան օդանաւեր եւ մարդկային մարմնի մասեր պատրաստելու փորձեր կը կատարէր: Ան կերտած է բազում թուղթէ արարածներ, որոնք լի են զգացումներով, երբեմն ցաւով ու տառապանքով։ Այդ ժամանակէն ի վեր, այսօր 45-ամեայ Կարէն Սարգսեան միջազգային ասպարէզ յայտնուած է ցուցադրելով իր աշխատանքները այնպիսի նշանաւոր վայրերու մէջ, ինչպիսիք են՝ Լոնտոնի «Թէյթ մոտերն» թանգարանը, Ֆրանսայի «Փոմփիտու» կեդրոնը։ Իր այս աշխատանքներով ան արժանացած է մրցանակներու, հետաքրքրական գնահատականներու։

Ուսումնասիրելով Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած եւ պատմութեան մէջ ծանօթ այն հերոսները, որոնք օգնած են հրեաներուն կամ իսրայէլացիներուն, Սարգսեանի համար տակաւին բացայայտելու շատ բան կայ։ Ան ուսումնասիրած է ոչ միայն աստուածաշնչեան նիւթերը, կարդացած է Հին ու Նոր կտակարանները, այլեւ մանրամասնօրէն ծանօթացած է Դաւիթի աշտարակի պատմութեան, որ նախաքրիստոնէական ժամանակներէն կու գայ։

Ինչ կը վերաբերի ցուցահանդէսին, ապա արուեստագէտին հոլանտացի ընկերները եւ գործընկերները կը կարծեն, որ Իսրայէլի համար անսպասելի ցուցահանդէս մըն է։

«Ես կրօնական կամ քաղաքական միտումներ չունիմ: Ես այդ հարցին մօտեցած եմ որպէս սկսնակ՝ փորձելով պարզել Երուսաղէմի մէջ այդ մարդոց դերն ու ազդեցութիւնը», ըսած է Կարէն Սարգսեան: Արդիւնքը, ինչպէս տեսաբանները նկատած են, իւրաքանչիւր քանդակի վերջնական տեսքը նման է խրտուիլակի, որ պատրաստուած է սուր եզրերով բնապաղլեղէ թիթեղներով եւ շերտերով, ընդգծուած են դիմագիծը, մազերը, ձեռքերուն շարժումները եւ Սիւլէյմանի սաղաւարտին անհարթ եզրերը:

«Ես շուրջ երեք ամիս օր ու գիշեր, աշխատած եմ եւ Դաւիթի աշտարակը այսպիսի ցուցահանդէսի մը համար հիանալի ու անփոխարինելի վայր մըն է», ըսած է Կարէն Սարգսեան:

Նշուած վայրին մէջ մինչեւ հոկտեմբերի 1-ը բաց կը մնայ ցուցահանդէսը, որուն շրջանակներուն մէջ թանգարանի ղեկավարութիւնը երեխաներու, մեծահասակներու եւ ընտանիքներու համար յատուկ համաժողովներ եւ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ: Երեխաներուն համաժողովները նախատեսուած են ամառնային արձակուրդի օրերուն․ թանգարանին աշխատակիցները այցելու երեխաներուն կը պատմեն թուղթի գործածման բազմազան ձեւերու եւ փափուկ մետաղներով, տարբեր չափերով պատկերներ ստեղծելու վրայ:

Մեծահասակ այցելուներուն համար նախատեսուած են աւելի ճանաչողական շրջայցներ՝ պատմական օրերէն մինչեւ նոր ժամանակները։

*

Սարգսեանի աշխատանքներէն քանի մը հատը իրենց չափերով չեն զիջիր մարդկային մարմնին, հսկայ են եւ ազդու, մինչդեռ միւսները աւելի փոքր են, ինչպէս՝ ժամանակակից եբրայերէնի հայր նկատուող Էլիեզէր Պեն-Եհուտան՝ նստած իր գրասեղանին քով, կամ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի նշանաւոր նկարչուհի Աննա Տիխոն՝ նկարելու պահուն:

Յատկանշական է, որ Սարգսեանի ստեղծագործութեան մէջ Պեն-Եհուտան մեկնաբանուած է որպէս աւելի ժամանակակից կերպար՝ ստեղծուած սեւ, ճերմակ, դեղին եւ կարմիր ձեւընկալ բարակ թիթեղներէ: Հակառակ նոր մօտեցումին՝ Պեն-Եհուտային կերպարը ճանաչելի է ցուցահանդէսի իւրաքանչիւր այցելուին համար։ Իր ամբողջ կեանքը նուիրելով եբրայերէնի վե-րըստեղծման որպէս խօսակցական լեզու, անոր զարգացման եւ հարստացման, Պեն-Եհուտան ծանօթ է բոլոր հրեաներուն եւ եբրայերէն ուսումնասիրողներուն։ Որպէս մայրենի լեզու դառնալու եբրայերէնի վերածնունդի ձեռնարկման սկսած է 19-րդ դարուն: Էլիեզէր Պեն-Եհուտա միացած է հրէական ազգային շարժումին եւ 1881-ին գաղթած է Պաղեստին, որ այն ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր: Անոր նպատակն էր գրական եւ կղերական լեզուն դարձնել ամենօրեայ խօսակցական գործածութեան լեզու մը: Անոր կազմակերպչական ջանքերու եւ դպրոցներ հիմնելու եւ դասագիրքեր գրելու ներգրաւուածութիւնը՝ խթանեց լեզուին լայն տիրապետումը: 1922 թուականին, երբ բրիտանական պաշտօնագրին շնորհիւ եբրայերէնը անգլերէնի եւ արաբերէնի հետ դարձաւ Պաղեստինի երեք պաշտօնական լեզուներէն մեկը, անոր նոր կարգավիճակը նպաստեց տարածումին:

Թէեւ ոմանք այս ջանքերը կը գնահատէին ցնորական (քանի որ եբրայերէնը կը համարուէր Թորահի սուրբ լեզու եւ, հետեւաբար, անիկա չէր կրնար գործածուիլ առօրեայ կեանքին մէջ), շատեր շուտով հասկցած են հրեաներու շրջանին մէջ ընդհանուր լեզուի անհրաժեշտութիւնը՝ 20-րդ դարուն զանազան երկիրներէն մեծ թիւով եկողներու եւ ուրիշ լեզուներով խօսողներուն համար: Հիմնուեցաւ Եբրայերէնի կոմիտէ, որ Իսրայէլի հիմնադրումէն ետք դարձաւ Եբրայերէնի ակադեմիա: Պեն-Եհուտայի ցանած սերմերը ինկած էին պարարտ հողին մէջ եւ 20-րդ դարասկիզբէն եբրայերէնը իր ճանապարհը հարթեց իբրեւ հրեաներու հաղորդակցութեան լեզու: Այս պատմութիւնը կը պատմուի ցուցահանդէսի այցելուներուն, ինչպէս նաեւ այլ պատմութիւններ կը պատմուին միւս կերպարներու մասին:

Արուեստագէտ Կարէն Սարգսեան խոշոր մարմինով յայտնի նկարիչ, մեծ մտաւորական Աննա Տիխոն կերտած է գունապնակը ձեռքին՝ վարդագոյն, մանիշակագոյն ու կանաչ թիթեղներով, կոշտ եւ բարակ ժապաւէններով՝ հակադրութեան մէջ դնելով իրական կերպարը՝ երեւակայականին հետ։

Հետաքրքրական է, որ Երուսաղէմի Հին քաղաքի Դաւիթի աշտարակին մէջ, ուր այսօր կը ցուցադրուի Աննա Տիխոյին արձանը, անցեալ դարասկիզբին ինքը՝ Տիխոն ցուցադրուած է՝ արժանանալով հետա-տաքըրքրութեան։ 1922 թուականին կայացած նկարիչներու պատմական ցուցահանդէսին ցուցադրուած են նաեւ Աննա Տիխոյի աշխատանքները։

*

Աննա Տիխոն ծնած է 1894 թուականին, Մորավիոյ մէջ, այն ժամանակուան Աւստրօ-Հունգարական տարածքը: 15 տարեկանին Վիեննայի մէջ սկսած է գեղանկարչութիւն ուսումնասիրել: Այնուհետեւ Աննա Տիխօ ամուսնացած է իր ազգական, ծանօթ բժիշկ-ակնաբոյժ Աւրամ Տիխոյի հետ եւ 1912 թուականին, ամուսինին հետ տեղափոխուած է Պաղեստին:

1914 թուականին Տիխոներուն ընտանիքը Երուսաղէմի Մէա Շէարիմ շրջանին մէջ բացած է մասնաւոր հիւանդանոց մը: 1924 թուականին ընտանիքը կը գնէ նախկինին յայտնի արաբական Նաշաշիպի ընտանիքին պատկանող Եաֆֆօ եւ Խա-Նեւիմ փողոցներուն միջեւ գտնուող 1864 թուականին կառուցուած տունը, ուր տեղաւորուած էր անոնց մասնաւոր դարմանատունը։ Բացի բուժումէն, բժիշկ Տիխօ կը զբաղէր գիտահետազօտական աշխատանքներով, եւ անոր հետազօտութիւնները միջազգային ճանաչում ստացած էին։ Տքթ. Տիխոյի անունը եւ դարմանատան համբաւը մեծ ճանաչում ունէին ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին: Տիխոներուն երուսաէմեան ընտանիքին հիւրերը կ՚ըլլային հանրաճանաչ երաժիշտներ, բանաստեղծներ եւ նկարիչներ: Անոնց ընտանիքէն ներս կը հիւրընկալուէին հռչակաւոր անձնաւորութիւններ, օծտինը, Էֆրայիմ Քացիր, Մարտին Պուբպէր, Մարք Շակալ եւ այլք:

1930-ական թուականներուն Տիխոներուն տան մէջ սկսան հաւաքուիլ Գերմանիայէն Պաղեստին հայրենադարձած մտաւորականներ: Աննա Տիխօ կը ստեղծագործէր՝ նկարելով մատիտով, իսկ դիմանկարներուն համար յաճախ կեցուածք կ՚ընդունէին դարմանատան յաճախորդները։ Ան ստեղծագործած է նաեւ բնանկարի ժանրով:

1933-1934 թուականներուն Աննա Տիխօ օժանդակած է 1906 թուականին հիմնադրուած, բայց 1929 թուականին, տնտեսական հարցերուն պատճառով փակուած «Պեցալել» արուեստի ակադեմիոյ աշխատանքներուն վերականգնման:

1970 թուականին Աննա Տիխօ ստացած է Երուսաղէմի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում, 1980 թուականին պարգեւատրուած է Իսրայէլի մրցանակով:

Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին մտաւորական այս կինը բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Իսրայէլի եւ արտասահմանի մէջ: Անոր ստեղծագործութիւններուն հիմնական նիւթը եղած է Հրէական բլուրները: Իր ամուսինին հետ անոնք կը նկատուէին հրէական բարձր մտաւորականութեան ներկայացուցիչները։ Տքթ. Տիխօ մահացած է 1960 թուականին: Կինը, որ այլեւս չէր աշխատեր իր ամուսինին ակնաբուժական դարմանատան մէջ, սկսած է նկարել Երուսաղէմի բնանկարներ եւ մարդոց դիմանկարներ: Ամուսինին մահէն ետք տան մեծ մասը վարձակալութեան տուած է նշանաւոր մարդոց եւ ապրած ու ստեղծագործած է մինչեւ 1980 թուականը՝ մահէն առաջ իր տունը յանձնելով Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւններուն։ Անոր մահէն ետք տան մէջ մնացած է Երուսաղէմի բնակիչներուն համար ստեղծուած նկարներուն հաւաքածոն, որ յարգանքի տուրք էր իր սիրած քաղաքին: Այսօր պատմական նշանաւոր այդ տան երկրորդ յարկէն ներս կը գործէ Տիխոյի տուն-թանգարանը, իսկ առաջին յարկը սրճարան է, ուր նաեւ համերգներ կը կազմակերպուին, եւ ամբողջ կառոյցէն ներս պահպանուած է Երուսաղէմի քաղաքային միջավայրը։

Տիխոյի տուն-թանգարանը կը գտնուի Իսրայէլի թանգարանի տնօրէնութեան հովանիին ներքոյ եւ կը նկատուի անոր հիմնական ցուցադրութիւններուն մասը: Թանգարանէն ներս, բացի Աննա Տիխոյի ստեղծագործութիւններէն, ներկայացուած են Տքթ. Տիխոյի մենորայի՝ եօթթեւանի աշտանակներու հաւաքածոն, որ ան ամբողջ կեանքի ընթացքին ժողված է, եւ այդ նշանը 1949 թուականէն ի վեր արդէն Իսրայէլի Հանրապետութեան զինանշանն է: Ցուցադրուած են նաեւ Տքթ. Տիխոյի բժշկական գործիքները, հարուստ գրադարանը, ինչպէս նաեւ ամուսիններուն կեանքին մասին պատմող վաւերագրական նիւթեր։

Ինչպէս Տիխոյի տունը, այնպէս ալ Դաւիթի աշտարակը Երուսաղէմի պատմական վայրերէն են, որ առանձնակի խնամք եւ հոգատարութիւն կը վայելեն քաղաքի իշխանութիւններու եւ բնակիչներու կողմէ:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս