image

Երգերուս մէջ նաեւ պատմական հայրենիքս կայ. Սեպուհ Սիմոնեան (Տեսանիւթ)

Երգերուս մէջ  նաեւ պատմական  հայրենիքս կայ. Սեպուհ  Սիմոնեան (Տեսանիւթ)

Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներուն, հայաստանեան երաժշտական կեանքին «դէմքը» հաւանաբար Սեպուհ Սիմոնեանն էր՝ բազմաոճային ամերիկահայ երգիչ մը, որուն այցերը Հայաստան ժամանակակից երիտասարդութեան համար իրադարձութիւն կը դառնան: Առաջին անգամ 2014 թուականին էր, երբ Սեպուհ իր «Capital Cities» փոփ-ժանրի երաժշտութիւն մեկնաբանող խումբին հետ Հայաստանի մէջ համերգներ ունեցաւ, եւ հաւանաբար նոյնիսկ ինք չէր պատկերացներ, որ այդքան ճանաչում ունի հայրենիքի մէջ: Անոր երեք համերգներուն տոմսերը շուտով սպառեցան:

Սեպուհ Սիմոնեան եւ իր խումբը նշանաւոր են բազմաթիւ երկիրներու մէջ, բայց ճանաչման ճանապարհը մէկ օրէն չէ յստակացած: Անոնց ամէնէն յայտնի «Safe and Sound» երգը նախ հնչած է Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէն՝ Փերուի ձայնասփիւռային կայաններէն, ապա սկսած է Միացեալ Նահանգներու կայաններէն սփռուելու եւ աստիճանաբար յայտնութիւն բերած է իր երկու հոգիէ կազմուած խումբին: Այնուհետեւ, խումբը մէկուկէս ամիս շարունակ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ շրջագայած է ամերիկացի նշանաւոր երգչուհի եւ դերասանուհի Քեթի Փերիի հետ, որ բացումը կատարած է խումբի համերգներուն, եւ այս մէկը, անշուշտ, աւելի մեծ ճանաչում բերած է խումբին:

2011ին թողարկուած «Safe and Sound» երգը միջազգային կարգ մը երգի շքերթներու ընթացքին զբաղեցուցած է առաջին հորիզոնականները: 2013ին Սեպուհ Սիմոնեանի ստեղծած «Capital Cities» խումբը թողարկած է «In a Tidal Wave of Mystery» ալպոմը: Խումբը ունի երեք ալպոմ եւս, որմէ վերջինը 2017ին թողարկուած է եւ կը կոչուի «Lazy Hooks»: Ամերիկեան միջավայրի ծնունդ այս խումբը յաջողութեամբ համերգներ կ՛ունենայ զանազան երկիրներու մէջ եւ մեծ ընդունելութիւն ձեռք կը ձգէ:

Մեզի՝ հայերուս համար, անշուշտ հպարտութիւն է, որ ժամանակակից երաժշտական աշխարհին մէջ ճանչցուած խումբի մը հիմնադիրը, մեներգիչը մե՛ր հայրենակիցն է, հայերէն խօսող, իր հայկական արմատները լաւագոյնս ճանչցող, հայկական էութեան հաւատարիմ, աշխատասէր արուեստագէտ մը, որ յաջողութիւններու հասած է՝ ինքնատիպ, յամառ աշխատանքին եւ մարդասիրական բնաբանով իր երգերուն շնորհիւ:

Սեպուհ Սիմոնեան այժմ կը պատրաստէ անհատական ալպոմ մը, ուր իր երգերուն կը նուագակցի Ճիւան Գասպարեան կրտսերը, ինչպէս նաեւ երգեր կը թողարկէ Սերժ Թանքեանի հետ:

Այս տարի, ամերիկաբնակ երգիչը որոշած էր ընտանիքին հետ Կաղանդի տօնական օրերը եւ Սուրբ Ծնունդը անցընել Հայաստանի մէջ, աւելին՝ Կաղանդի գիշերը պիտի գտնուէր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, իսկ մինչ այդ, Նոյեմբերէն սկսեալ, ան Երեւանի մէջ մասնակցած է երաժշտական, մշակութային բազում երեկոներու եւ իր կատարումով բացած է Հիւսիսային պողոտայի տօնավաճառը: Համերգ մը ունեցած է «Վիզա» ռաք-խումբին հետ, որուն արտադրողն է Սերժ Թանքեան. նոյն համերգին նաեւ մասնակցած է Ճիւան Գասպարեան կրտսերը՝ տուտուկի նուագակցութեամբ:

Սեպուհը Նոյեմբեր ամսուն այլ համերգ մըն ալ ունեցաւ՝ այս անգամ երգչուհի Սիրուշոյի հետ. ընթացքին, երաժշտական զոյգը երգեց «Վույ, աման» երգը, որ այսօր արդէն Երեւանի երիտասարդութեան սիրելի երգը դարձած է: Երգին նախապատմութիւնը հետաքրքրական է… Արդարեւ, Սիրուշօ Սեպուհին առաջարկած է աշխատիլ միասին, երգ մը երգել ու երգին անունն ալ «Վույ, աման» դնել: Երգը հայաստանցիի եւ սփիւռքահայու սիրոյ մասին է: Սեպուհ սիրով ընդունած է առաջարկը, վստահ ըլլալով, որ շատեր նմանատիպ պատմութիւններ ունեցած են, այդ կարգին՝ եւ ի՛նք, իր երիտասարդութեան տարիներուն: Այս երգը հիանալի առիթ մը դարձաւ, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ա՛լ աւելի ճանչնան Սեպուհը: Երգին հիման վրայ նաեւ տեսահոլովակ մը նկարահանուած է: Սակայն, մինչ այս երգը, երաժշտասէր հասարակութիւնը արդէն գոց գիտէր Սեպուհ Սիմոնեանի «Safe and Sound» երգը եւ անոր վերջին համերգներուն կ՛երգէր երգիչին հետ: 2013ին, «Safe and Sound»ը ներկայացած է նաեւ «Կրեմի» մրցանակաբաշխութեան. ճիշդ է, որ անիկա յաղթանակ չէ տարած, սակայն «Լաւագոյն տեսահոլովակ» անուանակարգին մէջ առաջին հինգի շարքին մէջ ըլլալը արդէն լաւ ցուցանիշ մըն էր առաջին անգամուան մասնակցութեան համար:

Իր այս տարուան հայաստանեան այցին վերջին համերգը Սեպուհ Սիմոնեան ունեցաւ 23 Դեկտեմբերին, Կոմիտասի անուան Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ՝ «Սեպուհ եւ ընկերները» խորագիրով: Անոր ընկերակցեցան «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնէն սաներ, որոնց հետ Սեպուհ վարպետութեան դասեր իրականացուցած է՝ փոխանցելով իր հարուստ երաժշտական փորձն ու գիտելիքները: Ոչ միայն անոր մասնագիտական գործունէութիւնը, այլեւ ընդհանրապէս կենսագրութիւնը հարուստ եղած է, նման Մերձաւոր Արեւելքէն Արեւմուտք հասած այն բազում հայերու կենսագրութիւններուն, ո-րոնցմէ դուրս Սեպուհ եւ շատեր կերտեցին իրենց իւրօրինակ ճանապարհները: Այդ ճանապարհները դժուար ընթացքներով կ՛երկարին եւ այդ մարդիկը օր մը անպայմա՛ն Հայաստան կը բերեն:

1978ին Հալէպ ծնած է Սեպուհ Սիմոնեան: Անոր ծնողքը Լիբանանէն Հալէպ տեղափոխուած է՝ փախչելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն: Սեպուհի ծնունդէն կարճ ժամանակ ետք ընտանիքը վերադարձած է Լիբանան, ուր մնացած է մինչեւ 1985 թուական: Շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, Սիմոնեանները վերջնականապէս տեղափոխուած են Միացեալ Նահանգներ: Փոքր եղած է Սեպուհ՝ Լիբանանէն հեռանալու ժամանակ. մանկութենէն շատ բան չի յիշեր, բայց յետագային վերադարձած է կարճ պտոյտով մը եւ մեծ տպաւորութիւններ ստացած, մանաւանդ հայաշունչ միջավայրէն: Սեպուհի ընտանիքը միշտ ներգրաւուած է Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքային կեանքին մէջ: Ինք՝ Սեպուհը, 1990ականներու վերջաւորութեան, հայկական «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինին աշխատակցած է իբրեւ խմբագիրի օգնական: Աւարտած է Կլենտէյլի աւագ դպրոցը, ապա՝ Քալիֆորնիոյ Համայնքային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղը, ուր ուսած է երաժշտութիւն: Յատկանշական է, որ Սիմոնեան իր առաջին երաժշտական խումբը կազմած է տասնհինգ տարեկանին:

Վերջերս Երեւան գտնուելու միջոցին, մամուլին տուած իր հարցազրոյցներուն եւ ասուլիսներուն միջոցաւ, Սեպուհ Սիմոնեան աւելի շատ պատմած է իր մասին՝ նշելով, որ ցանկութիւն ունի նաեւ այս միջոցին 2017ին ծնած իր կրտսեր զաւակը մկրտել Հայաստանի մէջ, ինչպէս 2014ին իր աւագ զաւակը մկրտած էր Մուղնիի մէջ: Ամերիկահայ երգիչի հայաստանեան այս անգամուան այցը աւելի երկարաժամկէտ է՝ երկու ամիսով, ձայնագրութիւններու պատճառով: Ըստ Սեպուհին՝ հայրենիքի բնութիւնը կը ներշնչէ զինք երաժշտութիւն ստեղծելու: Ան որոշած է խորապէս ուսումնասիրել հայկական երաժշտութիւնը եւ կոմիտասեան ժառանգութիւնը:

Սակայն հայրենիքի յուշերը միայն հաճելի չե՛ն եղած… Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սեպուհ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի ճանապարհային ոստիկանութեան հետ իր ունեցած անախորժ փորձառութեան, երբ ոստիկանները Սեպուհի հօրմէն կաշառք պահանջած են։ Ուստի, մամլոյ ասուլիսի լոյսին տակ՝ ոստիկանութեան ներքին անվտանգութեան վարչութիւնը քննութիւն բացած է եւ ձերբակալած ապօրինի գործողութեան դիմած ոստիկանները:

Սենեկային երաժշտութեան տան իր եւ երիտասարդ կատարողներու համերգին կարելի էր ականատես ըլլալ, թէ ինչպէ՛ս հանրածանօթ երգիչը համեստաբար կը քաջալերէր երիտասարդ եւ նոյնիսկ դեռահաս երգիչները՝ անոնց հետ երգելով: Երգիչներէն տասնչորս տարեկան Սանահինի հեղինակած «Leave Me in This World» երգը Սեպուհն ու Սանահինը միասնաբար կատարեցին: Համերգը, զոր կազմակերպած էր Հայաստանի մէջ գործող Deem Communications ընկերութիւնը, ընթացաւ լեցուն սրահի մէջ, յառաջադէմ երիտասարդութեան՝ ներառեալ սփիւռքահայերու եւ օտարներու բուռն ծափահարութիւններով:

Կոմիտասի ունեցած ազդեցութիւնը նաեւ զգալի՛ է երգիչին վրայ. ան իր ելոյթին ժամանակ կատարեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»ը, իսկ իր համերգը եզրափակեց «Ես սարէն կու գայի» ստեղծագործութեամբ:

Համերգէն ետք, Սեպուհ Սիմոնեան պատասխանեց «Ժամանակ»ի հարցումներուն:

 

- Սեպուհ, երբ առաջին անգամ հարցազրոյց տպեցինք Պոլսոյ մէջ, արձագանգ ստացանք պոլսահայ երիտասարդէ մը, թէ ինչո՞ւ Սեպուհ Պոլսոյ մէջ համերգ չ՛ունենար: Մտածա՞ծ էք այնտեղ համերգ ունենալու մասին:

- Ես շատ սիրով պիտի ուզէի Պոլիս երթալ, հոն չեմ եղած բնաւ:

 

- Այսինքն որոշ հայ երգիչներու պէս արգելք մը չունի՞ք ձեր մէջ՝ Թուրքիա երթալու, հոն համերգ ունենալու առնչուող:

- Ճիշդը՝ լրջօրէն չեմ մտածած այդ հարցին մասին, մինչեւ հիմա հրաւէր ալ չէ եկած, որ այդ մասին խորհէի: Եթէ հրաւէր մը ըլլայ, մանաւանդ՝ հայ համայնքին կողմէ, ապա վստահ նկատի կ՛առնեմ եւ կ՛ընդունիմ այդ հրաւէրը: Անշո՛ւշտ, ես ալ հարցեր ունիմ. կան հարցեր, որոնց պատասխանները կ՛ուզեմ ստանալ, եւ անպայման՝ արդա՛ր պատասխաններ: Ես շատ անհամբերութեամբ կը սպասեմ առաջին առթիւ իմ պատմական հայրենիքս այցելելու, իմ պապերուս ապրած վայրերը տեսնելու. մինչեւ այսօր այդ առիթը չէ եղած: Իմ երգերուս մէջ կայ այդ ամէնը, եւ կ՛ուզեմ յառաջիկայ մէկ-երկու տարիներուն անպայմա՛ն այդ փափաքս իրականացնել: Գիտեմ, որ յուզիչ պահ մը պիտի ըլլայ ինծի համար. իսկ Պոլիսը, հայաշունչ կեդրոն մը ըլլալով՝ անոր հետ անպայամա՛ն կ՛ուզեմ շփուիլ, այնտեղի մտածումներուն ծանօթանալ եւ հոն համերգ ունենալ:

 

- Համերգին ժամանակ ականատես եղանք, որ դուք երիտասարդները քաջալերեցիք, անոնց ոգի տուիք բեմին վրայ: Եղա՞ծ են պահեր, երբ դուք ունեցած էք այդ կարիքը, մանաւանդ՝ սպասա՞ծ էք, որ ծանօթ անուն մը քաջալերէ ձեզ:

- Ես շատ բախտաւոր եղած եմ, որ ամբողջ կեանքիս ընթացքին շուջիններս, ծնո՛ղքս մանաւանդ, զիս քաջալերած են, որպէսզի երաժշտութեան ճամբով ընթանամ։ Մանկութենէս արդէն ինծի համար բաւական յստակ էր, որ երաժշտութիւնը կեանքիս մէջ դեր պիտի ունենայ: Առաջին խումբս ստեղծած եմ մինչեւ չափահաս դառնալս, յետոյ ուրիշ ռաք-խումբեր ստեղծած եմ: Ուսումս երաժշտութեան մէջ առի, ռաք-խումբեր կազմեցի: Հայրս ինծի օժանդակեց, որպէսզի պզտիկ սթուտիօ մը հիմնեմ, երբ տեսաւ չափազանց հետաքրքրութիւնս. ընկերներս հոն կու գային, կ՛երգէինք… Ոչ միայն մեներգեր կը ձայնագրէինք, այլեւ ուրիշ խումբերու համար ալ ձայնագրութիւններ կ՛ընէինք սթուտիոյին մէջ: Մէկ խօսքով՝ ծնողքս էր առաջինը, որ զիս քաջալերեց, եւ հետագային նոյնպէս մի՛շտ քաջալերած է: Սակայն հանրածանօթ մէկը չէ եղած, որ զիս քաջալերէ. կ՛երեւի ուղղակի պէտք չեմ ունեցած, որովհետեւ միշտ երաժշտութեան մէջ կրցած եմ աշխատիլ, յարատեւել՝ երիտասարդ տարիքէս սկսեալ: Բաւական երկար տեւեց յաջող ձեւով իմ ուզածս ներկայացնելը: Կինս՝ Թամարը, եւս շատ օգնեց, հաւատաց, կողքիս կանգնեցաւ… Թամարին հետ համերգի ժամանակ ծանօթացած եմ, եւ այդ մէկը վճռական դարձած է: Երջանիկ եմ, որ ընտանիք ունիմ, միասին ենք: Վերջին քանի մը տարիներուն իմ խումբս կրցաւ քանի մը երգով համբաւ ունենալ, եւ այդ պատճառով հիմա առիթը ունիմ աշխարհի չորս կողմը պտտելու, ինչ որ շատ մեծ բախտաւորութիւն է եւ շա՛տ ուրախ եմ անոր համար: Կը կարծեմ, որ ամէն երգիչի ուզածն ալ ա՛յդ է, բայց ես աւելի բախտաւոր եմ, քանի որ Հայաստան ալ կու գամ, բան մը, որ կրկնակի հաճոյք, խանդավառութիւն, ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի՝ իբրեւ երգիչ: Անշուշտ, աշխարհի չորս կողմը շրջապտոյտները նաեւ յոգնեցուցիչ են, մանաւանդ որ զաւակներ ունիմ, եւ ընտանիքն ալ ժամանակ եւ ուշադրութիւն կը պահանջէ:

 

- Իսկ ժանրը կրնա՞յ ըլլալ որ փոխէք, թէ միշտ այս ժանրին մէջ պիտի մնաք:

- Շատ չեմ մտածեր այդ մասին, քանի որ արդէն այլազան է իմ ժանրս. խումբս ալ զանազան ժանրերու մէջ կը ստեղծագործէ ու կ՛երգէ: Բայց Հայաստանի մէջ իբրեւ մեներգիչ հանդէս եկայ, ինչ որ տարբեր ժանր մըն էր: Կը սիրեմ ռաք, կը սիրեմ աքուստիք սոլօ, մեղմ, ինչպէս նաեւ պարային երգեր: Նոյն երգը զանազան ոճերով կը մատուցեմ, ուստի՝ այդ մասին շատ չեմ մտածեր: Առհասարակ, իմ բնոյթով երգիչ մը կը նախընտրէ ազատութիւնը, երբ կրնայ երգի նշանակութեան համապատասխանող ստեղծագործական ոճ գտնել:

 

- Համերգին ժամանակ երգեցիք Սերժ Թանքեանի հետ ձեր գրած երգը. այլ համագործակցութիւններ պիտի ըլլա՞ն:

- Սերժին հետ կ՛աշխատինք այդ երգին վրայ, այստեղ առաջին անգամ կատարեցի անիկա: Համագործակցութիւնները երբեմն պատահական կ՛ըլլան, բայց լաւ արդիւնքներ կ՛ունենան: Նոր համագործակցութիւններ չեմ գիտեր կ՛ըլլա՞ն թէ ոչ: Ծանօթ հայ երգիչներու հետ կը խօսինք, կը ճանչնանք զիրար, բայց առայժմ նոր ծրագիրներ չեմ կազմած:

 

- Իսկ Կաղանդի միջավայրը հոս ինչպէ՞ս կը տեսնէք:

- Շա՛տ լաւ է: Միշտ ամրան եկած եմ Հայաստան, այս անգամ այս օրերուն հոս եմ, կեդրոնը լոյսերը կը վառին, մեծ տօնածառեր զարդարուած են ամէն կողմ: Այս տարի Ամանորին Ստեփանակերտ պիտի գտնուիմ: Մարդոց մէջ ալ լոյսեր կը տեսնեմ. լա՛ւ երիտասարդութիւն կայ…

 

- Այն խօսակցութիւնները, թէ մարդիկ հոս դժուար կ՛ապրին, դուք, դուրսէն եկած ըլլալով՝ ինչպէ՞ս կը տեսնէք:

- Ամէն տեղ մարդիկ դժգոհ են: Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս շատ դժգոհութիւններ կան, դժուարութիւններ կան ամէն տեղ: Բնական է, որ այդ խօսակցութիւնները հոս ալ ըլլան: Բայց ես 1998էն ի վեր հոս կու գամ, մի՛շտ դժգոհ մարդիկ եղած են, սակայն դրական աչքով դիտող մարդի՛կ ալ կան, եւ անոնք են, որ պիտի բարելաւեն Հայաստանը: Դժգոհողները եթէ աշխատասէր ըլլան, կրնան յաղթահարել դժուարութիւնները, առաջ երթալ եւ շատ չդժգոհիլ:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/ Պոլիս