image

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարման 100 օրերու ընդհանուր արդիւնքի լոյսին տակ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարման 100 օրերու ընդհանուր արդիւնքի լոյսին տակ

Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ զրուցեցինք յայտնի մտաւորական, հրապարակագիր ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ մեր թերթի գործակից-բարեկամներէն մին է։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տիգրան Պասկեւիչեանի կողմէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումներուն տրուած պատասխանները։

*

Քիչ կը պատահի, որ կատարած հարցազրոյցիդ պարագային լիովին համաձայն չըլլաս հոն արտայայտուած միտքերուն։ Հայաստանցի իմ լաւ բարեկամ եւ փայլուն հրապարակախօս Տիգրան Պասկեւիչեանի հետ այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին ճակատին «բազմած» հար-ցազրոյցը այդ պարագաներէն է։

Համաձայն չեմ հոն տեղ գտած բոլոր գաղափարներուն, սակայն խօսակցիս արտայայտած միտքերուն կարեւորութիւնը, այլակարծութիւնը յարգելու լրագրական սկզբունքը եւ այսօրուան Հայաստանի ընդհանուր իրավիճակը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուս ներկայացնելու միտումս մէկդի կը նետեն ամէն տարակարծութիւն, նաեւ առիթ կը հանդիսանան, որ ինք յանձինն՝ «պարոն բանականութիւն»ը կարծիք յայտնէ եւ խօսի...

Կ՚ապրինք բաւականին բարդ օրեր։ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը, որ տակաւին չէ հասած իր լրումին յայտնուած է դժուար անցնելի պատուարներու առջեւ։

Այս առումով մանաւանդ կայ շեշտակի երկուութիւն, որուն երկու թէզերը իրարու հակասող մօտեցումներ ունին։ Մօտեցումներէն մին, որուն այս տողերը գրողն ալ համաձայն է, այն է, որ վարչապետ Փաշինեան շատ արագ եւ նոյնիսկ «անհեռանկար» քայլեր կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը բանտ «առաջնորդել»ով։ Նախքան այդ ընելը, վարչապետին առջեւ կային բազմաբնոյթ հարցեր, որոնք ցայսօր ալ կը սպասեն կտրական եւ արագ միջամտութիւններու։ Այդ հարցերուն մեծագոյնը Փաշինեանի ունեցած «ժողովրդային նեցուկ»ին «օրինականացում»ն էր, որ անշուշտ պէտք ունի արտահերթ ընտրութիւններով մէջտեղ եկած Ազգային նոր ժողովի մը։

Իսկ միւս ճակատը, որ աւելի «տաքարիւն» մօտեցումներով յառաջ կը քաշէ իր թէզը՝ նպատակ ունի Քոչարեան-Սարգսեան «զոյգ»ը տեսնել բանտի ճաղերու ետին։ Չեմ ալ գիտեր, որ տուեալ խումբը ինչքանով կը համարուի երկրի «իշխող» մեծամասնութիւն, սակայն հոս եւս կը տեսնեմ «վրէժ լուծելու» կամ «հին տետրակ»ները բանալու ընդհանուր մօտեցում մը, որ այս տողերը գրողին կարծիքով՝ այլ ինչ չէ, եթէ ոչ այսօրուան յեղափոխութիւնը «տկարացնող» մօտեցում մը։ Տկարացումը, անշուշտ ոչ ժողովրդային-հասարակական մակարդակի մը վրայ, այլ՝ աւելի խորքային մակարդակներով։

Չէ՞, որ խօսքը «թաւշեայ» եւ այդ «թաւիշ»ը սիրող հասարակութեան մասին է։

Իսկ եթէ իրօք այդպիսին է, հապա ինչ ըսել այն հասարակութեան այդ «խումբ»ին, որ հազար ու մէկ թելերով կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ, երրորդ եւ նոյնիսկ առաջին նախագահներուն հետ։

Այս բոլորը ընդգծելի տուեալներ են ու անոնք կը մատնեն մէկ դրոյթ, որ Հայաստան կ՚ընթանայ բաւականին վտանգաւոր ճանապարհով մը, որուն մէջ կրնան ըլլալ ականապատուած տարածքներ։

Ինչ խօսք, որ Փաշինեան լաւ գիտէ այս բոլորը ու լաւապէս կ՚ըմբռնէ իր քայլերուն «ռիսքային» բնոյթ ունենալը։ Խնդիրը այն է սակայն, որ պետական համակարգի, պետական մտածողութեան ու մանաւանդ պետական կառոյցները պահելու միտող գործարքները սկը-սած են տեղի տալ ու մեզ կը տանին տասն-քսան տարիներ ետ՝ Հայաստանը «առաջնորդելով» մեծ ու փոքր բախումներու, որոնք կրնան բաւականին վնասակար ըլլալ։


-Պր. Պասկեւիչեան համալրեցինք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային 100-րդ օրը, ինչպէ՞ս կը գնահատէք երկրի ընդհանուր իրավիճակը։ Փոփոխութիւններ կա՞ն։

Կը կարծեմ, որ հարիւր օրը բաւարար չէ փոփոխութիւններու որակի մասին խօսելու համար, յատկապէս որ իշխանութիւնը ժամանակաւոր է եւ՝ ընտրութիւններով տակաւին չհաստատուած։ Այս օրերու ընթաքին ես որպէս քաղաքացի, ոչ թէ փոփոխութիւններ ակնկալած եմ, այլ փոփոխութիւն նախանշող մտադրութիւններ, որոնք, ցաւօք, դեռ տեսանելի չեն։ Իսկ, ընդհանուր առմամբ կրնամ ըսել, երկրին մէջ իրավիճակ փոխուեցաւ։


-Շատ կը խօսուի այն մասին, թէ Փաշինեան եւ իր խմբակիցները երկրին մէջ ընկերային ու տնտեսական խնդրիրներու լուծման հարցէն անցան «քաղաքական վրէժ» լուծելու գործընթացին։ Համաձայն է՞ք այս մօտեցման, կրնա՞ք մանրամասնել։

Համաձայն չեմ «քաղաքական վրէժ» ձեւակերպման։ Քաղաքական վրէժի դրսեւորում կրնայ ըլլալ գաղափարական հակառակորդի նկատմամբ, մինչդեռ գործ ունինք խմբաւորման մը հետ, որ երկու տասնամեակ առանց որեւէ արգելքի կը թալանէր երկիրը։ Կը կարծեմ, որ թաւշեայ յեղափոխութեամբ իշխանութեան եկած ուժը կը մաքրէ Հայաստանի «Աւգեան ախոռներ»ը։ Յուսանք՝ այդ մէկը կարճաժամկէտ եւ արագընթաց ծրագիր է, որմէ յետոյ նորերը կը լծուին ընկերային եւ տնտեսական խնդիրներու լուծման։


-Ներքաղաքական զարգացումներու կողքին յաճախ լսելի կը դառնան հարցադրումներ կամ մօտեցումներ՝ կապուած Արցախեան հիմնախնդրի լուծման։ Դուք որեւէ փոխառընչութիւն նկատեցի՞ք մէկ կողմէ Հայաստանի մէջ «թաւշեայ յեղափոխութեան» իրականացման ու Արցախեան հիմնախնդրի շուրջ առկայ քննարկումներուն մասին։

-Հասարակութիւնը սիրեց յեղափոխութեան թաւիշը, քանի որ արցախեան հարցին մէջ սկզբունքային տարբերութիւն չկար. շարժումը սթաթիւքոն խախտելու յայտ չէր ներկայացուցած։

Մեր հասարակական, քաղաքական մտքին մէջ Արցախեան հարցին միշտ երկու մօտեցում կայ. առաջինը՝ դաշնակցականներունն է, երկրորդը՝ Տէր-Պետրոսեանինը։ Դաշնակցականներու մօտեցումը չի ժխտեր տէր-պետրոսեանական մօտեցումը. աւելին՝ երբեմն նոյնիսկ կ՚օգտուի անկէ, բայց յեղափոխութեան կամ հակայեղափոխութեան օրակարգը կը մնայ նոյնը, այսինքն՝ Արցախեան հարցը կը շարունակէ ըլլալ անհեռանկար եւ ձգձգուած։


-Կը կիսէ՞ք Հայ ազգային գոնկրէսի յայտնի անդամ Զոյա Թադէոսեանի յառաջ քաշած վարկածը՝ ազատագրուած տարածքները հակառակորդին յանձնելու վերաբերեալ։ Այս հարցը կ՚ուղղենք, հակառակ անոր որ աւելի վերջ նոյն գործիչը իր արտայայտած միտքին հերքումը կատարելու մօտեցումով հանդէս եկաւ։ Ի վերջոյ ի՞նչ կը մտածէ Տիգրան Պասկեւիչեան այդ տարածքներուն, կամ զանոնք Ա-տըրպէյճանին յանձնելու մասին։

Տիկին Զոյա Թադէոսեանի դէմ յարձակում չէր ըլլար, եթէ դաշնակցական մտայնութիւն կրող որոշ ուժեր չզգային համակարգի փլուզման վտանգը։ Սա մթութեան մէջ վախէ ճչացողի վիճակ է։

Զոյա Թադէոսեանը որեւէ վարկած յառաջ չէ քաշած, ան ըսած է բան մը, որու մասին աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կը խօսին. առաջին նախագահը՝ բացայայտ, անոր յաջորդած երկուքը՝ խուսանաւելով։

Հիմա՝ տարածքներ յանձնելու մասին։ Ես չեմ գիտեր «տարածքներ յանձնել», «հող տալ» եւ նմանատիպ միւս բառակապակցութիւնները ուրկէ՞ յայտնուած են հանրային ուղեղի մէջ եւ լեզուի վրայ։ Սովորաբար կը վերագրեն Տէր-Պետրոսեանին, բայց առաջին նախագահը որեւէ բան յանձնելու մասին չէ խօսած եւ չի խօսիր։ Խօսքը բանակցելու անհրաժեշտութեան եւ այդ գործընթացին առաւելագոյն հնարաւորը շահելու մասին է։ Իսկ մեր քաղաքական միտքը, ցաւօք, «բացարձակ առաւելը» կը գերադասէ «առաւելագոյն հնարաւոր»ին։ Շփոթմո՞ւնք է, մոլորութի՞ւն. չեմ գիտեր։


-Մտահոգ է՞ք Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու ընդհանուր ընթացքով, այլ կերպ ըսած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը վնաս կրնա՞յ բերել Հայաստանի համար կարեւոր եւ ռազմաքաղաքական իմաստներ ունեցող այդ դաշինքին։

Մտահոգուելու պատճառ չկայ։ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները չեն կրնար խաթարուիլ ո՛չ տեսանելի, ոչ ալ հեռակայ ապագային։ «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» շատ կարեւոր ճշգրտում կ՚ընէ, որ չէ եղած 1997-ի հայ-ռուսական միջպետական համապարփակ պայմանագրի կըն-քումէն ի վեր. Ռուսաստան Հայաստանին պէտք է նոյնքան, որքան Հայաստանը Ռուսաստանին։

Ռուսական քաղաքականութեան դերակատարներուն սա կրնայ հաճելի չթուիլ, քանի որ կը խախտէ վերջին քսան տարուան ընթացքին ձեւաւորուած աւանդոյթը, բայց վաղ թէ ուշ կը համակերպուին հաւասար գործընկերութեան միտքին՝ իշխանութիւններու թիկունքին ժողովուրդ տեսնելով։


-Ի՞նչ կարծիք ունիք Հայաստանի մէջ ընթացք առած ձերբակալութիւններու առընթեր։ Օրինակ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ձերբակալութիւնը «քաղաքական պատուէ՞ր» է, կամ դատաիրաւական ոլորտի հասարակական պահա՞նջ։

Ի հարկէ, պատուէր է եւ առնուազն տասը տարի ուշացած։ Այդ ոչ թէ դատաիրաւական ոլորտի պահանջն է, այլ՝ հասարակութեան։ 1 մարտի ոճրի բացայայտմամբ պիտի կանխորոշուի մեր երկրի ապագան։ Կ՚ըսեն՝ սահմանադրական կարգի խափանում, իրականութեան մէջ 1 մարտով կասեցուած է մարդու՝ ազատ ապրելու հնարաւորութիւնը։


-Սփիւռքը ուշի ուշով հետեւեցաւ «թաւշեայ յեղափոխութեան» ամբողջ գործընթացին։ Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը։ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները պատրա՞ստ են փոխել սփիւռքի վերաբերեալ ու ցարդ գործող «սփիւռքը միայն կթան կով է» կարծրատիպ դարձած մօտեցումը։ Այս հարցումը կ՚ուղղենք, մանաւանդ որ նոր կառավարութեան համակարգին մէջ ներգրաւուած սփիւռքահայերը՝ սփիւռքը ներկայացնող լաւագոյն մակարդը չեն համարուիր անպայման։

Ո՛չ ներկայ կառավարութիւնը, ոչ ալ բոլոր նախորդները (այո, Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը՝ ներառեալ) չեն ունեցած «սփիւռքը միայն կթան կով է» կարծրատիպ դարձած մօտեցումը։ Այս կարծրատիպը ուրիշ արմատ ունի։ 1988-ի երկրաշարժէն ետք, Արցախեան պատերազմի ընթացքին սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու մէջ գերիշխող միտումը եղած է Հայրենիքին նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելը։ Այդ միտումը կազմակերչպական ձեւ ստացած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամով։ Եւ որքան ուժեղ եղած է հայրենիքին նիւթապէս օգնելու ձգտումը, այնքան մեծ եղած է հիմնադրամի յաջողութիւնը՝ անկախ քաղաքական իրավիճակներէն։ Անցած 27 տարուան մէջ այլ բան չէ ստեղծուած։ Անոր համար մեղաւոր ենք թէ՛ մենք՝ հայաստանցիներս, թէ սփիւռքը։ Հիմա՝ այս փոփոխութիւններուն զուգահեռ, երեւի ամենայարմար պահն է մտածելու վերապետական եւ վերակազմակերպչական (նկատի ունիմ՝ աւանդականներուն) հաղորդակցութեան հարթակներու ստեղծման մասին, բայց նախ պէտք է մանրամասնօրէն ուսումնասիրել սփիւռքը եւ գուցէ խոստովանիլ, որ, այսպէս շարունակելով՝ կը ձախողենք «հայապահպանութիւն» նախագիծը։

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/ Պոլիս