image
Հրատապ լուրեր:

Մեր յուղարկաւորութիւններն ու հոգեճաշերը...

Մեր յուղարկաւորութիւններն ու հոգեճաշերը...

Բնականաբար յուղարկաւորութիւնները տխուր երեւոյթներ են: Յուղարկաւորուող անձին ընտանեկան պարագաներուն համար շատ ծանր է մանաւանդ եկեղեցւոյ արարողութիւնն ու ապա թաղման կարգը:

Հոս կ՚ուզեմ յուղարկաւորութեան եւ ապա հոգեճաշերու ժամանակ տեղի ունեցող երեւոյթներուն մասին խօսիլ, այն յոյսով որ...

Լիբանանի կամ Միջին Արեւելքի մէջ մահազդներուն մէջ կը կարդանք որ «ցաւակցութիւնները կ՚ընդունուին նոյն օրը ժամը չորսէն վեց եւ այսինչ օրը, հանգուցեալին տան մէջ ժամը …»: Երբ ցաւակցութեան կ՚երթաս, գաւաթ մը սուրճ եւ եթէ պէտք է, գաւաթ մըն ալ պաղ ջուր կը խմես, ցաւակցութիւններդ կը յայտնես հանգուցեալի պարագաներուն եւ ապա տունդ կամ գործիդ կ՚երթաս:

Բնականաբար ընտանիքին հարազատներն ու շատ մօտիկներ, խոհանոցը կամ ճաշարանը բաներ մը կ՚ուտեն: Անշուշտ քանի մը մտերիմներ ծաղկեփունջ ալ կը ղրկեն, եւ իրենց վերջին յարգանքը մատուցելով, բարոյական իրենց պարտականութիւնները կատարած կը համարեն:


Լոս Անճելըսի մէջ պարագան տարբեր է:

Ներկայ գտնուած եմ յուղարկաւորութիւններու, ուր, առանց չափազանցութեան, 30.000-40.000 տոլարի ծաղկեպսակներ ղրկուած են: Ըսեմ որ երկու-երեք պարագաներու, անձնապէս համրած են ծաղկեպսակները եւ հսկայական ծաղկեխաչերը, եւ իւրաքանչիւրին միջին հաշուով օրուան գինը բազմապատկելով հասած եմ այս գումարներուն: Անշուշտ ամէն ննջեցեալի համար այս աստղաբաշխական գումարներով ծաղկեպսակներ չեն ղրկուիր: Անգամ մը հայաստանցի բարեկամի մը դիտողութիւն ըրի ըսելով որ «ինչո՞ւ այսքան դրամ կը ծախսէք եւ ծաղկավաճառները կը հարստացնէք, ինչո՞ւ այդ գումարը դպրոցի մը կամ բարեսիրական նպատակի մը չէք յատկացներ»: Մարդը զարմացած երեսս նայեցաւ եւ «անոնց տանք որ դրամը ուտե՞ն», ըսաւ: Լաւ, թող այդ դրամը ծաղկավաճառները գրպանեն եւ թաղման գիշերն ալ ծաղիկները գերեզմանոցին եղնիկները ուտեն: Այդպէսով շատ աւելի լաւ յարգած կ՚ըլլանք ննջեցեալը:

Երբ եկեղեցական արարողութիւնը աւարտի, պաշտօնեան կամ քահանան կը հրաւիրէ սգակիրները «ետեւէն, շարքով գալ եւ իրենց վերջին յարգանքը տալ ննջեցեալին»: Յանկարծ մէջտեղի շարքերէն քանի մը մարդիկ դուրս կ՚ելլեն իրենց նստաշարքէն եւ կը սկսին առջեւ երթալ: Այս, ըստ իս, կամ այդ մարդիկը կ՚ուզեն վայրկեան առաջ դուրս հանել եւ գործերնուն երթալ, կամ ալ կ՚ուզեն ցոյց տալ որ իրենք շատ կը յարգեն մեկնողը եւ կ՚ուզեն վայրկեան առաջ իրենց յարգանքը մատուցել: Անշուշտ չեմ կարծեր որ այդ մարդիկը «էթիքէթ»ի կանոնները սորված են տարրական կրթութիւնը ունին իրենց կարգին սպասելու:

Թաղումէն ետք սրահ մը կը հաւաքուինք հոգեճաշի:

Նախկին «Րոնզ Սուփըրմարքէթ»ի սեփականատէր Գրիգոր Ասատրեանի (ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի բարերարներէն) հոգեճաշին, ննջեցեալի ընտանեկան պարագաներէն առաջ արդէն իսկ «սգակիր հասարակութիւն»ը սրահ հասած էր եւ ... ճաշելու սկսած: Երբ Ասատրեանները սրահ հասան, տեսան որ իրենց համար վերապահուած սեղաններն անգամ գրաւուած էին («է ին՞չ ընէիք, տեղ չկար մեզի» եղաւ անոնց պատասխանը): Արդէն իսկ վոտքայի առաջին շիշերը պարպուած էին եւ երկրորդ շիշերը կիսով մը շոգիացած: Ներկաները ոգեւորուած իրենց ամէնօրեայ հարցերուն մասին կը խօսէին: Երբ սկսայ Ասատրեանի կեանքին մասին խօսիլ, մարդ մտիկ ըրած չունէր: Ստիպուած բարձրաձայն դիտողութիւն ըրի, եւ մարդիկ քիչ մը լռեցին, բացի մէկ սեղանէն: «Պարոնայք, խօսքս ձեզի ալ է, դո՛ւք, հո՛ն, այդ սեղանը, կը հաճի՞ք լռել», ըսի: Մարդիկը շատ ծուռ եւ բարկացած ինծի նայեցան եւ բարեհաճեցան լռել: Հոգեճաշէն ետք, ծանօթ անձնաւորութիւն մը ինծի մօտեցաւ եւ «եթէ Ասատրեանին խաթիրը չ՚ըլլար, դուն վաղը արեւը չէիր տեսներ», ըսաւ...:

Միշտ, հոգեճաշերուն ժամանակ «սգակիրները» զբաղած կ՚ըլլան սեղանակիցներուն հետ բարձրաձայն խօսակցելու եւ բնաւ կարեւորութիւն չեն տար քանի մը խօսք ըսողներուն: Անգամ մը, մօտ բարեկամի մը հոգեճաշին ես պիտի ըլլայի գլխաւոր խօսողը, սակայն վոտքայէն այնքան «տաքցած» էին գլուխները, այնքան «քահ-քահ»ներով եւ կատակներով աղմուկը բարձրացած էր, որ ննջեցեալին կնկան քով գացի եւ ըսի, որ ես այս ամբոխին առջեւ չեմ խօսիր:

Գիտեմ, որ Հայաստանի գերեզմանները շատ ճոխ կ՚ըլլան շիրմաքարերով, կիսանդրիներով, խաչքարերով եւ այլապէս: Լոս Անճելըսի Հոլիվուտի գերեզմանատունը նշանաւոր է հոն թաղուած սինեմայի աստղերով: Սակայն, երբ Հոլիվուտի այս գերեզմանատունը այցելէք, դերասաններուն գերեզմանները նսեմացած կը տեսնէք հոն թաղուած հայերու գերեզմաններուն քով: Մարդիկ հսկայական գումարներ կը ծախսեն իրենց ննջեցեալներուն գերեզմանները փառաւոր կերպով շինելու: Երբեմն, 3-4 գերեզմանոցի կտորներ կը միացնեն եւ մէկ հատ, մեծ գերեզմանաքար մը կը դնեն, անշուշտ սեւ մարմարի վրայ փորագրուած ննջեցեալին նկարով եւ յուզիչ բանաստեղծութեամբ մը:

Ազգային շրջանակներու մէջ ծանօթ, ունեւոր անձնաւորութիւն մը, որ եկեղեցւոյ մըն ալ Ծխական Խորհուրդի անդամ էր, գրեթէ ամէն կիրակի անպայման հոգեճաշի մը ներկայ կ՚ըլլար: Ամէն կիրակի, Քառասունքի հոգեճաշի մը ներկայ կ՚ըլլար իր կնկան հետ, համադամ աղցաններն ու ճաշերը կը ճաշակէր եւ ենթակային ընտանեկան պարագաներուն ալ ցաւակցութիւն յայտնելէն ետք, տուն կ՚երթար: Շաբթուան մէջն ալ, քանի որ Ծխական Խորհուրդի անդամ էր, կ՚իմանար թէ ո՞վ մահացած է: Եթէ մահացած անձը հեռուէն ճանչուոր մըն էր կամ քիչ մը ունեւոր եւ հոգեճաշ ալ պիտի հրամցնէին, եկեղեցի կ՚երթար, կը տեսնուէր պարագաներուն, ապա, առանց գերեզմանատուն երթալու սրահ կ՚երթար հոգեճաշին ներկայ գտնուելու: Իր օրն ալ հասաւ եւ Գաբրիէլ հրաշտակապետը զինք տարաւ (ո՞ւր, չեմ գիտեր): Երբ ցաւակցութեան համար իրենց տունը գացինք, թաղման կարգադրութիւններու, օրուան, գերեզմանատան եւ այլ հարցերու մասին երբ կը խօսէինք, հարցուցի որ թաղումէն ետք հոգեճաշ ալ պիտի տա՞ն: «Մեր հայրը հոգեճաշի չէր հաւատար» եղաւ մեր ստացած պատասխանը ... :

Ուրիշ, բաւականին ունեւոր անձ մը, խօսակցութեան մը ընթացքին, ժպիտով ըսաւ որ «մենք կիրակի օրերը ճաշ չենք պատրաստեր»: Երբ հարցուցի որ կիրակի օրերուն ճաշարա՞ն կ՚երթան, «ոչ» ըսաւ: «կիրակի օրերը Սբ. Աստուածածին եկեղեցին (Կլէնտէյլ) կ՚երթանք, հոգեհանգիստներու ընթերցման ժամանակ կը հետեւինք որ ո՞ւր հոգեճաշ կայ: Անցեալ անգամ «Ֆինիսիա» ճաշարանն էինք, այս անգամ «Անուշ» ճաշարանը երթանք, կ՚ըսեմ կնկանս, ու կ՚երթանք: Անպայման ծանօթ մը կ՚ելլէ, անոնց սեղանը կը նստինք, կ՚ուտենք կը խմենք, վերջն ալ պարագաներուն մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք եւ «լուսահոգին լաւ մարդ էր, մեղք եղաւ, տակաւին ժամանակ ունէր» մը կ՚ըսենք եւ տուներնիս կ՚երթանք»: Ի՛նչ խելացի մարդ...:

Երբեմն կը պատահի որ ծանօթի մը հոգեճաշին ժամանակ, մարդիկ կ՚ելլեն եւ կը սկսին գովաբանել մեկնողը: Այնքան մը շռայլ կը գտնուին իրենց գովասանքներուն մէջ որ կը ստիպուիս քովիններուդ հարցնել որ ո՞վ էր մեռնողը, արդեօք ճի՞շդ տեղը եկած ենք, թէ այս մարդը ուրիշի մը մասին կը խօսի:

Չինացիներուն կամ քորէացիներու թաղումները տեսած եմ: Բոլոր տղամարդիկը սեւ տախըմ, ճերմակ շապիկ եւ սեւ փողկապ հագուած կ՚ըլլան: Կիները, բոլորն ալ սեւ հագուստ (փէշ եւ բաճկոն), սեւ գուլպայ եւ սեւ կօշիկ հագուած կ՚ըլլան: Ոմանք տակաւին, սեւ գլխարկ ալ կը դնեն:

Հայկական թաղումներուն, յաճախ կը հանդիպինք տղամարդոց որոնք սեւ «թիշրթ»ներով եկած են, կամ ճինզ տաբատով՝ սեւ կաշիէ բաճկոն հագուած, սրճագոյն բաճկոնին հետ՝ կապոյտ տաբատ, եւայլն: Հանդիպած եմ կիներու որոնք կարմիր բաճկոն կամ կարմիր շալ դրած կ՚ըլլան: Ոմանք կարծես հարսնիքի եկած ըլլան, սեւ` փայլուն, թափանցիկ հագուստ եւ...: Վերջ ի վերջոյ ճաշակի եւ յարգանքի հարց է:

Կարծես ժամանակն է որ մենք մեր մեռելներուն հետ քիչ մը աւելի յարգանքով վերաբերուինք: Յարգենք նաեւ ննջեցեալին պարագաներուն սուգը եւ մեր արտայայտութիւններուն եւ արարքներուն մէջ ըլլանք զուսպ եւ յարգալից:


 

Վարդգէս Գուրուեան

«Պայքար»/Պոսթոն