image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ եւ Պոլթըն կ՛ոտնահարեն Միջազգային Քրէական Դատարանի իրաւունքները

Թրամփ եւ Պոլթըն կ՛ոտնահարեն Միջազգային Քրէական Դատարանի իրաւունքները

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Բազմաթիւ ամերիկացիներ եւ օտարազգիներ ամբողջ աշխարհի մէջ մեծ մտահոգութեամբ կը  հետեւէին նախագահ Թրամփի՝ իր ընտրութենէն ի վեր կատարած անտրամաբանական յայտարարութիւններուն եւ ապակառուցողական որոշումներուն:

 

Նախագահին՝ ազգային եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ վարած քաղաքականութիւնը Միացեալ Նահանգները դարձուցած է ծիծաղի առարկայ, ամբողջ աշխարհի տարածքին: Վերջին օրինակը՝ Սպիտակ տան ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճան Պոլթընի յայտարարութիւնն է այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի չհամագործակցի Միջազգային քրէական դատարանի հետ, թոյլ պիտի չտայ դատարանի դատաւորներուն այցելել Ամերիկա, այլեւ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ ամերիկեան դրամատուներու մէջ պահ դրուած անոնց հաշիւներուն վրայ եւ դատ պիտի բանայ անոնց դէմ, ամերիկեան դատարաններու մէջ:

 

Ըստ Ուիքիփետիայի՝ «Միջազգային քրէական դատարանը (ՄՔԴ) միջ-կառավարական կազմակերպութիւն եւ միջազգային դատարան է, որուն նստավայրը կը գտնուի Հաակայի մէջ, Հոլանտա: ՄՔԴը իրաւասու է դատապարտելու անհատներուն միջազգային յանցանքները՝ ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքներու եւ պատերազմական յանցանքներու ծիրէն ներս: ՄՔԴը կոչուած է լրացնելու գործող ազգային դատական ​​համակարգերը եւ, հետեւաբար, իր իրաւասութիւնը կրնայ իրականացնել միայն յստակ պայմաններու պահպանման պարագային, օրինակ, երբ ազգային դատարանները չեն ուզեր կամ չեն կրնար հետապնդել մեղադրեալներ եւ կամ, երբ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը կամ առանձին պետութիւններ կը դիմեն դատարան: Միջազգային քրէական դատարանը կը գործէ 1 Յուլիս 2002էն՝ Հռոմի կանոնադրութիւնը ուժի մէջ մտնելէն ի վեր: Անիկա բազմակողմանի պայմանագիր է, որ կը ծառայէ որպէս ՄՔԴի հիմնարար եւ կառավարման փաստաթուղթ: Այն պետութիւնները, որոնք մասնակից կը դառնան Հռոմի կանոնադրութեան, օրինակ, զայն վաւերացնելու միջոցով, կը դառնան ՄՔԴի անդամ պետութիւններ: Ներկայիս կան 123 պետութիւններ, որոնք մասնակից են Հռոմի կանոնադրութեան եւ, հետեւաբար, կը հանդիսանան ՄՔԴի անդամներ»:

 

Նախագահ Թրամփի ազգային հարցերով խորհրդական Ճան Պոլթըն 10 Սեպտեմբեր 2018ին քննադատական խիստ ելոյթով մը մերժեց ՄՔԴի իրաւասութիւնը, յատկապէս այն պարագաներուն համար, որոնք մեղադրանքներ կը ներկայացնէին Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն, մասնաւորաբար Իսրայէլի դէմ:

 

Պոլթըն եւ անոր մեծաւորը զայրացած էին ՄՔԴի՝ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զինուորներու կողմէ կատարուած կարելի բոլոր յանցանքներու եւ Պաղեստինի ազգային իշխանութեան կողմէ Իսրայէլի դէմ յարուցուած մեղադրանքներու հետապնդումով: Ամերիկեան ուժերու դէմ դատական որեւէ ​​գործողութիւն կանխարգիլելու համար, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ պարտաւորեցնող պայմանագիրներ կնքած է 100 երկիրներու հետ, որոնք ԱՄՆի անձնակազմէն որեւէ մէկը պէտք չէ յանձնեն Միջազգային քրէական դատարան: Ասկէ բացի, Միացեալ Նահանգներ Ուաշինկթընի մէջ փակած է Պաղեստինի ներկայացուցչութիւնը, վերջինիս կողմէ Միջազգային քրէական դատարանին իսրայէլական հնարաւոր խախտումներու դեմ մեղադրանքներ ներկայացուած ըլլալուն պատճառով: Այս մէկը հետեւեցաւ Սպիտակ տան՝ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու որոշման, այսպիսով վերացնելով Միացեալ Նահանգներու բոլոր կարելիութիւնները` պաղեստինեան իշխանութիւններու եւ Իսրայէլի միջեւ հանդէս գալու որպէս չէզոք միջնորդ:

 

Պոլթըն հինգ պատճառ նշած է՝ Միջազգային քրէական դատարանի հետ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութենէն հրաժարելու համար. 

 

Առաջին պատճառը՝ Պոլթընի այն պնդումն է, որ ՄՔԴը «կը սպառնայ ամերիկեան ինքնիշխանութեան եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան շահերուն: Հաակայի դատախազը, ըստ էութեան, հաւանութիւն կու տայ անհիմն որոշման՝ հետապնդելու եւ մեղադրելու մարդիկ, անկախ այն բանէն, թէ այդ մարդոց երկիրները միացա՞ծ են Հռոմի կանոնադրութեան, թէ՞ ոչ»: Պոլթընի պնդումը ճիշդ չէ: Նախ՝ Միացեալ Նահանգներու վաւերացուցած բոլոր միջազգային պայմանագիրները կը գերադասեն ազգային ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս օրինակ՝ Ցեղասպանութեան պայմանագիրը եւ շատ մը ուրիշներ: Երկրորդ, ՄՔԴը իրաւասութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն նկատմամբ միայն այն պարագային, երբ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը թոյլ կու տայ  դատարանին այդ ընելու: Թէեւ Միացեալ Նահանգներ ՄՔԴի անդամ չէ, սակայն Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն ​​անդամ է եւ որպէս այդպիսին վեթոյի իրաւունք ունի անոր որոշումներուն նկատմամբ: Եւ երրորդ, ՄՔԴը չի խառնուիր այն դատերուն, երբ հայրենի երկիր մը դատական գործ կը յարուցէ իր իսկ քաղաքացիներուն դէմ:

 

Պոլթընի երկրորդ առարկութիւնը այն է, որ «Միջազգային քրէական դատարանը իրաւասութիւն կը պահանջէ այնպիսի յանցանքներու համար, որոնք վիճելի եւ անորոշ սահմանումներ ունին՝ խորացնելով դատարանի անսահմանափակ իշխանութիւնը»: Պոլթըն մտահոգուած է, որ ՄՔԴի դատաւորները մեղադրանքներ կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու դէմ այնպիսի դէպքերու համար, ինչպիսին, օրինակ, 2017 թուականին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ ռմբակոծումն էր՝ հնարաւոր քիմիական զէնքի կիրառման պատճառով: Ինչպէս որեւէ այլ դատավարութեան պարագային, եթէ ապացոյցները վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներ ապօրինաբար գործած է, ապա պէտք է կայացուի համապատասխան վճիռ: Ոչ մէկ երկիր միջազգային իրաւունքէ վեր չի կրնար ըլլալ: Միացեալ Նահանգներ արդէն պաշտպանուած է նման դատական ​​գործերէ՝ ՄՔԴի անդամ չըլլալուն պատճառով: Ծիծաղելի է, որ տասնամեակներ շարունակ աշխարհի միւս երկիրներուն քարոզելով օրէնքի եւ կանոններու պահպանման կարեւորութեան մասին, Միացեալ Նահանգներ այժմ կը դաւաճանէ նոյն այդ սկզբունքներուն, որոնց վրայ հիմնուած է Ամերիկան...

 

Պոլթընի երրորդ մտահոգութիւնը այն է, որ «Միջազգային քրէական դատարանը կը ձախողի իր հիմնական նպատակին մէջ՝ կանխելու եւ պատժելու ոճրագործութիւնները: Իր ստեղծումէն (2002) ի վեր, դատարանը ծախսած է աւելի քան 1.5 միլիառ տոլար, կայացնելով միայն ութ դատավճիռ»: Հակառակ Պոլթընի պնդման, այս ութ դատավճիռները կը վկայեն, որ դատարանը խիստ շրջահայեաց է իր դատավճիռներուն մէջ եւ չի հետապնդեր ամէն աննշան դատ ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ թոյլատրելով, որ անդամ պետութիւնները իրենք դատեն իրենց մեղադրեալ քաղաքացիները:

 

Պոլթընի չորրորդ բողոքը այն է, որ «Միջազգային քրէական դատարանը աւելորդ է, հաշուի առնելով, որ Միացեալ Նահանգներու ներքին դատական համակարգը արդէն իսկ ամերիկեան քաղաքացիները կը պահէ իրաւական եւ բարոյագիտական ամէնէն բարձր չափանիշներով»: Սա դիւրաւ անտեսելի հարց է: Եթէ Միջազգային քրէական դատարանը համարէ, որ ամերիկեան դատարանները գործ ունին յստակ յանցագործութեան հետ՝ չի միջամտեր: Միջազգային քրէական դատարանը վերջին ատեանի դատարան է: Սա ՄՔԴի հիմնական սկզբունքներէն մէկն է:

 

Պոլթընի հինգերորդ քննադատութիւնը այն է, որ «Միջազգային քրէական դատարանի ղեկավարութիւնը սուր քննադատութեան ենթարկուած եւ մերժուած է աշխարհի մեծ մասին կողմէ: Այսօր, աւելի քան 70 պետութիւններ ... ՄՔԴի անդամ չեն»: Մինչ 70 երկիրներ տակաւին ՄՔԴի անդամ չեն, 123ը անդա՛մ են...: Ժամանակի ընթացքին թիւով աւելի շատ պետութիւններ պիտի միանան ՄՔԴին, ինչպէս տեղի կ՛ունենայ միջազգային այլ պայմանագրերու պարագային:

 

Օրէնքի գերակայութեան դէմ վիճարկելու փոխարէն, Միացեալ Նահանգներ առաջինը ի՛նք պէտք է միանայ միջազգային իրաւական նման կառոյցներու: Մերժելով Միջազգային քրէական դատարանը եւ զայն համարելով «մեռած», ինչպէս նկարագրած է Պոլթըն, Միացեալ Նահանգներ պարզապէս կը խրախուսէ աշխարհի դաժան վարչակարգերու եւ բռնապետներու անպատժելիութիւնը...

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան