image

Ժամանակը եկած է, որ Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւնները նոր հուն մտնեն.Պօղոս Քիւրտեան

Ժամանակը եկած է, որ Հայաստան-Լիբանան  յարաբերութիւնները  նոր  հուն  մտնեն.Պօղոս Քիւրտեան

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը պատասխանէ Լիբանան-Հայաստան  բարեկամական  միութեան հիմնադիր ՝ Պօղոս Քիւրտեանը

 

 

-Պրն. Քիւրտեան, դուք վերջերս հիմնադրեցիք Լիբանան-Հայաստան բարեկամական միութիւնը: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ այս միութիւնը:

Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան միութեան գլխաւոր նպատակն է զարգացնել յարաբերութիւնները երկու երկիրներու միջեւ, զանազան  ոլորտներու շուրջ: Մեր միութեան հիմնական օրէնքի երրորդ յօդուածը կը նշէ հետեւեալը «Զարգացնել եւ յառաջացնել փոխադարձ յարաբերութիւնները հետեւեալ մարզերու շուրջ՝ առեւտուրի, տնտեսական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւններու, արուեստներու, արհեստներու, կրթական, բժշկական ոլորտերուն  մէջ եւ նաեւ քաջալերել երկուստեք ներդրումները, նաեւ փոխանակել գիտութիւններ՝ բոլոր մարզերու մէջ: Կարելիութեան սահմանէն ներս Լիբանան-Հայաստան միութիւնը իրաւասութիւնը ունի նաեւ յանձախումբեր կազմել պետական մակարդակով, կամ անհատներու հետ կազմակերպել հանդիպումներ, հարցազրոյցներ, ցուցահանդէսներ, տնտեսական եւ զանազան մարզերու շուրջ: Նաեւ հրատարակել միութեան ընթացիկ լուրերը։

 

-Ի՞նչ  տեսակի գործունէութիւն պիտի ծաւալէք եւ յառաջիկային ի՞նչ են ձեր գործնական ծրագիրները կապուած Լիբանան-Հայաստան կապերու ամրապնդման:

 Մեր  միութեան գլխաւոր նպատակներն են,  լիբանանցի մեր եղբայրներուն եւ Հայաստանի ժողովուրդին միջեւ կապ հաստատել բոլոր մարզերուն մէջ, ուր առաջնահերթութիւնը  պիտի   տրուի յատկապէս տնտեսական եւ աշխատանքային մարզերուն։

Դիւրին գործ չէ, բնականաբար, այս բոլորը իրականացնելը: Ինչ կը վերաբերի մեր գործնական ծրագիրներուն, մենք արդէն  աշխատանքի սկսած ենք, ուսումնասիրելով,  թէ  որպէս օտարերկրացի, Հայաստանի մէջ ներդրում ընողը ինչ օրէնքներու ծանօթ պէտք է ըլլայ, ոորվհետեւ մինեւ այսօր չունինք այդ մանրամասնութիւնները:

Նաեւ մեր գլխաւոր ծրագիրներէն առաջինը պիտի ըլլայ՝ Հայաստանէն մասնագէտ անձեր  հրաւիրել Լիբանան, որպէսզի Հայստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ սեփականատէր դառնալու մասին կարեւոր օրէնքները բացատրէ։

-Դուք որպէս տնտեսական ոլորտի գործիչ, այս առումով ի՞նչ առաջարկներ ունիք՝ կապուած Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման (տնտեսական ոլորտի առումով):

Գլխաւոր առաջարկս հետեւեալն է, Հայաստանի բոլոր դեսպանատուներուն մէջ ունենանք տնտեսական գրասեանեակ, որ կը վարուի հայաստանաբնակ  մասնագէտ անձի   մը կողմէ, որ կ'ունենայ նաեւ գոնէ երկու՝ տնտեսական եւ աշխատանքի խորհրդականներ դիւրացնելու համար աշխատանքները: Համոզուած եմ, որ այս մէկը մեծ դեր պիտի ունեանայ Հայաստանի տնտեսական վերելքին համար:

 

- Ի՞նչ ոլորտներու մէջ Լիբանան եւ Հայաստան կրնան համագործակցիլ:

Լիբանան-Հայաստան կրնան համագործակցիլ զանազան՝ արհեստներու մէջ եւ արուեստի մէջ, գիւղատնտեսութեան մէջ, մանաւանդ Լիբանանէն արհեստաւորներ իրենց գործերով փոքր ներդրում կրնան ընել, այդ մէկը բաւական յառաջխաղաց կրնայ ըլլալ, նկատի ունենալով, որ արհեստներու ոլորտը Լիբանանի մէջ բաւական զարգացած է, մասնաւորապէս հայ արհեստաւորներու մօտ,  որոնք շատ են եւ պիտի փափաքին Հայաստանի հետ կապ ունենալ: Ի  վերջոյ ժամանակը  եկած է, որ Հայաստան-Լիբանան  յարաբերութիւնները  նոր  հուն  մտնեն։