image

Ճոնաթան Գոնլինի «Գալուստ Կիւլպէնկեանի բազմաթիւ կեանքերը. MR FIVE PER CENT » գիրքը

Ճոնաթան Գոնլինի «Գալուստ Կիւլպէնկեանի բազմաթիւ կեանքերը. MR FIVE PER CENT » գիրքը

2019 տարին հարուստ է 150-ամեակներով, թէեւ Հայաստանի մէջ շեշտը դրուած է Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի վրայ, սակայն անդին կան մշակութային պատկառելի դէմքեր՝ ինչպէս Լեւոն Շանթը, որ  գրականութեան եւ թատրոնի մէջ իր թողած ժառանգութեամբ նոյնքան արժանի են ազգային մեծարանքի։ Բոլորովին այլ մարզի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան եւս, որ բազմավաստակ ու առեղծուածային անձնաւորութիւն է եւ որուն աւանդը շատ-շատ մեծ է թէ՛ ազգային, թէ՛ միջազգային առումով, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, ուր անոր անունին հաստատուած հիմնարկութիւնը տասնամեակներէ ի վեր նպաստաւորած է եւ դեռ կը նպաստաւորէ կրթական ու մշակութային հաստատութիւններ եւ ուսանող-հետազօտողներ։ Սովետական Հայաստան զինք չէ ճանչցած բոլշեւիկեան, խորհրդային կարգերու կողմէ համայնավարական գաղափարախօսութեան պատնէշին պատճառով։

Նշելու համար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակը, Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը պատուէր մը տուած էր Ճոնաթան Գոնլինին, որ կենսագրական նոր ուսումնասիրութեան ձեռնարկէ, անոր առջեւ բանալով Հիմնարկութեան մէջ պահպանուած Կիւլպէնկեանի անձնական ու մասնագիտական, ձեռնարկատիրական, գեղարուեստական արխիւները, որոնք կը ներկայացնեն աւելի քան 600 մեթր կազմող գրադարանային նիւթեր։ Հիմնարկութենէն դուրս կան նաեւ ընկերութիւններու, պետութիւններու, մամլոյ արխիւներու եւ անհատներու յուշագրութիւններ ու արխիւներ, որոնց առատութիւնը իսկական մարտահրաւէր մըն է ոեւէ լուրջ հետազօտողի, անոնց մէջէն ամփոփ կենսագրութիւն մը գրելու համար։

«Պարոն 5 տոկոսը» (Mr Five per Cent) ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մըն է Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին մասին։ Նոր ծալքեր կը բանայ անոր բազմաշերտ ու բեղուն կեանքին վերաբերեալ, ինչ որ գիրքին ենթավերնագիրն ալ ուղղակի կ՚ընդգծէ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեանի բազմաթիւ կեանքերը» (Many lives of Calouste Gulbenkian)։ Եզակի անձնաւորութիւն մը, որուն բազմաթիւ կեանքերուն մաս կը կազմեն՝ միջազգային առեւտուրը, աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան պայմաններու մէջ դիւանագիտութիւնը, դրամատիրական հեռանկարային ներդրումները, քարիւղի ճարտարարուեստի գիտութիւնը, գեղարուեստական գործերու հաւաքումը, ընտանեկան կեանքը, հայկական ազգային հաւաքական կեանքին մասնակցութիւնը…

Ճոնաթան Գոնլին իր այս աշխատասիրութիւնը Մարտ 13-ին պիտի ներկայացնէ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Փարիզի կեդրոնին մէջ, շեշտը դնելով անոր Փարիզեան կենսագրութեան վրայ, «Կիւլպէնկեանի Փարիզը» վերնագրով։

Սոյն գիրքը Կիւլպէնկեանի նուիրուած առաջին կենսագրական գրութիւնը չէ, հաւանաբար վերջինն ալ չէ։ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան, դարաշրջան կ՚ուզէ ինքն իր մեկնաբանութիւնը տալ, նոր արժէքներու լոյսին տակ քննարկել Կիւլպէնկեանի նման ժամանակէ դուրս հսկայական կերպարի մը երեւոյթը, որ եզակի է, բազմաթիւ առումներով՝ ուսանելի եւ անկրկնելի։

Գոնլինի ուսումնասիրութիւնը ունի իր նորութիւնները։ Ան իր լուրջ ու լայն քննարկումներով Փորթուկալի մէջ թեր ու դէմ կեցուածքներու տուն տուած է, այն աստիճան որ նոյնիսկ երկրին նախագահը մասնակցած է վիճարկումին ու պետութեան դիրքորոշումը յայտնած։ Խնդրոյ առարկայ են Կիւլպէնկեանի կտակն ու Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կանոնադրութեան շարադրանքը: Արդարեւ, անգլիացի Ռատքլիֆ եւ փորթուկալցի Պերտիկաօ փաստաբաններու միջեւ տարակարծութեան, ինչպէս նաեւ Գէորգ Եսայեանի, Նուպար Կիւլպէնկեանի միջեւ անհամաձայնութեան եւ Փորթուկալի պետութեան բռնապետ՝ Սալազարի անմիջական միջամտութեան հետեւանքով Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը դարձած է մեծամասնութեամբ փորթուկալական ղեկավարութիւն ունեցող վարչական միաւոր մը, հեռու՝ Կիւլպէնկեանի կտակին բանաւոր տրամադրութիւններէն։

«Mr Five per Cent» հատորը կը պատմէ՝ Միջին Արեւելքի տարածքին 19-րդ դարու աւարտէն մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը երկարող ժամանակաշրջանին՝ քարիւղի հանքերու, ճարտարարուեստի, փոխադրատար խողովակներու շինարարութեան եւ շահագործումին համար մղուած պայքարին, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ու եւ այլ մեծ տէրութիւններու՝ ռազմաքաղաքական, դրամատիրական, ինչպէս նաեւ քարիւղի ճարտարարուեստի զարգացման մէջ մրցակցութեան մասին, ուր Կիւլպէնկեանի մատուցած ծառայութիւններուն եւ խաղացած դերակատարութեան մասին հետաքրքրաշարժ բազում դրուագներ կան, որոնք մեծ տէրութիւններու շահերու բախման իւրայատուկ ընթերցում մը կը ներկայացնեն։

Հատորին մէջ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ներկայ է նաեւ Հայկական հարցը՝ ըլլայ նախքան Համաշխարհային Ա. պատերազմը, ըլլայ պատերազմի ժամանակ կամ անկէ ետք: Ցոյց կու տայ, որ Հայոց դէմ սանձազերծուած հալածանքներու, ջարդերուն եւ բնաջնջումի այդ ժամանակներուն՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան իր անմիջական դերակատարութիւնը ունեցած է միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։

Ուրեմն, անպայման պէտք է կարդալ միջազգային եւ հայկական պատմութեան խաչմերուկին կանգնած Կիւլպէնկեանի կեսնագրութեան նուիրուած հետաքրքրական ու ուշագրաւ այս գիրքը:

 

Ժիրայր Չոլաքեան

«Նոր Յառաջ»