image
Հրատապ լուրեր:

Ինչպէ՞ս դաստիարակել. Գրեց ՝ Սուրէն Շէրիք

Ինչպէ՞ս դաստիարակել. Գրեց ՝ Սուրէն  Շէրիք

Մեր բարեկամը կը գանգատի. թոռնիկս ժամեր կը վատնէ իր ելեկտրոնային պաստառին առջեւ, անվերջ կը սեղմէ երկու գլխաւոր կոճակները, մերթ դէմքը ծռմրտկելով, մերթ գոհունակութեան ճիչեր արձակելով: Նախընթրիքի կը հրաւիրեմ՝ չ՚արձագանգեր շարունակական կոչերուս, գամուած կը մնայ պաստառին ետին՝ խաղէն տարուած: Նման գանգատներ դժբախտաբար տարածուած են շատ մը բնակարաններէ ներս:

 
Տեսերիզային խաղերէ դուրս համացանցն ալ մատղաշ սերունդին գլխաւոր զբաղումի առարկաներէն մէկը դարձած է: Կարեւոր մէկ մասը այն երախաներուն, որոնց ծնողները կ՚աշխատին՝ յետմիջօրէին անվերահսկելի է: Երախան ազատ է իր ընտրութեան մէջ. դասերը սերտել կամ՝ տեսերիզային խաղով զբաղիլ, նոյնիսկ պեղել իրեն չթոյլատրուած կայքէջերը:


Ճարտարագիտական զարգացումներուն ընձեռած սոյն դիւրութիւններու կողքին վերոյիշեալ երեւոյթները երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան մէջ իրենց բերած նպաստներուն հետ լուրջ վնասներ, մասնաւորաբար մոլութիւններ կը յառաջացնեն: Ուրեմն, ինչպէ՞ս դաստիարակել:


Այս խնդրին մասին տիրող հարցականները եւ կասկածները երախային ծնունդէն կը սկսին. նորածինը դիեցնել ստինքո՞վ, թէ՞ ծծակով: Դիեցնել նորածինի ճիչերո՞ւն ընդառաջելով, թէ՞ ծրագրուած ժամերուն միայն: Յետոյ կը ներկայանայ գիշերներու հարցը. պէ՞տք է թողել, որ ծծկերը լայ, թէ՞ ոչ՝ օրօրել զայն, երբեմն ժամեր շարունակ:


Անցնինք երախայի հսկողութեան պարագային: Ո՞րն է նախընտրելին. մանկամսո՞ւրը, թէ՞ վկայուած ծծմայրը, նկատելով՝ որ ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը կը փոխարինէ մօր, թէ հօր ներկայութիւնը:


Երբ երախան կը հասնի երեքէն վեց տարեկան հասակ, տարրական կրթութեան հարցն է, որ կը ծագի. ի՞նչ եղանակով պատրաստել զայն. ծանրանալ խօսակցակա՞ն լեզուի զարգացման վրայ, խա՞ղը նախամեծար համարել, թէ՞ ունակութեան վարժութիւններու ենթարկել զինք:


Վիճարկումները կ՚երկարաձգուին ուսանողութեան ամբողջ ընթացքին. կրթական հաստատութեան ընտրութիւն, դասընթացքներէ դուրս զբաղումներ, ինչպէս՝ մարզական, երաժշտական կամ գեղարուեստական եւ այլն: Այս կարգի զբաղումերու ընտրութեան եւ կիրարկութեան պարագային եւս հարցականներ կը ծագին: Երախային թոյլ տալ ինքնաշխա՞տ զարգացում, թէ՞ վկայեալ ուսուցչի հսկողութիւն:


Ո՞րն է ճիշդը, ո՞րն է սխալը: Մէկ դար տեւած պրպտումներու, առաջնորդ դիտարկումներու, փորձարկութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու նիւթ դարձած են բազմազան կրթական եղանակներ եւ կերպարներ, որոնք պարտէին յանգեցնել որոշ եզրակացութեան մը: Սակայն եւ այնպէս ընդունիլ պէտք է, որ այսօր ոչ ոք կրնայ յստակ կողմնորոշում ցուցաբերել լաւագոյն դաստիարակչական եղանակի որդեգրման ուղղութեամբ: Թերեւս կարելի է մէ՛կ իրողութեան առջեւ հասնիլ հասարակ յայտարարի, որ՝ «մանկավարժական եւ ընդհանուր առմամբ կրթական ոլորտին մէջ հրաշագործ եղանակ գոյութիւն չունի»:


Նախ պէտք է ընդունինք այն իրողութիւնը, որ ԻԱ. դարու երախան կարելի չէ դաստիարակել անցեալի, նոյնիսկ մօտաւոր անցեալի կրթական եղանակներով: Հաղորդակցութեան զանգուածային միջոցները շատ բան փոխած են ընկերային միջավայրին, ինչպէս նաեւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ: Գիտական ստուար աշխատասիրութիւններ եւ յանձնարարականներ ի գործ դրուած, մանկաբուժական դարմանատուներ, մասնագիտացած գրադարաններ ծնողներու տրամադրութեան տակ դրուած են: Հաղորդակցական միջոցներու եւ տեղեկատւութեան այս բազմազանութեան դիմաց ծնողներն ու դաստիարակները անզէն եւ անորոշ կացութեան մատնուած են: Ի՞նչ ուղղութիւն որդեգրել. ինչպէ՞ս ապահովել երախային հնազանդութիւնը առանց խստութիւն կիրարկելու: Հանրայի՞ն դպրոց, թէ՞ կրթական անձնական հաստատութիւն: Մանկավարժական դասակա՞ն եղանակ, թէ՞ ընտրական կրթահամակարգ: Նախամեծար համարել երախայի պաշտպանութի՞ւնը, թէ՞ քաջալերել ինքնաբաւ գործընթացը: Կարելի՞ է ուսուցանել միաժամանակ կարգապահական սահմաններ եւ համարձակ վերաբերում, կամ՝ պարտականութեան գիտակցութիւն եւ ընդվզումի քաջալերանք: Մէկ խօսքով իրերամերժ պատգամներու դէմ յանդիման կը գտնուին ծնողներն ու կրթական մշակները:

 
Այսուհանդերձ, կը տիրապետէ այն խարսխուած կարծիքը, թէ դաստիարակութիւնը կը ծառայէ ընկերային շարունակականութեան: Այս իսկ պատճառով՝ անցեալի կրթական համակարգին բանալիները իւրացնելու ձգտում մը կը նկատուի վերջերս. ձեռագիրը քաջալերել, առանց հաշուիչ մեքենայի մտաւոր հաշիւներ կատարել, բառարան թերթատել, դասական պատմութիւնն ու մարդկութեան եղափոխումը ուսումնասիրել եւ այլն, սերունդէ-սերունդ ընկերութեան փոխանցումը ապահովելու նպատակով: Գաղափարը ազնիւ է եւ համոզիչ, բայց եւ այնպէս անցեալի կրթութեան այս եղանակները հակոտնեայ դիրքերու վրայ կը յայտնուին՝ գործօն, ստեղծագործ եւ ազատամիտ ոգիով դրսեւորուող արդիական կրթական միտումներու նկատմամբ:


Այս առճակատումը առկայ է նաեւ ընտանեկան դաստիարակութեան մէջ, սակայն քիչ մը մեղմացած կը թուի ըլլալ վերջերս իրագործուած գիտական կարգ մը յայտնագործութիւններու լոյսին տակ: Այսպէս, գրեթէ յստակ դարձած է՝ 
– որ ֆիզիքապէս գործօն երախաները (նոյնիսկ չափահասները) աւելի լաւ կ՚աշխատին, 
– որ ուղեղը աւելի լաւ կ՚ըմբռնէ (կը սորվի) հաճելի մթնոլորտի մէջ, քան՝ պրկուած միջավայրի, 
– որ կրկնութիւնը անհրաժեշտ է յիշողութեան ամրապնդման մէջ, թէ յիշողութիւնն ալ անհրաժեշտ է պատճառաբանութեան նաեւ բանականութեան, 
– վերջապէս, մտածողութիւնը կը սնանի փոխանակումներով եւ ծանօթութիւններով, որովհետեւ առանց անոնց՝ մտածելու կարողութիւնը դատապարտուած կ՚ըլլայ անշարժ մնալու, նոյնիսկ անկում արձանագրելու:


Ջղագիտական պրպտումներու շնորհիւ ձեռք ձգուած զարգացումներուն մանկավարժական կիրարկութիւնները բազմազան են եւ յաճախ օգտակար, սակայն անոնց կիրարկումի ճշգրիտ ուղեգիծը դեռ չէ գտնուած: պատճառը բացայայտ է. դաստիարակութիւնը մարդկային յարաբերութիւն մըն է, ինչպէս՝ խնամքը եւ կարգապահութիւնը: Դժուար երախայ մը կրթելու, կամ ըմբոստ հիւանդ մը խնամելու եւ կամ ընդդիմադիր մէկը համոզելու համար հարկաւոր է, ի մէջ այլոց՝ փորձառութիւն, գիտութիւն, ժամանակ, ռազմագիտութիւն, ճկունութիւն, հասկացողութիւն, համոզում, խորամանկութիւն, հրապոյր, յարգանք, համեստութիւն եւ նման առաքինութիւններ, որոնց համադրումը չըսելու համար անկարելի, շատ հազուադէպ երեւոյթ է: Եւ չմոռնալ, որ նո՛յնիսկ այս բոլորին միաժամանակ գործադրումը չ՚ընձեռեր կատարեալ յաջողութեան բացարձակ երաշխիք:

 

Յօդուածը ՝ «Նոր Յառաջ»էն