image

«Ես հայ բանաստեղծութեան սիրահար եմ». Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան

«Ես հայ բանաստեղծութեան սիրահար եմ». Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը մշտապէս կը գնահատէ, կ’արժեւորէ սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական, ազգային, մշակութային նշանաւոր գործիչներու հայանպաստ գործունէութիւնը: Այդ առիթիւ Յուլիս 27-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարը պարգեւատրեց քանի մը սփիւռքահայ մշակութային գործիչներ: Անոնցմէ մէկը լիբանանահայ ասմունքող, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետուհի Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանին:  «Հայերն այսօր» ջերմ հարցազրոյց մը ունեցաւ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի հետ, որը կը ներկայացնենք  մեր ընթերցողներու ուշադրութեանը:

 

 -Անի՛, սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզի՝ նախարարութեան «Ուիլիամ Սարոյեան» շքանշանով պարգեւատրուելու առթիւ: Անշուշտ, ձեր ծաւալած հայրենանուէր գործունէութեան համար շատ պարգեւներու արժանացած էք, եւ ամէն մէկը իր խորհուրդը ունի:  Կը խօսիք  այս մասին:

-Շատ շնորհակալ եմ:  Անշու՛շտ, շատ պարգեւատրումներու արժանացած եմ, եւ ամէն մէկը իր խորհուրդը ունի, սակայն Հայրենիքի մէջ ստացած պարգեւի խորհուրդն ու նշանակութիւնը բոլորովին ուրիշ է:  Շատ յուզուած եւ ուրախ եմ: Ճիշդ է, ես կ’աշխատիմ եւ հայ մշակոյթը կը  տարածեմ առանց որեւէ ակնկալիքի, սակայն հաճելի է ուշադրութեան արժանանալ, գնահատուիլ Մայր Հայրենիքի կողմէ, մասնաւորապէս՝ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:

-Ասմունքելը իւրայատուկ, բնատուր շնորհ է.  Արդեօք մանուկ հասակէ՞ն այս ասպարէզը ոտք դրած էք:

-Ինչպէս ըսիք, ասմունքելը շնորհ է, եւ այն ի վերուստ տրուած բան մըն է, սորվելով չես դառնար ասմունքող: Որոշ տուեալներ պէտք է ամբողջանան մարդու մէջ, որպէսզի յաջողութիւններ ունենայ: Ես նաեւ իմ ծնողքիս պարտական եմ այս շնորհի համար. հայրս՝ լուսահոգի, շատ հայրենասէր Յակոբ Սարաֆեանը, արուեստի նկատմամբ սէր ու ճաշակ ունէր, իսկ մայրս՝ բացառիկ ձայն, այսինքն՝ մեծցած եմ արուեստասէր, մշակութային շնչով լեցուն միջավայրի մէջ:  Անշուշտ, այդ բոլորին նպաստած է նաեւ հայկական դպրոցը:  Լիբանանահայ գաղութի համար կարեւոր է  արուեստը, մշակոյթը հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը:  «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը  ամէն տարի կը կազմակերպէ ասմունքի մրցոյթ, որուն կը մասնակցին երկրորդական եւ միջնակարգ վարժարաններու հայ աշակերտները: Շուրջ 7 տարի ես այդ մրցոյթի յանձնաժողովի անդամ եմ:

-Անի՛, քանի՞ տարեկան էիք երբ առաջին անգամ ասմունքեցիք, եւ որմէ՞կ բեմի վրայ ասմունքեցիք:

-Շատ փոքր հասակէս սկսած եմ ասմունքել եւ կարդալ հայ գրողներու գործերը: Ես հայ բանաստեղծութեան սիրահար եմ: Ասմունքիս առաջին երեկոն կայացաւ երբ դպրոցական աշակերտ էի, Պէյրութի նշանաւոր սրահներէն մէկը, որուն մէջ 700 անձ կրնար ներկայ գտնուիլ: Սրահը լեփ-լեցուն էր:  Ես այդ ելոյթի ընթացքին ներկայացուցի արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրողներու ստեղծագործութիւնները:

-Ո՞վ  կը կազմէ ձեր համերգային ծրագիրը:

- Փոքր տարիքէս ես կազմած եմ իմ ելոյթներու ծրագիրները, որովհետեւ ե՛ս պէտք է զգամ, պէտք է հասկնամ թէ որ ստեղծագործութիւնը կրնամ հանդիասատեսին հասցնել այնպէս ինչպէս ես կը զգամ:

-Ինչպէ՞ս կը  կազմակերպէք  ձեր ասմունքի երեկոները:

-Ես մեծ սիրով կ’ընդառաջեմ Լիբանանի բոլոր միութիւններու եւ  կազմակերպութիւններու հրաւէրները, չեմ  մերժեր որեւէ մէկ կազմակերպութեան, եւ այդ ամէնը կը կատարեմ առանց շահախնդրութեան:

-Անի՛, Լիբանանէն բացի ուրիշ ո՞ր երկրները ելոյթներ ունեցած էք:

-Ասմունքած եմ Սուրիոյ (Հալէպ,Դամասկոս), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (Ապու Տապի, Տուպէյ), Պուլկարիոյ (Սոֆիա), Քանատայի (Թորոնթօ, Մոնթրէալ), Միացեալ Նահանգներու (Քալիֆորնիա, Լուիզիանա), Իրանի  (Թեհրան) մէջ:  Իմ բաղձանքս Հաայստան ելոյթ ունենալ էր, եւ ահա, երազս շուտով պիտի իրականանայ` Առնօ Պապաջանեան համերգասրահը «Իմ երազը» խորագիրով ասմունքի երեկոյ մը պիտի ունենամ եւ պէտք է հանդիպիմ  Հայաստանի իմ սիրելի հանդիսատեսին հետ:

-Դուք շատ բազմազբաղ էք եւ ասմունքելէ  զատ ունիք նաեւ ուրիշ կարեւոր աշխատանքներ. կրնա՞ք պատմել նաեւ այս մասին:

-Այո՛, ճիշդ էք: Լիբանան պատասխանատու մեծ աշխատանքներ ունիմ: Շուրջ 5 տարի է, յանձն առած եմ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնի պարտականութիւնները: Ամբողջ օրը` մինչեւ ուշ ժամ, ես զբաղուած եմ թերթի աշխատանքներով, անձամբ գրելու ժամանակ չունիմ, հազուադէպ կը գրեմ: Ստեղած ենք երիտասարդներով համախմբուած, նոր, թարմ շունչով լեցուն աշխատանքային լաւ խումբ, որոնք աշխարհի տարբեր կողմերէն կը համագործակցին մեզի հետ: Օրաթերթի մէջ  կը զետեղուի բազմաբնոյթ նիւթեր: Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը Աւետիս Ռազմիկն է: Ես նաեւ Լիբանանի «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետուհին եմ: Տարուայ մէջ մենք շատ միջոցառումներ կը կազմակերպենք, բայց մեր գլխաւոր աշխատանքները կեդրոնացած են «Արեգ» պարախմբի վրայ: Պարախումբը ունի մեծ եւ փոքր պարողները: Միայն դպրոցի մէջ հայերէն սորվելով փոքրիկ մը հայ չըլլար:  Երբ հայկական երգեր կ’երգեն, պարեր կը պարեն, կ’ասմունքեն, հայ մշակոյթը կը տարածեն, աւելի զօրաւոր հայեր կը զգան իրեք   զիրենք: Մեր պարախումբը առայժմ շատ երկիրներու մէջ ելոյթ չէ ունեցած: Երկու տարի առաջ Սուրիոյ, իսկ անցեալ շաբաթ Լիբանանի մէջ ելոյթ ունեցաւ:  Լեփ-լեցուն սրահի մէջ երկար ժամանակ ծափահարութիւններու ձայնը չէր դադրեր:  Յոյս ունիմ, որ յաջորդ տարի կը մասնակցինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ  կազմակերպուելիք փառատօնին:

-Անի՛, ի՞նչ է Ձեր զբաղուածութեան միւս ոլորտը

-Երրորդ՝ կարեւոր դաշտը, ուր զբաղուած եմ, իմ ընտանիքս է: Ես տանտիկին եմ, երեք երեխաներու մայր եմ եւ թոռնիկներ ունեմ: Իմ 3 երեխաներս ալ համալսարանավարտ են. մեծ աղջիկս թարգմանիչ է, միւս աղջիկս կրաֆիկ տիզայներ է, իսկ տղաս մարքեթինկի/ առեւտուրի մասնագէտ է: Անոնք միշտ կ’օգնեն ինծի:

-Կրկին անդրադառնամ ասմունքի ոլորտին. նշանաւոր ասմունքողներէն  ո՞վ  եղած է Ձեզի  համար օրինակ, մեծութիւն

-Ցաւոք, այս օրերուն մահացաւ իմ շատ սիրելի ասմունքող Վերա Յակոբեանը, որ ան Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային առաջին կապեր հաստատող արուեստագէտներէն մէկն էր:  Ես  իրեն  դեռ մանկութեան օրերէս կը յիշեմ: Տարիներ առաջ, երբ Վերա Յակոբեանը Լիբանան կու գար, եւ երլոյթներ կ;ունենար, լսելով անոր ասմունքը, մեծ  տպաւորութիւն կը ձգէր:  Այդ օրերէն եղած է իմ տիպարը, իտէալը, եւ ես իր հայրենաշունչ ասմունքով աւելի սիրահարեցայ Հայրենիքիս:

-Թեմատի՞կ են Ձեր համերգները

– Միշտ թեմատիկ չեն, սակայն բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններու, նշանաւոր յոբելեաններու, հայ ժողովուրդի համար յիշատակելի օրերու, տօներու առթիւ ասմունքի երեկոներ  կազմակերպած եմ, որոնցմէ կը յիշեմ` Սիլվա Կապուտիկեանի «Երկխօսութիւն իմ եւ իմ միջեւ»,ը Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական էսքիզները», Սայաթ-Նովայի գործերը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առթիւ   ելոյթներ եւ այլն:

-Անի՛, մեր հարցազրոյցը աւարտենք Հայրենիքի մասին ունեցած ձեր սրտի խօսքով. Ի՞նչ է Ձեզի համար Հայրենիքը:

 

-Ի՛մ Հայրենիք,

 Հաւատում եմ քո սուրբ հողի կանչին յաւերժ,

Հաւատում եմ քո լեռներին՝ գահաւորուած երկնքի մէջ,

Դու յաւերժի անշե՛ղ  ճամբորդ,

Մահը  հերքող ճշմարտութիւն,

Դու ապրելու հաւատաւո՛ր,

Յաւերժութեան ա՛չքն ես արթուն,

Ու քո աչքով յաւերժական՝

 Նայում եմ ես դէպի հեռուն

Ու տեսնում եմ քո ապագան,

Խաղաղութեա՛ն աղաւնատուն

Այսպիսի՛ն է Հայրենիքի ինծի համար:

Նորօրեայ հայ բանաստեղծներէն մէկու հայրենաշունչ այս տողերով ալ կ’աւարտեմ իմ հարցազրոյցը Սփիւռքի հայ մշակոյթի անխոնջ մշակներէն մէկուն ՝ շատ պայծառ  անձնաւորութիւն եւ ազգային   գործիչ ՝ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանին հետ:

 

 

 

 Հարցազրոյցը ՝

Կարինէ Աւագեանի

 

 

«Հայերն Այսօր»