image

Հրաժեշտ՝ Անահիտ Տէր Մինասեանին

Հրաժեշտ՝ Անահիտ Տէր Մինասեանին
Երանե­լի՜ օրեր։ Տա­րի՝ 1967. վայր՝ Փա­րիզի Հայ ու­սա­նողաց տուն։ Լսա­րանը մագ­նի­սացած կը հե­տեւի պա­տուար­ժան բա­նախօ­սին, որ... Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանն է, թէ­պէտ բա­ցակայ՝ նկա­րէն։ Դի­մացը նստած, գոց գոյն ակ­նո­ցով երի­տասարդ կի­նը՝ Անա­հիտ Տէր Մի­նասեանն է, քո­վինը՝ Մատ­լէն Իւ­լիւպէեանը։ Իսկ դէ­պի աջ կողմ, խո­կու­մով ունկնդրող գանգրա­հեր երի­տասարդն է Անա­հիտի եղ­բայրը՝ Գե­ղամ Գե­ւոնեանը։ 
 

Գրեց՝ Յարութիւն Քիւրքճեան

 

Անկարե­լի կը թուի ին­ծի հի­մա, ժլատ բա­ռերու ու­րուագ­ծումով մը, ընդգրկել դէմ­քը եւ վաս­տա­կը Անա­հիտ ՏԷր Մի­նասեանի:
Պատ­մա­գէտի ակա­դեմա­կան բեր­րի աս­պա­րէզի մը զու­գա­հեռ ար­տադրուած՝ բազ­մա­տաս­նեակ ու­սում­նա­սիրու­թիւն-յօ­դուած­ներ, յա­ճախ կան­խաւ ներ­կա­յացուած՝ հա­մադ­րա­կան գի­տաժո­ղով­նե­րու, կամ նիւթ դար­ձած անձնա­կան եր­կա­րա­շունչ սե­մինար-դա­սըն­թացք­նե­րու, յե­տագա­յին նաեւ ամ­փո­փուե­լու հա­մար իրե­րայա­ջորդ ժո­ղովա­ծու-հա­տոր­նե­րու մէջ. ապա դեռ՝ մե­նագ­րութիւն-հա­տոր­ներ...: Ահա՝ դեռ շատ հա­մառօտ ու մա­կերե­սային բնո­րոշու­մով՝ վաս­տա­կը հայ Սփիւռքի ծնունդ եւ արեւմտեան ակա­դեմա­կան աշ­խարհի կար­կա­ռուն դէմք Անա­հիտ Տէր Մի­նասեանի:
Ու­րեմն, այս սիւ­նա­կին մէջ ակա­դեմա­կան այս ան­հա­տակա­նու­թեան եւ իր՝ աւե­լի քան կէս­դա­րեայ գոր­ծունէու­թեան ու վաս­տա­կին ար­ժե­ւորու­մը չէ որ պի­տի ըլ­լայ. ատոր՝ ո՛չ տե­ղը կը նե­րէ, ո՛չ ալ՝ մա­սամբ՝ ստո­րագ­րո­ղին ձեռնհա­սու­թիւնը: Բայց ինչ որ կա­րելի է եւ անհրա­ժե՛շտ՝ նախ՝ նշումն է եւ շեշ­տումը յատ­կութեան մը, որուն տէր են եղած քի­չեր միայն՝ արեւմտեան աշ­խարհի հա­յազ­գի ակա­դեմա­կան անձնա­ւորու­թիւննե­րէն.- Գի­տական կազ­մա­ւոր­ման կող­քին՝ նե­րիմա­ցական, գրե­թէ բնազ­դա­յին ըն­կա­լու­մը հայ ան­ցեալ ու ներ­կայ իրա­կանու­թեան։ Ասի­կա ոմանց կրնայ թուիլ պարզ լրա­ցու­ցիչ գոր­ծօն մը, բայց կեն­սա­կան է իրօք։ Այս մեծ բա­րիքով էին օժ­տուած Անա­հիտ Տէր Մի­նասեանի ան­հա­տակա­նու­թիւնն ու գոր­ծը: Բա­րիք՝ որ եթէ կրնար մա­սամբ գալ փաս­տա­թուղթե­րու դէ­զերու հետ մնա­յուն շփու­մէ եւ խո­րամուխ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րէ, սա­կայն մա­՛նաւանդ ար­դիւնք էր ըն­տա­նե­կան աւան­դա­կան մի­ջավայ­րի մը, եւ՝ ստա­ցական-դաս­տիարակ­չա­կանի կող­քին՝ ժա­ռան­գա­կան բա­ղադ­րիչնե­րու: Ար­դիւնք ու ներ­շնչում՝ ըն­տա­նեկան նա­հապետ-կեր­պար­ներ գրա­գէտ Գե­ղամ Տէր Կա­րապե­տեանի մը, հե­րոսա­կան Կիւ­լի­զար մեծ մօր մը, ազ­գագրա­գէտ մօր՝ Ար­մե­նու­հի Գե­ւոնեանի. եւ դեռ բարձրա­դիր հո­վանին Ռու­բէն Տէր Մի­նասեանի, յե­ղափո­խական գոր­ծիչ եւ հո­մերա­կան յու­շագրող:
Հե­ռու եմ, շա՛տ հե­ռու՝ մտա­ւորա­կան եւ մարդ-ան­հատ Անա­հիտ Տէր Մի­նասեանի մա­սին յայտնա­բերու­մի մը յա­ւակ­նութիւննե­րէն: Մա­նաւանդ՝ որով­հե­տեւ ան լիապէս օժ­տուած էր ինքնա­ճանա­չու­մի, ինքնա­սահ­մա­նու­մի հա­զուա­գիւտ ատա­կու­թեամբ մը, որ այդքան ալ բնո­րոշ յատ­կութիւ­նը չէ տի­պիկ մտա­ւորա­կան­նե­րու մեծ թի­ւի մը մօտ: Աւե­լին՝ այդ ատա­կու­թիւնը Անա­հիտ Տէր Մի­նասեանի եր­կար աս­պա­րէզի վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն ուղղա­կի տի­րող գիծն էր դար­ձած իր մտա­ւորա­կան ան­հա­տակա­նու­թեան: 
Ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու «L'Echi­quier arménien entre guer­res et révolutions, 1878-1920» ժո­ղո­վա­ծուն (*), իր «Նե­րածու­թիւն» էջե­րուն մէջ, կա­տարե­լու­թեան կը հասցնէր ար­դէն հաս­տա­տուած այս յատ­կութիւննե­րու փունջը: Կը բա­ւէ հա­կիլ պահ մը՝ այդ գրու­թեան վրայ՝ լայ­նօ­րէն լու­սա­բանուելու հա­մար ասոնց առ­կա­յու­թեամբ:

Կ՚ար­ժէ մօ­տէն սե­ւեռել յատ­կա­պէս այդ «Յա­ռաջա­բան»-ին երկրորդ-եր­րորդ մա­սերը. հոն՝ բա­ցի նշուած յատ­կութիւննե­րէն՝ մեզ կը դի­մաւո­րէ Ա. Տէր Մի­նասեանի ան­հա­տակա­նու­թեան մէկ ու­րիշ, քիչ մը անսպա­սելի երե­սը՝ հա­կում-փոր­ձութիւ­նը ինքնա­պատու­մի, այնքա՜ն հե­տաքրքրա­կան՝ ան­հա­տակա­նու­թեան մը բա­ցայայ­տումին հա­մար: 
Գի­տենք, որ Ա. Տէր Մի­նասեան, իբր նկա­րագիր ու ան­հա­տակա­նու­թիւն, թէեւ բաց ու ան­վե­րապահ՝ մտե­րիմ շրջա­նակի մը հա­մար, իր գոր­ծե­րուն մէջ, հասկնա­լի գի­տական փոյ­թէ մղուած ու ակա­դեմա­կան ոճով զսպուած, չէր խօ­սեր իր մա­սին: Չէր խօ­սած ա՛յդ տա­րողու­թեամբ, չէր լու­սա­ւորած ու լու­սա­բանած՝ իր գոր­ծին եւ ան­հա­տակա­նու­թեան ծալ­քե­րը, ըն­տա­նիքի, աճ­ման ու կազ­մա­ւոր­ման մի­ջավայ­րը: 
Այս ինքնա­պատու­մը սա­կայն զգօն է եւ խորհրդա­պահ, հե­ռու ամէն եսա­կեդ­րո­նու­թե­նէ, ինքնա­ցու­ցանքէ: Զայն ստո­րագ­րո­ղը հիանա­լի յա­ջողած է ըն­թերցո­ղը հա­մակել մտեր­միկ բայց զուսպ տրա­մադ­րութեամբ մը, գտնե­լով յար­մա­րագոյն, մարդկայ­նա­գոյն, գրե­թէ անանձնա­կան շեշ­տե­րը՝ իր անձն ու հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խարհը պար­զե­լու հա­մար:

Այս բո­լորը յա­ւելեալ շա­հեկա­նու­թեամբ կ՚օժ­տեն իր վկա­յու­թիւնը, որ ահա՛ թարգմա­նովի.-

«Այս գիր­քին այ­լա­զան թե­մանե­րը կը հա­մապա­տաս­խա­նեն պատ­մա­գէտի իմ ու­ղե­ծիրս հանգրուանած հա­մալ­սա­րանա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու։ Յանձնա­ռու պատ­մա­գէտի ու­ղե­ծիր՝ որ սկիզբ առած է Փա­րիզի 19-րդ քա­ղաքա­մասի Տէ Պուա փո­ղոցի նա­խակրթա­րանէն, Պել­վի­լէն Փրէ-Սէն-Ժեր­վէ տա­րածուող ժո­ղովրդա­կան, կեն­սա­լի թա­ղի մը կեդ­րո­նին, գրա­ւուած՝ յոյն, հրեայ, հայ, իտա­լացի, սպա­նացի գաղ­թա­կան­նե­րու խուռնե­րամ բնակ­չութեամբ։ Թա­ղի կեդ­րո­նական՝ «Տօ­ներու Հրա­պարակ»-ը յի­շատակ­նե­րուս մէջ իս­կա­պէս ար­ժա­նի կը մնայ իր անու­նին։ Դպրո­ցիս 1930-ական տա­րինե­րու վար­ժուհի­ներուն կը պար­տիմ ան­բարդոյթ սէ­րը Պատ­մութեան, Ֆրան­սա­յի եւ Հան­րա­պետու­թեան պատ­մութեան, ինչպէս եւ դա­ւանան­քը՝ որ ազա­տու­թիւնը գե­րագոյն բա­րիք է, որուն կը ձգտին մար­դիկ։ Բայց նաեւ՝ որ այդ ազա­տու­թիւնը տուեալ մը չէ, կը նուաճուի պայ­քա­րով։ Ճշմար­տութիւն՝ որ կը շեշ­տուէր պատ­մութեան դա­սագիր­քի նկա­րազար­դումով։ Հե­րոսա­կան դիր­քե­րու մէջ՝ մար­դիկ (եւ նոյ­նիսկ դե­ռատի աղ­ջի՜կ մը...), Վեր­սենժե­թորիք­սէն մին­չեւ Ֆի­լիփ Օկիւսթ եւ տիւ­ Կեքլէն ու Ժանն տ՛Արք, պա­տերազ­մած էին եւ ներ­խուժող­ներ վտա­րած՝ Ֆրան­սա­յէն...։ Ինչ որ կը հաս­տա­տէին դեռ գիր­քի վեր­ջին մա­սի նկար­նե­րը՝ Ա. Աշ­խարհա­մար­տի խրամ­նե­րու եւ զո­հուող ֆրան­սա­ցի զի­նուոր­նե­րու։ Նկար­ներ՝ որոնք կը ներ­դաշնա­կուէին առօ­րեայ փոր­ձա­ռու­թեամ­բը աղջնա­կի մը, որուն միակ խա­ղավայ­րը փո­ղոցն էր. նաեւ հոն՝ քիչ մը սար­սա­փեց­նող ներ­կա­յու­թիւնը այդ Աշ­խարհա­մար­տի հաշ­մանդամ­նե­րուն։ Այսպէս, շատ կա­նու­խէն մէջս տեղ է ըրեր «ազա­տու­թեան հո­ղային սկզբունք» մը. պար­տա­ւորու­թիւնը՝ մար­դոց վրայ դրուած՝ պաշտպա­նելու իրենց հո­ղը, հայ­րե­նիքը, «մեռ­նե­լու հայ­րե­նիքին հա­մար»։ Արդ այդ չէ՞ր որ կը հրա­հան­գէր «Մար­սէ­յէզ»-ը, զոր մենք՝ աշա­կերտներ, բարձրա­գոչ կ՛եր­գէինք դպրո­ցական տա­րեշրջա­նի փակ­ման օրը...
«Բայց պատ­մութեան դա­սագիր­քը ու­նէր նաեւ ազա­տու­թեան ու­րիշ սկզբունք մը, շատ աւե­լի վե­րացա­կան։ Ազա­տու­թիւնը՝ իբր հաս­տա­տում Մար­դու իրա­ւունքնե­րու։ Եզ­րա­բանու­թիւն մը, որ ան­շուշտ մատ­չե­լի չէր ին­ծի, բայց կը ներ­կա­յացուէր՝ Պաս­թի­յի գրա­ւու­մը, Ժէօ տը Փօ­մի Ուխտը, Մար­դու եւ Քա­ղաքա­ցիի Իրա­ւունքնե­րու Յայ­տա­րարու­թիւնը եւ նման իրա­դար­ձութիւններ ոգե­կոչող պատ­կերնե­րով։ Այս մէկ ազա­տու­թիւնը ու­րեմն կը մնար աւե­լի դժուարա­հասկնա­լի, նոյ­նիսկ եթէ ցու­ցադրուած էր դպրո­ցի ճա­կատին՝ Հա­ւասա­րու­թեան եւ Եղ­բայրու­թեան նշումնե­րով։ [...] Տա­րիներ պէտք եղան՝ որ ճիշդ ըն­կա­լեմ [ֆրան­սա­կան յե­ղափո­խու­թեան] 20 Սեպտ. 1792ի՝ Վալ­միի «Կեց­ցէ Ազ­գը» աղա­ղակ­նե­րը. թէ՝ անոնք քա­ղաքա­ցիակա՛ն հա­մայնքի մը կը յղուէին, եւ ո՛չ էթ­նոս-ազ­գի՝ մշա­կու­թա­յին եւ կրօ­նական բա­ղադ­րիչնե­րով (ինչպէս պի­տի ըն­կա­լուէին Պալ­քաննե­րու կամ Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ, կամ իմ ըն­տա­նիքիս մե­ծերուն մօտ)։

«Ծներ եմ Ֆրան­սա՝ գաղ­թա­կան ծնող­նե­րէ, եւ մին­չեւ իրենց մա­հը՝ հայրս ու մայրս պա­հեր են իրենց «հայ գաղ­թա­կան»-ի կար­գա­վիճա­կը, ստեղ­ծուած Ֆրիտ. Նան­սէ­նի կող­մէ եւ հաս­տա­տուած ու շնոր­հուած՝ Ազ­գե­րու Ըն­կե­րակ­ցութե­նէն։ Անոնք կու գա­յին հե­ռու­նե­րէն՝ Օս­մա­նեան կայսրու­թե­նէն ու աւե­լի ճշգրիտ՝ Ասիական Թուրքիայէն, ինչպէս կ՛ըսուէր 1914-էն առաջ։ Բախ­տի կամ հրաշ­քի բեր­մամբ՝ փրկուեր էին Հա­յոց 1915-ի Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն, նոյ­նիսկ եթէ իրենց զոյգ ըն­տա­նիք­նե­րը մեծ մա­սով բնաջնջուեր էին՝ Մուշ եւ Սվազ (Սե­բաս­տիա)։ Տան մէջ, ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը (այն ատեն կը գոր­ծա­ծուէր «ջար­դեր» ար­տա­յայ­տութիւ­նը) երա­խանե­րէն պա­հուող թա­պու նիւթ մը չէր բնաւ։ Հո­գեխո­ցի գա­ղափարն ու բա­ռը... տա­կաւին չէին հնա­րուած ման­կա-հո­գեբուժնե­րուն կող­մէ կամ պար­զա­պէս տեղ չու­նէին մեր մօտ։ Ընդհա­կառա­կն, ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը նիւթ էր գրե­թէ ամէ­նօրեայ պա­տու­մի, կրկնուող ու նո­րոգուող։ Պա­տում մը որ, ինչպէս հէքեաթ­նե­րու մէջ, կը ճո­խանար նոր ման­րա­մաս­նութիւննե­րով՝ ներ­կա­յացուած մեր մէկ կամ միւս այ­ցե­լուի տե­ղեկու­թիւննե­րուն շնոր­հիւ։ Յի­շողու­թիւնը, իրա­կան կամ վերստեղ­ծուած, այն ատեն կը բա­նէր ան­կաշկանդ եւ կը կանգնէր պատ­նէ­շի պէս՝ ընդդէմ պատ­մութեան ու­րա­ցող­նե­րուն։
«Եր­կար ատեն, ծնող­ներս ըն­դուներ են այ­ցե­լու­թիւննե­րը կնոջ մը՝ Տի­կին Մա­րիի։ Սե­ւազ­գեստ, գլու­խը միշտ քօ­ղով մը ծած­կած, ան կը մտնէր մեր տու­նը, կը նստէր եւ կը մնար ուղղա­ձիգ մար­մի­նով՝ աթո­ռին եզեր­քին։ Ին­ծի կը թուէր շատ ծեր, ինչ որ իրա­կանու­թիւն չէր հա­ւանօ­րէն։ Կը մնար լուռ։ Ին­ծի պա­տուի­րուած էր իր ներ­կա­յու­թեան հան­դարտ կե­նալ, չաղմկել, քա­նի որ ան շատ ծանր դժբախ­տութիւններ էր ճանչցած. իր տու­նէն վտա­րուած՝ տա­րագ­րուեր էր ըն­տա­նիքով հան­դերձ։ Նախ ան­հետ կո­րեր էր ամու­սի­նը, իսկ ինք՝ ութ երա­խանե­րուն հետ՝ անա­պատի մէջ քա­լեր էր օրեր եւ օրեր։ Այս պատ­մութիւ­նը, որ միտ­քիս մէջ կը կա­պուէր Պզտիկ Բութա­մատի իմ պատ­կե­րազարդ գրքոյ­կիս պատ­մութեան, բո­լորո­վին տար­բեր վախ­ճան մը ու­նէր սա­կայն. երա­խանե­րը մե­ռեր էին իրար ետե­ւէ ու վեր­ջի­նը՝ հա­զիւ հա­սած Հա­լէպ, ապաս­տան քա­ղաք՝ որուն անու­նը շու­տով ար­ձա­նագ­րուեր էր յի­շողու­թեանս մէջ։ Ինք միայն՝ մնա­ցեր էր կեն­դա­նի։ Հի­մա դար­ձած էր կա­րու­հի։ (Ար­հեստը ին­ծի ծա­նօթ էր, որով­հե­տեւ թա­ղին մէջ անով կ՚ապ­րէին մեծ թիւ մը Հա­յու­հի­ներ, իրենց կա­րի «Սին­կէր» մե­քենա­ներուն վրայ հա­կած օրն ի բուն)։ Կ՛ապ­րէր մի­նակ, Նէօյի, 6-րդ յար­կի սպա­սու­հիի սե­նեակի մը մէջ։ Չէր գան­գա­տեր, բան չէր ըսեր իր կեան­քի չա­րաշուք թուաբա­նու­թեան մա­սին։ Ձանձրա­լի անձ մըն էր։ Ու­րիշ պա­տումներ ին­ծի աւե­լի յու­զումնա­լից կը թուէին։ Չէ՞ որ, խու­սա­փելու հա­մար «Քիւրտե­րէն եւ ան­պատւու­թե­նէն», հայ մայ­րեր իրենց երա­խանե­րով Եփ­րատ գետն էին նե­տուած...։ Այսպէս, աղջնա­կը՝ որ էի, սկսեր է ըմ­բոստա­նալով, ապա հասկցեր է, որ կա­րելի է վե­րապ­րիլ ամէն աղէ­տի։ Եւ որ ատի­կա կը կո­չուի քա­ջու­թիւն։
«Տու­նը իմ լսած բո­լոր պատ­մութիւննե­րէս (եւ մայրս ան­խոնջ պատ­մող մըն էր), իմ նա­խընտրած­ներս անոնք էին, որ կը վե­րաբե­րէին դի­մադ­րութեան հե­րոսա­կան կռիւ­նե­րու, նման՝ Պել­վիլ փո­ղոցի «Ֆէէրիք Փա­թէ» շար­ժանկա­րի սրա­հին մէջ տե­սած «քաու­պո­յական» ժա­պաւէն­նե­րուս։ Այդ պատ­մութիւննե­րը կ՛աւան­դէին դիւ­ցազնա­վէպը ֆե­տայի­ներու՝ փամփշտա­կալ գօ­տինե­րով բեռ­նա­ւոր առաս­պե­լական անձնա­ւորու­թիւններ (իրենց նկար­նե­րը կա­յին մեր հա­յերէն գիր­քե­րուն մէջ), որոնք կռուած էին թուրք բա­նակին դէմ, քիւրտ ցե­ղախումբե­րու դէմ՝ դի­մագ­րա­ւելով անա­սելի վտանգներ։ Ֆրան­սա ծնող հայ տղոց կը տրուէին անոնց անուննե­րը՝ Անդրա­նիկ, Ռու­բէն, Քրիս­տա­փոր, Իշ­խան, Վար­դան, Րաֆ­ֆի,- զի­րենք նոյն ու­ժով ու քա­ջու­թեամբ օժ­տուած տես­նե­լու յոյ­սով։ Այս պա­տումնե­րը, ուր տե­ւաբար կու գար ազա­տու­թիւն բա­ռը, մէջս կ՚ար­ձա­գան­գէին հա­մահունչ՝ Ֆրան­սա­յի պատ­մութեան հետ, պատ­մութեան դա­սագիր­քիս դա­սերուն հետ...։ 
«Բայց եթէ ազա­տու­թիւն ու հայ­րե­նիք կը շա­հուէին կռի­ւով, եւ եթէ Հա­յերը կռուեր էին, ապա ու­րեմն՝ ին­չո՞ւ պար­տուեր էին։ Ին­չո՞ւ կորսնցու­ցեր էին իրենց հայ­րե­նիքը։ Ին­չո՞ւ դար­ձած էին տա­րագիր։ Ես ին­չո՞ւ ծնած էի Փա­րիզ։ Հա­ւանօ­րէն այս հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նելու հա­մար է եւ Տի­կին Մա­րիի լռու­թիւննե­րը հասկնա­լու հա­մար,- որ պի­տի դառ­նա­յի պատ­մա­գէտ»։ 

 

* * *

Մարդկա­յին խո­րազ­գած շեշ­տե­րով օծուն այս հա­տուա­ծը, որ միան­գա­մայն կը նա­խագ­ծէր Անա­հիտ Տէր Մի­նասեանի գի­տա-ակա­դեմա­կան հա­կումներն ու աս­պա­րէզը, այնքան զուսպ ու խորհրդա­պահ շեշ­տե­րով, տէր է նաեւ ու­րիշ շնոր­հի մը. կը բա­ցայայ­տէ նկա­րագի­րը յանձնա­ռու ան­հա­տին. մեկ­նա­կէտն ու դրդի­չը ո՛չ միայն մտա­ւորա­կան-ակա­դեմա­կան աս­պա­րէզի մը, այլ՝ զսպա­նակ­նե­րը իր յայտնա­բերած, քննար­կած ճշմար­տութիւննե­րը ապ­րե­լու, կեան­քի մէջ առա­ջա-
մ­ղե­լու լծուած ան­ձին: Գի­տական ճա­նաչու­մի կե­ցուած­քին միշտ հա­ւատա­րիմ՝ բայց տե­ւաբար լծուած անով իսկ երաշ­խա­ւոր գոր­ծին ու ապ­րուած կեան­քին, որ զինք կը տա­նէր պաշտպա­նական մէկ ատեանէն միւ­սը, աշ­խարհի մէկ ծա­գէն միւ­սը - մին­չեւ հա­ղոր­դութիւ­նը նախ­նիքնե­րու հե­ռաւոր ուխտա­վայր-հայ­րե­նիքին հետ:
Ան­հա­տին մին­չեւ հե­ռու խոր­քե­րը լու­սա­ւորող այս արար­քը՝ «Նե­րածու­թեան» մը խոս­տո­վա­նու­թիւնը, վե­րը ար­դէն նշուած բնա­կանու­թեամբ եւ պար­զութեամբ նաեւ,- մտա­ծել կու տար հա­սու­նութեան, յան­գումի փու­լի մը, հա­շուետ­ւութեան մը մա­սին: Միւս կող­մէ սա­կայն՝ վառ ու կեն­դա­նի՝ զերծ կը մնար հա­շուե­փակ թե­լադ­րող ամէն նուազու­մէ, ընկճուածու­թե­նէ եւ պի­տի մնար այդպի­սին՝ մին­չեւ վերջ - մին­չեւ իր ան­դարձ մեկ­նումի պա­հը:

Ին­ծի՝ ինչպէս մտքով եւ հո­գիով իրեն հա­րազատ բո­լոր ան­ձե­րու վե­րապ­րումնե­րուն մէջ, Անա­հիտ պի­տի մնայ ան­կասկած իբր կեր­պա­րը մտա­ւորա­կան-ակա­դեմա­կան գոր­ծի­չի՝ ամ­բողջա­կան առու­մով: Բայց ան­կէ ան­դին, մա՛­նաւանդ՝ իբր հա­զուա­գիւտ վա­ւերա­կան տի­պարը՝ ու­րոյն մշա­կոյթ մը եւ անոր ներ­կայ թէ ան­ցեալ ճշմար­տութիւննե­րը նե­րու­ժօ­րէն ապ­րող անհատի:

 

 

(*) «L'Echiquer arménien entre guerres et révolutions, 1878-1920» (Ed. Karthala, Paris, 2015).

 

Յարութիւն Քիւրքճեան