image

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է կոչէ «Ցեղասպանութիւն»

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է կոչէ «Ցեղասպանութիւն»

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Բոլորը գիտեն, որ դեսպանները պետք է հետեւին իրենց կառավարութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան ուղենիշներուն եւ չեն կրնար կայացնել իրենց սեփական որոշումները: Այսուամենայնիւ, տարօրինակ է, որ Միացեալ Նահանգներու իրարայաջորդ դեսպաններուն թոյլ չեն տար Հայոց  Ցեղասպանութիւնը կոչել «ցեղասպանութիւն»։ Պարզապէս պատկերացուցէք, թէ ինչպիսի աղմուկ կը բարձրանար, եթէ Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը հրաժարէր օգտագործելէ հրէական «ողջակիզում» եզրը…

 

Հակառակ՝ նոյնիսկ հայերու շրջանակին մէջ հանրային սխալ ընկալման, Միացեալ Նահանգներ բազմիցս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը կառավարութեան ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ:

 

Ամերիկացի ոեւէ պաշտօնեայ, որ կը  խուսափի Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրի կիրարկումէ, կը խեղաթիւրէ Միացեալ Նահանգներու վաղեմի պատմութիւնը։ Ինչպէս բազմաթիւ անգամ գրած եմ՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1951 թուականին, երբ պաշտօնական զեկոյց մը ներկայացուցած է Արդարադատութեան միջազգային դատարան՝ յայտնի որպէս Համաշխարհային դատարան:  Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատը 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկու բանաձեւ, իսկ Ռանըլտ Ռէյկըն Ապրիլ 22, 1981ին հրապարակած է նախագահական հռչակագիր մը՝ յիշատակելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

 

Համեմատեցէք Միացեալ Նահանգներու վերոնշեալ պատմական փաստերը Ամերիկայի վերջին նախագահներու եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու ըրած խուսափողական յայտարարութիւններուն հետ, բացառութեամբ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Էվընզի, որ խիզախօրէն ճշմարտութիւնը ըսաւ իր իշխանութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, վտանգելով իր դիւանագիտական ասպարէզը, որ ընդհատուեցաւ 2006ին, նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմին կողմէ։

 

Դեկտեմբեր 4, 2018ին Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչման եւս մէկ քննարկում տեղի ունեցաւ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ՝ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Լին Թրէյսիի թեկնածութեան հաստատման լսումներու ժամանակ։

 

Լսումներու ընթացքին իր բացման խօսքին մէջ Թրէյսի խուսափեցաւ օգտագործելէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը. «Յանձնախումբի մեծարգոյ նախագահ, 1915 թուականի սարսափազդու դէպքերը՝ Մեծ Եղեռնը կամ Մեծ Աղէտը, որուն ընթացքին 1.5 միլիոն հայեր դարձած են տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ մահուան երթերու զոհեր՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, երբեք չեն կրնար մոռցուիլ: Ինչպէս Հայկական յիշատակի օրուան ուղերձին մէջ նշած էր նախագահ Թրամփ՝ «յարգանքի տուրք մատուցելով տառապեալներուն՝ մենք պէտք է ամէն բան ընենք թոյլ չտալու համար, որ նման վայրագութիւններ կրկնուին»: Հաստատուելու պարագային՝ իմ լիազօրութիւններու սահմանին մէջ ես ամէն ինչ կ՛ընեմ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը վառ պահելու եւ այդ ծանրակշիռ յանձնառութեան հետամուտ ըլլալու համար: Մենք պէտք է առաջ նայինք՝ դէպի ապագայ եւ դէպի նոր հնարաւորութիւններ՝ Հայաստանի յաջորդ սերունդին համար: Թուրքիոյ հետ հաշտեցման ուղղութեամբ առաջընթացը կ՛օգնէ կրճատելու Հայաստանի մեկուսացումը եւ թափ հաղորդելու երկրի տնտեսութեան: Այս նպատակով մենք կը քաջալերենք, որ Թուրքիա եւ Հայաստան ընդունին եւ դէմ յանդիման գան անցեալի ցաւալի տարրերուն: Հաստատուելու պարագային՝ ամէն ինչ կ՛ընեմ աջակցելու համար աւելի խաղաղ եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ կերտելու նպատակով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ջանքերուն»:

 

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Միացեալ Նահանգներու պատմական փաստերուն հետեւելու փոխարէն, Թրէյսի ճարպիկօրէն դիմեց հին հայկական «Մեծ Եղեռն» եզրին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն ճիշդ եզրի կիրարկումէն խուսափելու համար։ Ան «Մեծ Եղեռնը» ոչ ճիշդ նկարագրեց որպէս «Մեծ Աղէտ», որ իրականութեան մէջ կը նշանակէ «Մեծ Ոճիր»:

 

Թրէյսիի բացման խօսքէն ետք ծերակուտական Էտ Մարքի (դեմոկրատ, Մասաչուսէց) հարցուց անոր. «Քիչ հաւանական կը թուի, որ Թրամփի վարչակազմը կը փոխէ իր ամերիկեան վաղեմի քաղաքականութիւնը, թէ ինչպէս կը յիշատակենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ինչպէ՞ս կը վերաբերիք ամերիկահայ համայնքի կոչերուն՝ 1915 թուականի սպանդը «Ցեղասպանութիւն» կոչելու»։

 

Թրէյսի պատասխանեց. «Թրամփի վարչակազմը եւ անձամբ ես կ՛ընդունինք այն պատմական փաստերը, թէ ինչ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն՝ զանգուածային սպանութիւններ, բռնի տեղահանութիւններ եւ մահուան երթեր, որոնք խլեցին 1.5 միլիոն կեանքեր եւ բազում տանջանքներ պատճառեցին։ Եւ ես, հաստատուելու պարագային, իմ լիազօրութիւններու սահմանին կ՛ընեմ ամէն բան՝ ճանչնալու եւ յարգելու հայերու կորուստներն ու տանջանքները եւ պարտաւոր կ՛ըլլամ մասնակցելու յիշատակի բոլոր ձեռնարկներուն»։

 

Ծերակուտական Մարքի եզրակացուց. «Ժամանակն է, որ մենք պարզապէս կանգնինք եւ եղածը կոչենք իր անունով։ Այս մէկը մեզի կ՛օգնէ, որ ապագային վստահութիւն ձեռք բերենք»։

 

Այնուհետեւ ծերակուտական Պոպ Մենենտէզ (դեմոկրատ, Նիւ Ճըրզի) Հայոց Ցեղասպանութան վերաբերեալ շարք մը հարցադրումներ ուղղեց դեսպանի թեկնածու Թրէյսիի. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ 1915էն 1923 մօտաւորապէս 1.5 միլիոն հայ տղամարդ, կին եւ մանուկ սպաննուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ»։

 

Թրէյսի պատասխանեց. «Այո, ծերակուտական, ինչպէս ըսի, վարչակազմը եւ ես կ՛ընդունինք ձեր նշած պատմական փաստերը»։

 

Մենենտէզ. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ 1915ի Մայիս 24ին, դաշնակից պետութիւնները՝ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ՝ առաջին անգամ բացայայտօրէն մեղադրելով ուրիշ կառավարութիւն մը՝ «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցանքներ» կատարելու մէջ»։

 

Թրէյսի. «Ծերակուտական, ես տեղեակ չեմ տուեալ իրադարձութեան մասին»:

 

Մենենտէզ. «Ես զայն ներկայացուցի ձեր ուշադրութեան, եւ դուք զայն կարդալէ ետք գրաւոր կը պատասխանէք ինծի։ Դուք տեղեա՞կ էք, որ անկախ դաշնակցային գործակալութիւն հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիրի խորհուրդը, 1981ի Ապրիլ 30ին միաձայն ընդունած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման թանգարանը պաշտօնապէս կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը թանգարանին մէջ եւ այդ ըրած է հանրային փաստաթուղթերու ստուգման միջոցով»։

 

Թրէյսի. «Ծերակուտական, ես գրաւոր հաստատում կը ներկայացնեմ ձեզի»։

 

Մենենտէզ. «Դուք տեղեա՞կ էք, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու դեսպան Հենրի Մորկընթաու ըսած է, որ թրքական կառավարութեան կողմէ հայերու տեղահանութեան հրամանը եղած է «ամբողջ ցեղի մահուան պատուէր» եւ «յատուկ ջանքեր չեն գործադրուած այդ միտումը թաքցնելու համար՝ Մորկընթաուի հետ անոնց զրոյցին ընթացքին»։

 

Թրէյսի. «Այո, ծերակուտական, ես տեղեակ եմ դեսպան Մորկընթաուի այդ զեկոյցի փաստերէն»։

 

Մենենտէզ. «Արդեօք դուք կարգապահական տնօրինման կ՛ենթարկէ՞ք, կամ այլ կերպ կը պատժէ՞ք  Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ոեւէ պաշտօնեայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անկեղծ յիշատակումը կատարելուն համար»։

 

Թրէյսի. «Ծերակուտական, կը կարծեմ, որ ինչպէս ես, այնպէս ալ բոլորս կը հետեւինք վարչակազմի քաղաքականութեան։ Եւ, քաղաքականութիւնը այն է, որ մենք կ՛ընդունինք 1915 թուականի իրադարձութիւններու պատմական փաստերը՝ որպէս զանգուածային վայրագութիւն եւ մենք կը մասնակցինք յիշատակի որեւէ ձեռնարկի: Եւ, ես պարզապէս կ՛ըսեմ, որ որպէս արտաքին ծառայութեան աւագ ղեկավար, միշտ բաց եմ՝ իմ խումբի հետ հարցերու քննարկման համար։ Ես չեմ պատժեր մարդիկը իրենց տեսակէտները արտայայտելուն համար։ Սակայն, որպես գործադիր մարմնի անդամներ, վերջիվերջոյ, մենք զօրավիգ կը կանգնինք նախագահի վարած քաղաքականութեան»։

 

Մենենտէզ եզրակացուց. «Այս խնդիրը միայն ձեզի չի վերաբերիր. անիկա կ՛առնչուի մեր առջեւ կանգնած թեկնածուներուն։ Փաստօրէն, մենք ունինք պատմական իրականութիւն՝ ջարդուած է 1.5 միլիոն մարդ: Ասիկա ցեղասպանութիւն է: Եւ դեռ մենք դեսպաններ կ՛ուղարկենք երկիր մը եւ այդ մարդոց կը ստիպենք հայ ժողովուրդի ողջակիզման յուշահամալիր այցելել, սակայն անոնք չեն կրնար  պատահածը կոչել «ցեղասպանութիւն»։ Սա բաւականին հեգնական երեւոյթ է: Եթէ մենք չենք կրնար ճանչնալ անցեալը, ապա մենք դատապարտուած ենք վերապրելու զայն։ Ուստի, ես յոյսով եմ, որ Պետական բաժանմունքը … ասիկա իւրայատուկ չէ Պետական բաժանմունքի համար։ Այս երեւոյթը կը շարունակուի երկար ժամանակէ ի վեր։ Մենք պէտք է փոխենք այս իրականութիւնը: Ես ձեզի ուղղեցի շարք մը հարցումներ, քանի որ կը փորձեմ ձեզի տալ միւս բոլոր տարրերը: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ կը թուի թէ՝ մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այդ բառերը դուրս գան մեր շուրթերէն, «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը։ Ահա, թէ ինչ տեղի ունեցած է։ Այն, ինչ որ  ցոյց կու տայ պատմութիւնը։ Այն, ինչ որ կը ճանչնայ աշխարհը։ Այն, ինչ որ մեր սեփական դաշնակցային գործակալութիւնը կը ճանչնայ Ողջակիզման թանգարանի նման: Յոյսով եմ, որ դուք կը յաջողիք քննել բոլոր հարցումները եւ լաւագոյնս պատասխանել, որպէսզի հասնինք աւելի լաւ տեղ մը»։

 

Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Թրէյսիի թեկնածութիւնը կը քննարկէ ապագայ լսումներու ժամանակ, երբ ան կը ներկայացնէ իր խոստացած գրաւոր պատասխանները ծերակուտական Մենենտէզի առաջադրած հարցադրումներուն։

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան