image

Տ.Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս. Ճգնաժամ Տարիներ (1941-1954). Ծննդեան 150-ամեակ

Տ.Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս. Ճգնաժամ Տարիներ (1941-1954). Ծննդեան 150-ամեակ

Տ.Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ծննդեան 150-ամեակ (1869-2019)


Ազգընտիր Տեղակալ Մայր Աթոռոյ

Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չո-րեքճեան եղաւ իր ժամանակին ճիշդ անձը որ փրկեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը իսկական անկումէ: Իր նախորդին` նահատակ Տ.Տ. Խորէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի 1938¬ի ոճրապարտ վախճանումէն ետք, Չորեքճեան Արքեպիսկոպոս եօթ տարիներ Մայր Աթոռոյ Տեղակալութիւնը վարեց (1938-1945) մեծ ձեռն¬ հասութեամբ հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին եւ քաղաքական անթոյլատրելի պայմաններուն, երբ անկարելի էր կատարելու Կաթողիկոսական Ընտրութիւնը: Թէեւ 1941 Ապրիլ 10¬ին Ազգային¬եկեղեցական Ժողով գումարելու իր ճիգը արդիւնաւոր եղաւ, սակայն Ժողովը չկարողացաւ կաթողիկոսական ընտրութիւն կատարել, ու զայն յետաձգեց ժողովական պատգամաւորներու եւ եպիսկոպոսներու անբաւարար ներկայութեան հետեւանքով: Նոյն Ժողովը բաւականացաւ Ազգընտիր Տեղակալ ընտրել Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չորեքճեանը:

Միջադէպ մը կը կարդայի ուր Տեղակալ Սրբազանը եւս հալածուելով չէր կրնար մնալ Մայր Աթոռէն ներս, նախորդ Հայրապետի դէմ կատարուած ոճիրէն անմիջապէս ետք: Վրաստանի թեմին Առաջնորդն էր Գէորգ Արքեպիսկոպոս եւ սակայն զինք եւս կը փնտրէին բանտ առաջնորդելու համար: Գիշերով Տեղապահ Սրբազանը բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի Երեւանի տան դուռը կը բախէր որպէս ապաստան: Իսահակեան իսկոյն ներս կ’առնէր Տեղապահ արքեպիսկոպոսը եւ ներքնայարկ կ’առաջնորդէր զինք, գիշերը անցընելու եւ մի քանի օր իր եւ Տիկին Իսահակեանի հիւրը մնալու մինչեւ ապահով վերադարձը Էջմիածին: Միջադէպը կը պատահէր 1941-ի Ազգային¬եկեղեցական Ժողովէն երկու տարի առաջ:

 

Քաղաքական Վիճակը

Աշխարհասասան երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Խորհրդային Միութ-իւնը մասնակից կը դառնար պատերազմին, եւ անոր ենթակայ հանրապետութիւնները, ներառեալ Հայաստան, անորոշ արհաւիրքի կը մատնուէին, հատուցանելով բազմահազար զօրքեր միանալու Կարմիր Բանակին: Տեղակալ Գէորգ Արքեպիսկոպոս պատնեշին վրայ մնաց, ու իր անվեհեր դիւանա-գիտութեամբ կարողացաւ Մայր Աթոռի գոյութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ընդհանրական Հայրապետութեան հեղինակութիւնը պահել առանձինն յաչս Խորհրդային Միութեան եւ արտասահմանի հայութեան:

Գէորգ Արքեպիսկոպոսի պայծառ դէմքը եւ պատուաբեր անունը, հակառակ իր 73 տարիքին, վճիտ գետակի նման ոռոգեց հայ եկեղեցոյ անդաստանը մինչեւ 20-րդ դարու երկրորդ կէսին սկիզբը, Հայ Եկեղեցւոյ ճգնաժամային պահպա-նումին եւ բարգաւաճման ի խնդիր, երբ ապրեցաւ ու գործեց տասնամեակ մը եւ աւելի որպէս Տ.Տ. Գէորգ Զ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց (1945-1954):

 

129¬րդ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

Երբ 1921 թուին Հայաստանի կարգն ու սարքը հիմնովին փոխուեցան, Գէորգ Չորեքճեան արդէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր Գէորգ Ե. Սուրէնեան Կաթողիկոսէն եւ կարգուած անդամ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին եւ Առաջնորդ Վրահայոց թեմին: Նոյն պաշտօնները վարեց նաեւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի տարիներուն: Դժուար եղան Տեղակալութեան եօթը տարիները մինչեւ 76 յառաջացեալ տարիքին երբ բազմեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Գահին որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս:

1944 թուականէն սկսեալ Մայր Աթոռի նկատմամբ Հայաստանի պետական իշխա¬ նութիւնները աւելի թոյլատու գտնուեցան, նախ յարգելով ծերունի եւ իմաստուն Տեղակալի տարիներու վաստակը, եւ ապա ընթացք տալով իր շարք մը խնդիրներու իրագործման: Անոնք անշուշտ նկատի ունէին Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի հայրենասիրական խոշոր ներդրումը Խորհրդային Միութեան օժանդակելու խնդրին մէջ, երբ ինք ամէն ճիգ ի գործ դրաւ արտասահմանի օժանդակութեամբ ՚Սասունցի Դաւիթՙի անունով 22 հրասայլեր կառուցանելու եւ նուիրելու Խորհրդային ճակատին:

 

Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի Օծումը

Նորընտիր Հայրապետը Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ձեռնա-դրութիւն եւ օծում ստացաւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ 1945¬ի Յունիսի 24¬ին նախագա-հութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին, իր վաղեմի ճեմարան-աւարտ հարազատին, որ Անթիլիասէն յատուկ պատուիրակութեամբ Մայր Աթոռ ժամանած էր: Ընտրեալ Հայրապետը ինք մատոյց սուրբ պատարագը` շրջապատուած Գարեգին Ա. Կաթողիկոսէն եւ  արտասահմանեան եպիսկոպոսներէն: Մայր Աթոռոյ մէջ չկար ոչ իսկ մէկ եպիսկոպոս այդ դժնդակ տասնամ-եակին: Մինչ Գարեգին Հայրապետ Սրբալոյս Միւռոնը հեղուց Ընտրեալ Հայրապետի գագաթին, եօթը եպիսկոպոսները տարածեցին զայն յատուկ օրհներգութեամբ: Օծումէն ետք Գարեգին Կաթողիկոս շղարշով ծածկեց Ամենայն Հայոց Կա-թողիկոսին օծեալ գլուխը յանձնելով իրեն ՚Լուսաւորչի Գաւազանՙը: Օծման մասնակից եպիսկոպոսներն էին Արտաւազդ Սիւրմէեան, Եփրեմ Տոհմունի, Գէորգ Արսլանեան, Կարապետ Մազլըմեան, Գարեգին Խաչատուրեան, Մամբրէ Սիրունեան, եւ Մամբրէ Գալֆայեան արքեպիս-կոպոսները:

Հարկ է այստեղ նշել որ Հայ Եկեղեցւոյ չորս նուիրապետական Աթոռներուն ենթակայ բոլոր եպիսկոպոսներու ընդհանուր թիւը աշխարհով մէկ միայն 14 էր, նուազագոյնը Հայ Եկեղեցւոյ անցեալի պատմութեան մէջ, ոմանք գործօն եւ ուրիշներ հանգստեան կոչուած` ինչպէս Կ. Պոլսոյ Զաւէն Տ. Եղիայեան նախկին Պատրիարքը: Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան մէջ կար միակ եպիսկոպոս մը` Գէորգ Արսլանեան, իսկ Երուսաղէմի պատրիարքութեան մէջ Մեսրոպ Նշանեան Պատրիարք վախճանած ըլլալով, չկար ոչ մէկ եպիսկոպոս: Կիլիկեան Աթոռի Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի կողքին կային երեք եպիսկոպոսներ, Խադ Աջապահեան, Արտաւազդ Սիւրմէեան եւ Եփրեմ Տոհմունի:

Շաբաթ մը ետք նորընտիր Տ.Տ. Գէորգ Զ. Հայրապետը տաս եպիսկոպոսներ միանուագ ձեռնադ-րեց` գլխաւորութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Կիւրեղ Ծ. Վարդապետի, որուն շնորհեց արքութեան պատիւ: Հինգը անոնցմէ արտասահմանի թեմերէն կուգային եւ միւս հինգը` Մայր Աթոռի միաբաններ: Արտասահմանէն` Կիւրեղ Պատրիարք Իսրայէլեան, Տիրան Եպս. Ներսոյեան, Սիոն Եպս. Մանուկեան, Վարդան Եպս. Գասպարեան եւ Գրիգոր Եպս. Կարապետեան, իսկ Մայր Աթոռէն` Վահան Եպս. Կոստանեան, Ռուբէն Եպս. Դրամբեան, Ներսէս Եպս. Աբրահամեան, Սուրէն Եպս. Թորոսեան եւ Կարապետ Եպս Թումայեան: Վեց տարի ետք Գէորգ Զ. 1951 թուին ձեռնադրեց հինգ եպիսկոպոսներ եւս` Վազգէն Եպս. Պալճեան, որ յաջորդեց Լուսաւորչի Գահին վրայ որպէս Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Եղիշէ Եպս. Տէրտէրեան, յետոյ Պատրիարք Երուսաղէմի, Նորայր Եպս. Պողարեան, Սուրէն Եպս. Քէմհաճեան եւ Սահակ Եպս. Տ. Յովհաննէսեան:

 

Առաջին Իրագործումներ

Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջին տարիներուն տեղի ունեցան ուշագրաւ դէպքեր որոնք արագօրէն բուժեցին գոնէ մասամբ մօտաւոր անցեալի դառն վերքերը ու ճամբայ հարթեցին Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան քիչ թէ շատ բնականոն գործընթացին` Ստալին-եան բռնութեան ներքեւ: Հայ հաւատացեալներ սկսան բանալ տալ իրենց եկեղեցիներու փակ դռները` քահանայական ընծայացուներու ձեռնադրութիւններ խնդրելով Հայրապետէն: Նորընտիր Կաթողի-կոսի զեկոյցին համաձայն 1945-ին արդէն 11 նոր միաբաններ աւելցած էին, վեցը ճեմարանաւարտ, երկուքը համալսարանաւարտ, ուրիշ մը Լիմ անապատի միաբանութենէն: Առաջին անգամն ըլլալով երկար տարիներ յետոյ Գէորգ Հայրապետ, տակաւին Տեղակալ, սկսաւ հոգեւորականներ ձեռնադրել եւ հովուական նշանակումներ կատարել:

1951 թուին Գէորգ Զ. Կաթողիկոս աւելի սանձարձակ գործունէութիւն ցոյց տուաւ Հայաստանի կրօնական գործերու նախագահ Հրաչեայ Գրիգորեանի անուղղակի թոյլտւութեամբ: Վերջինս երբ իր գործերուն տեղեկագիրը ներկայացուց Մոսկուայի նոյն կրօնական խորհուրդի նախագահ Իվան Պոլեանսկիի, ՚Պոլեանսկի դժգոհ մնաց հաշուետւութիւնիցՙ, նշելով որ Հայաստանի մէջ կրօնական գետնի վրայ յառաջդիմութիւն արձանագրուած էր հաւատաց-եալներու համար կատարուած ծիսակատարութեանց զգալի յաւելումներով: Յուսալքիչ թուացող արձագանգը սակայն որեւէ ձեւով չկասեցուց Հայրապետին գործ-ընթացը: Ընդհակառակը, որոշեց 1951 թուին հինգ եպսկոպոսներ եւս ձեռնադրել ինչպէս յիշեցի:

 

Ստալինի Մահէն Ետք

Խորհրդային Միութեան Նախագահ Ստալին մեռաւ 1953 Մարտ 5¬ին եւ Հայ Եկեղեցին սկսաւ քիչ մը շունչ առնել, երբ Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր կեանքի վերջին երկու տարիները կը բոլորէր: Հայրապետը վախճա-նեցաւ 1954 Մայիսին: Մինչ այդ Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը գործէին 18 հայ առաքելական եկեղեցիներ գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի: Անոնցմէ` Երեւանի Ս. Սարգիս, Ս. Զօրավար,    Ս. Յովհաննէս, եւ Լենինականի Ս. Աստուածածին եկեղեցիները: Ստալինի մահէն երկու շաբաթ ետք, 1953 Մարտ 21¬ին Գէորգ Զ. Կաթողիկոս ՚Հայաստանեայց Եկեղեցու Մասինՙ իր Կոնդակով լայն շունչ մը կ’առնէր ու Հայ Եկեղեցին ՚Փրկութեան Տապանՙ կ’որակէր ՚որուն հետ ոչ ոք ցարդ չի համարձակի մտածել խզելու այն կապը որ ազգը հաստատած է եկեղեցու հետՙ:

Հոգեւոր Ճեմարանի ուսանող-ներու թիւը եւս բարձրացած է 34-ի, որոնցմէ 11-ը սարկաւագ ձեռնադրուած էին: Գէորգ Վեհափառ Հայրապետի կողքին միաբանութիւնը ունէր վեց եպիսկոպոսներ, վեց վարդապետներ, եւ որոշ թիւով քահանաներ: Իշխանութիւնները վերադարձուցած էին Գեղարդի եւ Խոր Վիրապի վանքերը, մեծագոյն մասամբ թողլքեալ վիճակի մատնուած, որոնց մասին այստեղ այցելու հոգեւորականին ականատեսի վկայութիւնը կը մէջբերեմ:

 

Դերենիկ Եպիսկոպոս Փոլատեանի Վկայութիւնները

Դերենիկ Եպիսկոպոս, Անթիլիասի Դպրեվանուց ժրաջան վերատեսուչն ու մեր հոգեւոր ծնողը, իր երեք անգամ Հայաստան կատարած յաջորդական այցելութեանց առիթով 1945, 1953, եւ 1955 թուականներուն, քանիցս տեսակցած է Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, յատկապէս իր երկրորդ այցելութեան, եւ ստացած Հայրա-պետական օրհնաբեր թելադրանքները օրուան դժուար պարագաներուն: Այդ տարի-ներուն, Հայրապետի յատուկ առաջարկով, Դերենիկ Սրբազան աւելի երկար մնացած է Մայր Աթոռ աստուածաբանական նիւթեր դասաւանդելու համար Գէորգեան Ճեմարանի սաներուն, եւ այցելուի իր վկայութիւնները ՚Յերկիր Հայրենիՙ անուն իր հատորին մէջ հրատարակելու:

Դերենիկ Եպիսկոպոս արտա-սահմանեան առաջին հոգեւորականը եղաւ որ դժուարին այդ օրերուն կրցաւ Հայաստանի հեռաւոր ու անմերձենալի վանքերը այցելել, Հաղբատ, Սանահին, Տաթեւ, Նորավանք, Գլաձոր, Խոր Վիրապ եւ Գօշավանք, ու վերադարձին գրել իր ականատեսի յուշերը: Իր որպէս ժամանակակից Հայրապետին եւ մեր նորահաս սերունդին տուած երախտիքը եղան հետեւեալ տողերը: ՚85-ամեայ այդ պատկառելի, իմաստուն եւ ազնուական առա-քինութիւններով օժտուած Հայրա-պետը Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եղաւ դիտապետը իր եռանդուն, ժրաջան, տոկուն եւ յարատեւ աշխատանքովՙ:

Իր յիշեալ գիրքով Սրբազանը շատ բան կը պարզէ մեր աչքին առջեւ իր անխոնջ շրջագայութեամբը Հայաստանի ամէն ուղղութիւններով, ուր չվարանեցաւ երթալ ու ականատեսի իր վկայութիւններով իրական պատկերը տալ կիսաւեր եւ լքեալ հռչակաւոր վանքերուն: Գէորգ Զ. Հայրապետի արտօնութեամբ, որուն մասին հիացումով գրած է Դերենիկ Եպիսկոպոս, Վայոց Ձոր կ’այցելէր Գլաձորի համալսարանը տեսնելու, եւ սակայն հիասթափ կ’լլար: Այլապէս, 1953¬ի նոյն այցելութեան ատեն թէեւ կը հանդիպէր նաեւ ՚հրաշալիՙ աւաններու որոնք ծաղկած էին Խորհրդային իշխանութեան օրով: Ի տես հայ եկեղեցիներու թողլքեալ վիճակին, ուխտաւոր եպիսկոպոսը ներքին մղումով մը իրեն ընկերացող կրօնական գործերու խորհուրդի նախագահ Հրաչեայ Գրիգորեանին կը յայտնէր իր ցասումը, խօսքը ուղղելով նաեւ իր շուրջիններուն, թէ ՚այդ բոլորը չէին կրնար զինք ազատել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ապագայի մասին իր զգացած մտահոգութիւններէնՙ:

Դերենիկ Եպիսկոպոս կը հարցնէր Հրաչեայ Գրիգորեանին թէ ՚որպէս պետական պաշտօնեայ Հայ Եկեղեցիի յարաբերութեամբ ի’նչ կը խորհէր մեր եկեղեցւոյ ապագայի մասին իբրեւ կրօնական գործերու խորհուրդի նախագահՙ: Տրուած խուսափողական պատաս-խանը կ’ըլլար ՚դա ձեր գործն է, Հայ Եկեղեցու պայծառութիւնը եւ նրա ապագան ձեզանից կախում ունիՙ: Սիւնեաց Նորավանքն ու Տաթեւի հռչակաւոր վանքը եղան Սրբազանի սրտին շատ մօտիկ ուխտավայրերը, երբ դիտել կուտար որ 1948-49 թուականներուն Խորհրդային Հայաստանի պատմա-կան յուշարձաններու պահպանութեան յանձնախումբը բացառաբար նորոգած էր վանքը:

Դերենիկ Սրբազանի գերագոյն իղձը Սիւնեաց Տաթեւի վանքը այցելելն էր իր ուխտը կատարելա-գործելու համար ուր ՚փլատակ համալիրը կը տեսնէրՙ, կիսովին փլած  1931-ի երկրաշարժէն: Կանգուն կը տեսնէր ՚Գաւազան Սիւնըՙ, որուն առջեւ վարդապետներ իրենց աստիճանները կը ստանային: Այդ մասին մեզի կը խօսէր Դերենիկ Սրբազան: Այսօր, ինչպէս բազում այլ վանքեր, Տաթեւի վանքը եւս իր անցեալի փառքին տիրացաւ ՚մեծապայծառ իր փայլքովՙ, ինչպէս գրեցին վերջին շրջանին: Ուխտաւոր եպիսկոպոսը կ’այցելէր նաեւ Սանահինի վանքի Ամենափրկիչ եկեղեցին` կառուցուած Աշոտ Գ. Ողորմած թագաւորին կնոջ Խոսրովանուշի ձեռքով 957 թուականին: Իսկ Հաղբատ հասնելով ՚մրրկայոյզ զգացումներով զայն կ’որակէր ՚Հայադաւանութեան ճշմարիտ հաւատքի ջատագով ու պահապան վանքըՙ:

Այսքանը ականատեսի վկայ-ութիւններով կը մէջբերեմ ցոյց տալու համար Մայր Աթոռի իսկական վիճակը երջանկայիշատակ Տ.Տ. Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի վերջին տարիներուն:

 

Դոկտոր Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան

«Մասիս»