image
Հրատապ լուրեր:

Յակոբ Հոլոբիկեանի «Անմոռանալի Անցեալ»ը

Յակոբ Հոլոբիկեանի «Անմոռանալի Անցեալ»ը

Յակոբ Հոլոբիկեանի հեղինակած յուշագիրքին` «Անմոռանալի Անցեալ»ի խմբագիրը` Արման Նազարեան, գիրքի նախաբանին մէջ կ'ըսէ, որ թրքական քարոզչութիւնը անցեալին եւ այսօր յամառօրէն կը շարունակէ ժխտել Հայասպանութեան փաստը, ընդունելով հանդերձ, որ 1915-ին Թուրքիոյ մէջ պատերազմական պայմաններու տակ տեղահանութիւններ տեղի ունեցած են եւ ցաւալի դէպքեր պատահած երկուստեք: Թուրքերը միշտ խուսափած են ցեղասպանութիւն կոչելէ այդ իրադարձութիւնները եւ ընդունելէ իրենց գործած ոճիրը: Նազարեանի դիպուկ արտայայտութեամբ` ՙՄեծ Ոճիրը մեծ սուտ է ծնել՚: Ան հայոց կը թելադրէ պայքարիլ Հայասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը միջազգային կարծիքին առջեւ բերելու համար: Այս պայքարին մէջ կարեւոր դեր կը խաղան Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու յուշագրութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հայոց կանխամտածուած ցեղասպանութիւնը վկայող փաստաթուղթ մըն է ինքնին եւ զօրաւոր ամբաստանագիր մը թուրքին դէմ:

Այդ յուշագրութիւն-ամբաստանագիրներէն է «Անմոռանալի Անցեալ»ը, որուն հեղինակը` Յակոբ (Հրաչ) Հոլոբիկեան (1902-1990) ծնած ու մինչեւ 1915 թուականը ապրած է բռնագրաւուած Հայաստանի արեւմտեան հատուածի Խարբերդի նահանգի Չարսանճագի գաւառի Բերրի քաղաքին մէջ: Այնուհետեւ ընտանեօք բռնագաղթեցուած է հայրենի տունուտեղէն եւ ճաշակած աքսորականի ամբողջ տառապանքը տակաւին պատանի հասակին մէջ: Տարագրութեան գեհենի ճամբաներուն վրայ ան կորսնցուցած է հայրն ու բազմաթիւ հարազատներ եւ վերջապէս ժամանակաւոր ապաստան գտած է Սուրիոյ մէջ: Յակոբ Հոլոբիկեան 1925-ին հայրենադարձած է Խորհրդային Հայաստան: Ան Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ 1927-ին հանդիպած է գերմանացի գրող Արմին Վեկներին եւ անոր պատմած իր կեանքին ոդիսականը: Աւելի ուշ Հոլոբիկեան գրի առած է իր յուշերը եւ մտադրած զանոնք հրատարակել գրքոյկով մը, որովհետեւ ինչպէս կþըսէ ան. ՙԻնձ համար կարեւորը այն է, որ մեր պատմութեան միջից չկորչեն այդ ահաւոր փաստերը, որոնք միայն ինձ չեն պատկանում, այլեւ մեր ժողովուրդին՚:

Յուշերու այս գրքոյկը գեղարուեստական գրականութիւն չէ, այլ, ինչպէս կ'ըսէ հեղինակը, փաստերու նկարագրութիւն մը` պարզ, պատմողական ոճով: Ան սրտի կսկիծով կը յիշէ Չարսանճագի գաւառի եւ մասնաւորաբար իր ծննդավայր Բերրիի ՙմահասարսուռ դէպքերը, որոնց զոհ գնացին աւելի քան երեսուն հազար հայեր, աւերակոյտի վերածուեցին 64 հայաբնակ շէն գիւղերն ու Բերրի քաղաքը՚: Վերջինս ունէր 700 տուն բնակչութիւն, որուն հարիւրը միայն թուրքեր էին:

Յակոբ Հոլոբիկեան իր ծննդավայրին մասին կը վկայէ. ՙԲերրին, լինելով Չարսանճագի կառավարական, հոգեւոր եւ առեւտրական կեդրոնը, այնուամենայնիւ չունէր հիւրանոց: Սակայն դրա կարիքն այնքան էլ չէր զգացւում՚, որովհետեւ երբ շրջակայ գիւղերէն հայ մը կամ քիւրտ մը քաղաք գար, կը մնար իրեն բարեկամ հայու մը տունը, ուր ոչ միայն կը գիշերէր, այլեւ կը կերակրուէր: Հիւրասիրութիւնը բերրիցիներուն համար տարածուած սովորութիւն էր: Ձմրան ամիսները հայերը իրարու տուն կþերթային որեւէ առիթով, խնճոյք կը սարքէին ու ժամանակը կերուխումով կþանցընէին: Ամառները այդպիսիք կը կատարուէին այգիներու կամ գետեզերքի պարտէզներուն մէջ:

Յուշագիրքի առաջին մասին մէջ Հոլոբիկեան կը խօսի Բերրիի աշխարհագրութեան եւ բնակչութեան նիստ ու կացին մասին: Յակոբին հայրը` Մանուկը, դարբին էր, իսկ մայրը տան գործերով կը զբաղէր: Յակոբ ունէր եղբայր մը` Ասատուր եւ քոյր մը` Լուսիա անուններով:

Երբ 1914-ի ամառը Առաջին Համաշխարհային պատերազմը կը սկսի, իշխանութիւնները երիտասարդ ու միջին տարիքի թուրքերն ու հայերը բանակ կը տանին:

1915-ի առաջին ամիսներէն օր մը Յակոբենց հայրենակիցներէն մէկը` Տիգրան Չաքմաքճեան, բանակէն փախուստ կու տայ: Ան կը պատմէ, որ իր ծառայած վայրէն քիչ մը անդին թուրքերը հայ զինուորները զինաթափ ընելով սպաննած են:

Օսմանեան բանակէն հայ զինուորներու փախուստի դէպքերը կը բազմանան: Թուրքերը ծուռ աչքով կը դիտեն հայերը, իբրեւ հայրենիքի դաւաճան, հակառակ այն իրողութեան, որ թուրք երիտասարդներ աւելի մեծ թիւերով դասալիք կþըլլային:

1915-ի Մայիսի վերջին թուրք վոհմակը հայոց առաջնորդարանը ներխուժած էր` զէնք եւ յեղափոխական գրականութիւն յայտնաբերելու եւ գրաւելու պատրուակով: Յունիսի սկիզբը Յակոբ դրացիի տան տանիքին վրայ կը նշմարէ ոստիկան Մուսթաֆան եւ ալպանացի Ահմէտ օնպաշին (տասնապետ): Քիչ ետք ոստիկանները Յակոբենց տունը կը մտնեն ու բոլոր սենեակները կը խուզարկեն: Արգիլուած բան մը չգտնելով, ոստիկանները կը սկսին Մանուկը ծեծել եւ անկէ զէնք պահանջել: Յակոբ Հոլոբիկեան կþըսէ. ՙՆերսի սենեակի պատից կախուած որսորդական հրացանը յափշտակելուց յետոյ պահանջում էին մաուզեր, ռուսական մոսին հրացան, գերմանական տասանոց, որ հայրս չունէր՚: Թուրքերը Մանուկը կը ձերբակալեն եւ անոր կինը քովի սենեակին մէջ կը բանտարկեն: Յակոբ, իր եղբայրն ու քոյրը առնելով, Գրիգոր հօրեղբօր քով կþերթայ:

Այդ օրը ձերբակալուած էր շուրջ 400 հայ երիտասարդ, որոնք թուրքերը 100 հոգիի բաւող սրահի մը մէջ թխմած էին եւ տաք եղանակին անօթի ու ծարաւ ձգած զանոնք: Յաջորդ օրը քաղաքին գայմագամ (կառավարիչ) Ատհամ պէյի հրամանով, ոստիկանները 400 կալանաւորուածները Բերրիէն 10-12 քիլոմեթր հեռու գտնուող Թլա բերդը կը տանին ու զանոնք սաստիկ չարչարելէ յետոյ անոնց մէկ մասը կը սպաննեն: Նոյն օրը թուրքերը Մանուկը ազատ կþարձակեն քանի մը հոգիի հետ:

Օրեր ետք, մունետիկը քաղաքի փողոցներուն մէջ կը յայտարարէ բռնագաղթի որոշումը` պահանջելով պատրաստուիլ: Առաջին կարաւանը պիտի տարագրուէին Ամերիկա ազգական ունեցողները, որոնցմէ էր Մանուկ Հոլոբիկեանը: Քանի մը թուրք եւ քիւրտ բարեկամներ Մանուկին կþայցելեն իր տան մէջ եւ անոր օգնութիւն կþառաջարկեն:

Յունիսի վերջերուն առաջին կարաւանը ճամբայ կþելլէ: Մանուկ իր կինն ու զաւակները առած` կը յառաջանայ: Օրերով կը քալեն: Յուլիսի տաք եղանակին, երբ կարաւանը Վերին Ղազանտերէ քրտական գիւղը կը հասնի, Մանուկին քիւրտ բարեկամը` Քիրվա Ալին, որ կարաւանին կþընկերանար, յարմար պահուն Մանուկի կինն ու զաւակները կþազատէ կարաւանէն եւ նոյն գիւղին մէջ գտնուող իր բարեկամին տունը կը տանի: Յաջորդ օրը տանտիրուհին` Կիւլլիւ Յակոբն ու Ասատուրը գիւղի հովիւին` քիւրտ Չոպան Հասանին հետ ոչխարները արածելու կը ղրկէ: Կիւլլիւ իրեն հետ կþառնէ Յակոբը, Ասատուրն ու քիւրտ Հասանը եւ կþերթայ Բալուի բանտը` իր ամուսինին այցելութեան, որ բանտարկուած էր բանակէն դասալիք ըլլալուն համար: Երբ Բալու կը հասնին, Կիւլլիւ Յակոբն ու Ասատուրը իրեն բարեկամ քիւրտի մը տունը կը ձգէ եւ Չոպան Հասանի հետ բանտ կþերթայ: Վերադարձին Կիւլլիւ չþուզեր Յակոբն ու Ասատուրը իրեն հետ տանիլ, ուստի զանոնք անտէր կը թողու Բալուի մէջ: Յակոբ շատ կը պնդէ ու ճարպիկութեամբ կը համոզէ Կիւլլիւն, որ վերջապէս կը յօժարի զանոնք իրեն հետ տանիլ իր տունը` Ղազանտէրէ: Անոնք ճամբան հանդիպած էին Վանէն դէպի Խարբերդի կողմերը փախչող թուրք մուհաճիրներու, որոնք պատմած էին իրենց թշուառութեան մասին: Այդ պատումներէն ազդուելով, Չոպան Հասան հայոց դէմ կը լարուի եւ վերադարձի ճամբուն վրայ կը մտադրէ, իբր վրէժ, Յակոբն ու Ասատուրը սպաննել: Երբ ան իր մտադրութիւնը Կիլլիւին կը յայտնէ, վերջինս չի թողուր անոր, որ գործադրէ իր որոշումը:

Թուրք ոստիկան մը Մանուկի չորս տարեկան դուստրը` Լուսիան, Կիւլլիի տունէն կþառեւանգէ ու իր տունը` Բերրի կը տանի:

Մանուկ քանի մը լաւ թուրք բարեկամներ ունեցած էր: Անոնք Մանուկի կինն ու փոքր տղան` Ասատուրը Բերրի կը տանին, իսկ Յակոբը` Մեծկերտ աւան: Ամբողջ պատերազմի տեւողութեան Յակոբ հոսկէ հոն կը տեղափոխուի: Յակոբ ականատես կը դառնայ Խարբերդի արեւելեան շրջանի հայոց վրայ տերսիմցի քիւրտերու յարձակման: Ան ատեն մը Տերսիմ կþապաստանի: Վերջապէս Խարբերդի մէջ իր մայրն ու եղբայրը գտնելով, հոն կը մնայ մինչեւ 1922:

Քեմալական ուժերը Յակոբը կը զինուորագրեն ու զօրանոց-հաւաքակայան կը տանին: Յակոբ կը յաջողի ձեւով մը փախուստ տալ զօրանոցէն եւ «Յակոբ անունով ուրֆացի յանդուգն երիտասարդի մը ուղեկցութեամբ, անյայտ ճամբաներով մեծ դժուարութեամբ, գիշերները քալելով, ցերեկները խորը ձորերում թաքնուելով, վեց օր տեւող արկածալի ճամբորդութիւնից» յետոյ, կը հասնի Հալէպ: Քանի մը ամիս ետք ան կը գտնէ իր մայրն ու եղբայրը եւ մինչեւ 1925 միասին կþապրին: Մայրն ու Ասատուր եղբայրը միասին Մարսէյլ կը մեկնին, իսկ Յակոբ Հալէպ կը մնայ` յետագային անոնց միանալու յոյսով: Պայմանները կը փոխուին եւ այնպէս կը դասաւորուի, որ Յակոբ քանի մը ամիս ետք կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան ու հոն կը հաստատուի:

Յակոբ Հոլոբիկեանի պատումին մէջ կը հանդիպինք ուշագրաւ կէտի մը, որ պէտք է լուսարձակի տակ առնենք: Ինչպէս գրեցինք, Ղազանտերէ գիւղին քիւրտ հովիւը` Չոպան Հասան Ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպած էր Վանէն փախուստ տուող թուրքերու, որոնց պատումներէն ազդուելով, մտադրած էր վերադարձի ճամբուն վրայ Յակոբն ու Ասատուրը սպաննել իբր վրէժ: Ան իր մտադրութիւնը յայտնած էր Կիւլլիին, որ արգիլած էր Հասանին այդ բանը ընել,  ըսելով թէ իրենց տան մէջ Յակոբին եւ Ասատուրին հետ հաց կիսած են եւ նման բան մը իրենց սովորութիւններուն դէմ պիտի ըլլար:

Ահաւասիկ քիւրտին ապերախտ էութիւնը...

Քիւրտերու եւ հայոց միջեւ այսպիսի միջադէպերը բազմաթիւ են, երբ քիւրտերը, յաճախ, իրենց հակահայ նենգ մտադրութիւնը գործադրելով` բազմաթիւ անմեղ հայեր սպաննած են... Մինչեւ օրս շատ հայեր քիւրտը կþընդունին իբրեւ հաւատարիմ բարեկամ ու կը մոռնան, որ թուրքին հաւասար հայասպան մըն է ան: Բռնագրաւուած Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ քիւրտերը հաւասարապէս բաժին վերցուցին Հայասպանութեան մէջ:

Այս պատմական փաստը յիշեցնելով, կþուզեմ զգուշացնել այն բոլոր հայերը, որոնք քիւրտը իբրեւ բարեկամ կþընդունին. այդպէս ընելով, դուք կը հեռանաք պատմական ճշմարտութենէն, առողջ գիտակցութենէն ու դատողութենէն: Պէտք չէ անտեղի ու սխալ զգացումներով տարուիլ: Պատմագիտութեան դոկտոր, Լունտ համալսարանի դասախօս Վահագն Աւետեանը 2017-ին կը յայտարարէր. «1800-ական թուականներուն վերջերը, մասնաւորաբար 1890-ին եւ ետքը, թրքական կառավարութիւնը օգտագործեց քիւրտերը հայոց դէմ: Զինեալ քիւրտեր հայ հողագործներէն ապօրինի տուրքեր սկսան պահանջել: Երբ հայերը մերժեցին վճարել, քիւրտերը անոնց վրայ յարձակեցան եւ անոնցմէ շատերը սպաննեցին: 1915-ի ցեղասպանութեան օրերուն կառավարութեան կողմէ զինուած ու ղրկուած քրտական ցեղեր յարձակեցան հայոց բռնագաղթի կարաւաններուն վրայ, կողոպտեցին զանոնք իրենց բոլոր ունեցածներէն»: Աւելցնենք, որ քիւրտերը հայ գաղթականները յաճախ կը մերկացնէին եւ ապա կը սպաննէին: Քիւրտերն ու թուրքերը կողոպտեցին նաեւ հայոց լքուած տուները, շատ վայրերու մէջ քանդեցին զանոնք կամ կրակի տուին, որպէսզի հայերը չկարենան վերադառնալ: Նոյնը կատարեցին ու դեռ կը շարունակեն կատարել հայոց տուներու պատերուն կամ գետնին տակ թաղուած գանձերը գտնելու յոյսով: Ճիշդ է, որ կարգ մը վայրերու մէջ քիւրտեր հայ անհատներու օգնած են, բայց այս տեսակի դէպքերը շատ սահմանափակ են ու աննշան եւ բնաւ հիմք չեն կրնար ծառայել այդ դրական երեւոյթը ընդհանրացնելու համար:

Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքագէտներէն Ահմէտ Թիւրք կը խոստովանի, որ քիւրտերը Հայասպանութեան մէջ իրենց բաժինն ունեցած են թուրքերու կողքին եւ ներողութիւն խնդրած է հայ ազգէն: Ան կ'աւելցնէ. «Մեր հայրերն ու պապերը օսմանցիներու կողմէ օգտագործուած են ասորիներու եւ եզիտիներու ինչպէս նաեւ հայոց դէմ: Անոնք հալածած են այս ժողովուրդները: Անոնց ձեռքերը արիւնի մէջ թաթխուած են: Մենք` անոնց յետնորդները, ներողութիւն կը խնդրենք»:

Մինչեւ այսօր նմանատիպ մասնակի խոստովանութիւններ եղած են: Պարբերաբար կ'իմանանք, որ քիւրտեր զղջացած են հայոց դէմ վայրագութիւններ գործադրած եւ հայեր սպաննած ըլլալու համար ու ներկայիս կþուզեն բարեկամանալ: Այդ զղջումները ցարդ պաշտօնական հանգամանք չունին եւ որեւէ օգուտ չեն բերեր Հայ Դատին: Այս ինքնախոստովանութիւնը բնաւ բաւարար չէ: Պայման է, որ քիւրտերը պաշտօնապէս ճանչնան Հայասպանութիւնը, խորապէս ու անկեղծօրէն զղջան իրենց ծանրագոյն յանցագործութեան համար, պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեն հայ ազգէն ու ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ կատարեն: Առանց հատուցման` Հայոց Ցեղասպանութեան համար թուրքերու եւ քիւրտերու ներողութիւնը անիմաստ է, լարուած թակարդ Հայ Դատին դէմ:

 

Յարութիւն Իսկահատեան