image

Թուրքիոյ խորհրդարանի քիւրտ երեսփոխանին խիստ ելոյթը աւարտեցաւ բանտարկութեամբ

Թուրքիոյ խորհրդարանի քիւրտ երեսփոխանին խիստ ելոյթը աւարտեցաւ  բանտարկութեամբ

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Թուրքիոյ խորհրդարանի քիւրտ երեսփոխան Ֆերհաթ Էնջու, Շիրնակի մարզէն, վերջերս խիստ քննադատական ելոյթ ունեցաւ թրքական խորհրդարանին մէջ թուրքերու եւ Թուրքիոյ մասին: Ես նոր գտայ անոր համարձակ ելոյթին տեսանիւթը Եութուպի վրայ:

 

Քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) անդամ Էնջու քաջ յայտնի է թրքական կառավարութեան նկատմամբ իր խիստ ընդդիմութեամբ՝ քիւրտերու հանդէպ անոր ցուցաբերած մնայուն բռնութեան եւ իրաւունքներու ոտնահարման պատճառով: 2011ին, թրքական օդուժը ռմբակոծած էր քիւրտ քաղաքացիներու խումբ մը՝ սպաննելով 34 հոգի, որոնց շարքին էին Էնջուի ընտանիքէն բազմաթիւ անդամներ...

 

Իր ելոյթին ընթացքին 33 տարեկան Էնջու բազմաթիւ սպառնալիքներ ստացաւ թրքական խորհրդարանի երեսփոխաններու կողմէ: Այնուհետեւ զայն զրկեցին խորհրդարանական անձեռնմխելիութենէն եւ բանտարկեցին: Հիմա ան բանտն է...

 

Ահաւասիկ հատուածներ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Էնջուի վեց վայրկեաննոց ազդեցիկ ելոյթէն, որ յաճախ կ՛ընդհատուէր սպառնալիքներով. «Իմ ելոյթը կարճ կ՛ըլլայ եւ ըստ էութեան: Ձեզմէ ոմանք մեզ կ՛անուանեն մարդասպաններ: Բայց ո՞վ կը սպաննէ քաղաքացիները եւ ո՞վ է մարդասպան: Դո՛ւք...»:

 

Խորհրդարանի դահլիճէն սպառնալիքներ հնչեցին Էնջուի հասցէին. «Փակեցէ՛ք անոր բերանը...: Բռնեցէ՛ք այդ ահաբեկիչը եւ գնդակահարեցէ՛ք զայն...»:

 

Խորհրդարանի խօսնակ. «Թող խօսի՛: ըսէ՛ք Ձեր ըսելիքը եւ վերջացուցէք»:

 

Էնջու շարունակեց իր ելոյթը. «Հոս միասին դուք ուժեղ էք...: Սակայն, ճիշդն ըսած, դուք միայն խօսող էք եւ ոչ աւելին: Ես որպէս քիւրտ, պատմութիւնը վկայ, կ՛ապրիմ իմ հողիս վրայ, Քիւրտիստան, այն ժամանակ, երբ դուք խոտ կը հաւաքէիք եւ կ՛ուտէիք, խաղալով ձեր ձիերուն հետ, Մոնկոլիոյ մէջ...»:

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Սպաննեցէ՛ք զայն...»:

 

Էնջու. «Այս, այսպէս կոչուած՝ ձեր երկիրը, ձեր երկիրը չէ, ոչ էլ AKPինը [նախագահ Էրտողանի իշխող կուսակցութիւնը]: Այս երկիրը աւելի հին է, քան դուք բոլորդ: Անիկա կը պատկանի իրական մարդոց...»:

 

Խորհրդարանի խօսնակ. «Դուք կը պատժուիք ասոր համար: Դուք այս մասին կրնաք խօսիլ  «քապապ» ուտելու պահուն: Մեր առջեւ Դուք կը պաշտպանէք ահաբեկիչները»:

 

Էնջու. «Հոս ապրած են յարգարժան յոյներն ու հայերը...»:

 

 Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Սպաննեցէ՛ք ահաբեկիչը»:

 

Էնջու. «Մենք՝ քիւրտերս, դեռ հոս ենք: Ոչ հրասայլերը, ոչ ալ ձեր զինուորականները կրնան տեղահանել մեզ...»:

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Մենք ոչնչացուցած ենք քու քաղաքդ»:

 

Էնջու. «Դուք կրնաք ոչնչացնել զայն, սակայն մենք տասնեակներով աւելի կը կառուցենք: Դուք՝ թուրքերդ, ոչնչութիւն էք: Մենք ձեզմէ աւելի ահաւոր հրէշներ ոչնչացուցած ենք  Սիլոփիի մէջ: Նետեցէ՛ք ձեր ռումբերը: Սպաննեցէ՛ք մեր երեխաները: Սպաննեցէ՛ք քաղաքացիները, սակայն դուք չէք կրնար սպաննել մեզ՝ քիւրտերս, Ռոպոսքիի մէջ, ամբողջ Քիւրտիստանի կամ ինչպէս դուք կ՛անուանէք՝ «Թուրքիոյ մէջ»: Մարդկութիւնը ձեզմէ աւելի վատերը տեսած է: Մենք յաղթած ենք անոնց...»:

 

Խորհրդարանի խօսնակ. «Դուք բանտ կ՛երթաք ասոր համար: Ձեր նուազագոյն պատիժը Հինգ տարի կ՛ըլլայ»:

 

Էնջու. «Ես թքած ունիմ: Ճշմարտութիւնը աւելի կարեւոր է, քան կեանքը...»:

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Ասոր փամփուշտ պէտք է: Ձերբակալեցէ՛ք զայն...»:

 

Խորհրդարանի խօսնակ. «Մենք լուր ղրկած ենք ապահովութեան պաշտօնեաներուն: Ան կը ձերբակալուի»:

 

Էնջու. «Քիւրտերը միշտ քիւրտ եղած են, նախքան ձեր՝ թուրքերուն հոս գալը, եւ անոնք քիւրտ կը մնան ձեր հեռանալէն յետոյ ալ: Ձեր «Թուրքիա»ն յոյներու, հայերու եւ քիւրտերու գողցուած երկիրն է: Իմ վկաս պատմութիւնն է»:

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Դուն կը պատժուիս»:

 

Էնջու. «Ի՞նչ կրնաք ընել: Ես հոս եմ հարիւրաւորներու դէմ: Դուք ի՞նչ կը ներկայացնէք»:

 

Խորհրդարանի խօսնակ. «Դուք ասոր համար կը պատժուիք»։

 

Էնջու. «Սպաննեցէ՛ք զիս։ Ես դարձեալ կ՛ըսեմ ճշմարտութիւնը»։

 

Խորհրդարանի խօսնակ. «Ատիկա կ՛ըսէք, երբ ապահովութեան պաշտօնեաները հոս ըլլան։ Այս օրէնսգիրքով Ձեզ 10 տարիով բանտ կը ղրկեմ, նուազագոյնը տասը տարիով»։

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. « Պէտք է այս վայրկեանին իսկ գնդակահարել զայն»։

 

Էնջու. «Ես կը վերջացնեմ»։

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Ասոր համար դուն կեանքովդ պիտի վճարես, տականք քիւրտ»։

 

Էնջու. «Հաչեցէ՛ք, որքան կ՛ուզէք։ Ես ամուր կանգնած եմ հոս, եկէք եւ կանգնեցէք դիմացս… »։

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Բաւակա՛ն է։ Ո՞ւր են ապահովութեան պաշտօնեաները»։

 

Էնջու. «Դուք ուժեղ էք խումբով, բայց երբ մինակ էք, դուք բոլորդ վախկոտներ էք։ Մեր քիւրտ երիտասարդները այդ ցոյց տուած են ձեր զինուորականներուն։ Ո՛չ թուրք զինուորը, ոչ ալ թուրք ոստիկանը կրնայ հսկել քրտական փողոցները։ Ձեր զինուորները կը փախչին մեր երիտասարդներէն։ Ինչպէս հիմա, դուք միայն բերան ունիք եւ ուժեղ էք միասին։ Բայց երես առ երես դուք ոչնչութիւն էք…»։

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Կտրեցէ՛ք այդ քիւրտին ձայնը»։

 

Էնջու. «Ես՝ միայնակ քիւրտս, կրնամ բոլորիդ յաղթել…»։

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Գնդակահարեցէ՛ք»։

 

Էնջու. «Դուք կը կարծէք, որ մեզ սպաննելով կրնաք յաղթել մեզի. սա միայն կը ստիպէ մեզի՝ աւելի՛ ուժեղ ըլլալ։ Դուք զիս կ՛անուանէք «ահաբեկիչ», ես, որ կը պայքարիմ ձեր տիրապետութենէն իմ ազատութեանս համար։  Ես, որ ապրած եմ այս երկրին մէջ հազարաւոր տարիներ, դուք եկած ու բռնագրաւած էք զայն։ Ես կը պայքարիմ իմ ժողովուրդիս ազատութեան համար, միւս բոլոր ազգերուն ազատութեան պէս…»։

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Քեզ կը գնդակահարեն»։

 

Էնջու. «Ես խիզախօրէն կը դիմագրաւեմ մահը եւ փամփուշտները, ինչպէս միլիոնաւոր այլ քիւրտեր։ Ոչ մէկ բռնագրաւում յաւերժ է։ Վերջաւորութեան ազատութիւնը միշտ կը յաղթէ…»։

 

Գոռում-գոչում դահլիճէն. «Դուն ստորագրեցիր մահուան դատավճիռդ թրքական փամփուշտով։ Դուն քալող դիակ ես։ Թոյլ մի՛ տաք անոր հոսկէ հեռանալ ողջ»։

 

Խորհրդարանի խօսնակ. «Վերադարձէ՛ք ձեր տեղերը։ Ան մինակ է։ Անհանգստանալու ոչինչ կայ։ Ան մինակ է։ Մենք զայն կը բռնենք։ Գրաւեցէ՛ք ձեր տեղերը»։

 

Անվախ եւ անձնազոհ Ֆերհաթ Էնջու միացաւ հազարաւոր այլ անմեղ քիւրտերու եւ թուրքերու, որոնք վերջին տարիներուն բանտարկուած են Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ՝ իրենց տեսակէտները արտայայտած ըլլալնուն համար, իսկ ոմանք ալ՝ յաճախ առանց պատճառի…:  Ամօթալի է, որ աշխարհի ղեկավարները լուռ կը մնան Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած մարդկային իրաւունքներու նման զանգուածային եւ մնայուն ոտնահարումներու առջեւ…

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան