image
Հրատապ լուրեր:

Ազատութիւն, Անկախութիւն Եւ Ազգային Անվտանգութիւն.Գրեց՝ Հրայր Անմահունի

Ազատութիւն, Անկախութիւն Եւ Ազգային Անվտանգութիւն.Գրեց՝ Հրայր Անմահունի

Երեւոյթը հայկական չէ միայն եւ աժան ամբոխավարութիւնը պատմութենէն ալ հին է: Հրատապ տագնապի եւ օրհասական վտանգի ահազանգը հնչեցնելը ուժի հասնելու եւ անոր կառչելու ամենաազդու միջոցներէն մէկն է, միեւնոյն ատեն՝ իշխանութեան քննադատները իբրեւ դաւաճաններ լռեցնելու լաւագոյն զէնքը:

 

Հայրենասիրութիւն ըսուածին չարաշահումը միշտ աւելի շեշտուած է պահպանողականներու մօտ, քան՝ յառաջդիմականներու, եթէ զանց առնենք դասական իմաստով աջ ու ձախի ըմբռնումները: Պահպանողական ձախն ու աջը նոյն կերպասէն կտրուած են եւ կը սիրեն ուժը ամէն բանէ առաջ. նահապետական, տիրապետող ու խիստ ուժը: Գաղափարաբանութիւնները պարզապէս պա-տրուակներ են: Նպատակը՝ ժողովուրդին մէջէն քննարկումը, վերլուծումը եւ մանաւանդ անոր առջեւ հաշուետուութիւնը ջնջելն է, միտքերը տափակ ու սահուն կտաւի պէս արդուկելու եւ անոնց տէրերը հնազանդ ու հաւատարիմ հետեւորդներու վերածելու համար:

 

Վերնագիրի այդ առաջին երկու յղացքները՝ ազատութիւն եւ անկախութիւն, ոչ թէ միայն փոխաբերաբար կը գործածուին, այլեւ, մասնաւորաբար Սփիւռքի տարածքին, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն ու միտքերուն մէջ կը նկատուին հոմանիշ, բազմապատկելով կրկնուած լօզունգի ազդեցութիւնը, անոր տալով բանաստեղծական հնչոյթ ու հմայք, տաղելով զայն ժողովուրդի միտքին մէջ, որ առանց սակարկութեան կ՛ընդունի զայն օրօրոցէն մինչեւ դագաղ: Ազատութիւն եւ անկախութիւն… Ահաւասի՛կ անհարցաքննելի բառակապակցութիւն մը: Որեւէ քննարկում, քննադատութիւն կամ շեղում՝ անշուշտ դաւաճանութեան համազօր է, դատապարտելի ու քստմնելի արարք: Օղակը պէտք չէ քակուի, ու մնայ բոլոր ազգային տօներու, ընտրութիւններու, խմբագրականներու, աղօթքներու գրեթէ պարտադիր վերջակէտը, քրեշենթոյին գագաթնակէտը, բարձրաձայն յոտնկայս ծափահարութիւններու հրաւէրը: Ատրենալինն ու օրօր մանկիկը՝ մէկ սրսկումով…

 

Եթէ քակելու ըլլայինք այդ բառակապակցութիւնը, նախ պիտի հարցաքննէինք բառերուն կարգը: Ազատութիւ՞նն է նախապայմանը անկախութեան, թէ հակառա՛կը: Յղացքները իմաստասիրական մաղէ պիտի չանցընեմ հոս եւ պիտի բաւարարուիմ ըսելով, որ անկախութիւնը պայմանները կը ստեղծէ որոշ պատմա-աշխարհագրական եւ մշակութային տարածքէ մը ներս քաղաքական ու ընկերային ազատութիւններ օրէնքի միջոցաւ սահմանելու եւ ապահովելու համար: Սահմանելը՝ ե՛ւ իմաստը ճշդելու, ե՛ւ սահմաններ դնելու հասկացողութեամբ, կը պատկանի հաւաքական ոլորտին, ապա թէ ոչ՝ անկախութիւնը պարզապէս շռայլութիւն մը պիտի ըլլար եւ իշխանութեան ձեռքին մէջ վերածուէր մուրճի՝ ճամբէ ելլողներն ու իրաւունքներ պահանջողները զգաստութեան հրաւիրելու, շեղող ցուցարարներու երեսին հայրենասիրական խրատներ կարդալու, մինչ թալանը կը շարունակէ դիզուիլ անձնական արկղներու մէջ:

 

Հայաստանի տարածքին, ժողովուրդի բոլոր խաւերէն մարդիկ զիրար քաղաքացի կ՛անուանեն՝ իրենք զիրենք համարելով օրէնքին առջեւ լիիրաւ ու հաւասար իրաւունքներ վայելող բաղկացուցիչ տարրեր: Քաղաքացի հասկացողութեան մէջ յստակ է ընդհանուրի մը մէջ հաւասար իրաւունքներ վայելելու այդ գաղափարը: Քաղաքացի ըլլալը ինքնին երաշխիքն է ատոր: Մինչդեռ սփիւռքցին, իր ապրած վայրին մէջ ինքզինք կը համարէ տեղացի, այսինքն՝ տրուած երկրին հպատակը: Այդ վայրը կամ տեղը կրնայ գտնուիլ աշխարհի որեւէ հիւրընկալ պետութեան սահմանէն ու սահմանադրութեան ծիրէն ներս. սակայն տեղացին, վայելելով հանդերձ երկրին լիիրաւ իրաւունքները՝ չի պատկանիր ամբողջութեամբ կամ միմիայն այդ երկրի քաղաքական մշակոյթին: Հոն առկայ են նաեւ հայկական պարունակով քաղաքական թեքումներ եւ կուսակցական պատկանելիութիւններ, որոնց կամովին յանձնուելու հրամայականը նախապայման է այդ տեսակի որեւէ անդամակցութեան համար, որովհետեւ այդ կուսակցութիւնները ոչ մէկ սահմանադրական իրաւունք ունին այդ երկրին ու քաղաքացիին հանդէպ: Այս իմաստով, կուսակցութեան մը պատկանողները անցեալի մը ու պատմական հոլովոյթի մը կառչած ենթականեր են: Իսկ շարքային անդամակցութենէ դուրս ինկող անհատ հայերը, քանի որ կուսակցութիւններու իշխանութիւնը չ՛անցնիր կուսակցութեան սահմանէն անդին, օրինակ՝ Լիբանանի նման յարանուանական դրութեամբ երկրի մը մէջ, ապա կը նկատուին առանց քուէի ու ներկայացուցչական իրաւունքի համակիրներ: Հաւասարութեան գաղափարը հոս տարբեր ձեւով կը բանի:

 

Անցնինք հիմա ազգային անվտանգութեան ոլորտին: Խօսքս այստեղ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ կատարուած ժողովրդային վերջին ցոյցերուն: Վտանգը մատի փաթթոց ըրած այս յանկերգը բարձրաձայն կ՛աղաղակուի թէ՛ պետութեան, թէ՛ քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէ: Հետաքրքրականը այն է, որ երբ երկիրը իր քաղաքացիներէն կը պարպուէր, մանաւա՛նդ իր երիտասարդներէն, ատիկա վտանգ չէր նկատուեր: Հոս, շնական ըլլալով պիտի աւելցնեմ, որ այդ իմաստով՝ պետութիւնը մէկ քարով երկու թռչուն կ՛որսար: Նախ կը թերանար այդ երիտասարդներուն գործ եւ ապագայ հայթաթելու իր էական պարտականութեան մէջ, միեւնոյն ատեն կը շարունակէր պանդխտութենէն ղրկուած անոնց եկամուտներով լեցնել իր ու օլիկարգներուն գանձանակները:

 

Բայց, կայ աւելի՛ կարեւորը: Հարկ եղած պարագային, նոյն այդ երիտասարդ ցուցարարներն են, որ պիտի զինուորագրուին, շատ հաւանաբար՝ կամաւո՛ր, ու ճակատ ղրկուին իբրեւ այդ անվտանգութիւնը ապահովող նիզակի սուր ծայրը: Հոս թոյլ տուէք խօսելու անձնական փորձառութենէ: Այդ լօզունգները, առաջին իսկ փամփուշտին դէմ յանդիման կա՛մ կը շոգիանան, կա՛մ ալ հայհոյանք մը կը կու գայ աւելնալու անոնց առջեւ: Ոչ մէկ ատեն, որեւէ երկրի պատմութեան մէջ, զինուոր մը կը կռուի վասն դրօշի, այլ կը կռուի իր քովի ընկերներուն համար: Բոլորովի՛ն անմարդկային, նոյնիսկ հրէշային պիտի ըլլար պահանջել, որ այդ պարտականութիւնը՝ կեանքի գինով մատակարարուող, ըլլար ոչ թէ պահպանելու համար ի՛ր, այսինքն՝ քաղաքացիի իրաւունքները, երազները, ապագայի բարօրութիւնն ու ազատութիւնը, այլ ըլլար օլիկարգին, կուսակցապետին կամ նախագահին՝ իր աթոռին կառչելու հրամայականը ապահովելու հաշուոյն, որպէս գերագոյն երաշխիք երկրի անվտանգութեան:

 

Մի՛ նայիք վերջերս կարօտախտէ բռնուած ու հեւ ի հեւ գործածուած յուշեր ու ֆիլմեր տողանցքի հանող միջին դասակարգի մը տառապանքին: Քանի՜ հաւաքականութիւններ տասնամեակներով օրօրուած են, վասն հոգեկան հայրենիքի մը եւ օր մը զայն իրականացած տեսնելու երազով: Այսօր կայ ամբողջ սերունդ մը, ըլլայ Հայաստանի մէջ թէ միջինարեւելեան Սփիւռքի, որ ի՛ր իսկ կեանքին ու բարօրութեան գինով թօթափած է զոհի հարիւրամեայ հոգեբանութեան վրայ հիմնուած այդ օրօրը, ու բեռ չըլլալու համար՝ քաշուած է մէկ կողմ եւ ինքն իր վէրքերը կը լզէ: Այդ սերունդի միտքին ծայրը միշտ եղած է, որ օր մը, թէկուզ ոչ անպայման հաւասար, բայց գոնէ աւելի արդար ընկերութիւն մը պիտի ստեղծուէր այդտեղ, անոր երկինքին տակ հաստատուելու ու հոն տուն-տեղ ըլլալու յոյսով: «Մնացեա՛լը», ինչպէս բանաստեղծը պիտի ըսէր, «սենտուիչ ըրէք ու կերէք»։

 

Հրայր Անմահունի 

«Ասպարէզ»