image

Հարցազրոյց Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կառավարիչներու խորհուրդի անդամ Մարթին Էսաեանի հետ՝ «Mr Five Per Cent» գիրքին հրատարակութեան առիթով

Հարցազրոյց Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կառավարիչներու խորհուրդի անդամ Մարթին Էսաեանի հետ՝ «Mr Five Per Cent» գիրքին հրատարակութեան առիթով

 -Ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կենսագրութիւնը կազմելու նախագիծը։

Պարզապէս որովհետեւ նախապէս Կիւլպէնկեանի ամբողջական կենսագրականը գոյութիւն չունէր։ Անցեալին կատարուած աշխատանքները լաւ ներկայացուած չէին։ Երկար տարիներու ընթացքին մէկը կը փնտռէինք, որ կարենար այս ծրագիրը իրագործել, այսինքն՝ հասկնար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ձեռնարկատիրական, բայց նաեւ գեղարուեստական երեսակները։ Նոյնպէս պէտք էր մէկը, որ կարենար տարբեր երկիրներու արխիւներուն մէջ պրպտումներ ընել։ Ճոնաթան Գոնլին գրելով«Ազգային պատկերասրահի պատմութիւնը» (Լոնտոն), հետաքրքրուած ըլլալով Գալուստ Կիւլպէնկեանով՝ այցելեց մեր Հիմնարկութիւնը, հետազօտութեան նպատակով։ Այս առիթով մենք շատ տպաւորուեցանք Գոնլինի աշխատանքով եւ նկատեցինք, որ ան ատակ է շատ արագ մեծ քանակութեամբ տեղեկութիւն իւրացնելու եւ գրի առնելու։ Իմ անձնական դիտանկիւնէն որքան աւելի կը տեղեկանայի Գ. Կիւլպէնկեանի մասին՝ այնքան աւելի կ՚անդրադառնայի, թէ իրականութեան մէջ ժողովուրդը շատ բան չի գիտեր անոր մասին։ Հետեւաբար կ՚ուզէի մարդոց բացայայտել, թէ ի՜նչ բացառիկ եւ բազմադիմի անձնաւորութիւն էր։

 

-Ե՞րբ ծայր առաւ այս ծրագիրը։

2014-ին։ Ճոնաթան Գոնլին 5 տարի աշխատեցաւ լման ժամանակով եւ տասը երկիրներու մէջ 9 լեզուներով ուսումնասիրութիւններ կատարեց։

 

-Այս գիրքը կարդալով արդեօք դուք ձեր մեծ հօրը նոր առանձնայատկութիւնները բացայայտեցի՞ք։ 

Անշո՛ւշտ։ Օրինակ հայրս եւ ես չէինք գիտեր, թէ ան ինչպէ՞ս շահած է իր «առաջին միլիոնը» եւ թէ ինչպէ՞ս նետուած է գործարարական ոլորտին մէջ։ Այս ամէնուն շուրջ զանազան լուրեր տարածուած էին։ Իրականութեան մէջ Կիւլպէնկեան շատ դրամ ժառանգած է, բայց նաեւ մեծ շահ ապահոված է՝ հանքարդիւնաբերական բաժնեթուղթերով անգլիական սակարանին մէջ ներդրումներ կատարելով։ Աւելի՛ն, ես գիտցայ, թէ ան երբեք համալսարան չէ յաճախած եւ 19 տարեկանին նետուած է գործարարական ասպարէզին մէջ՝ հօրը հրահանգով։ Ան կատարեալ ինքնուս էր։ 

 

Արդեօք այս գիրքը կոտրե՞ց Կիւլպէնկեան գործիչի մասին գոյութիւն ունեցող որոշ առասպելներ։ 

Յատկապէս անոր կրթութեան մասին առկայ առասպելը։ Փոքր տարիքէս ինծի ըսած էին, թէ Գալուստը 19 տարեկանին առաջին կարգի վկայական ստացած է եւ ես ալ պէտք էր նոյնը ընէի։ Հիմնարկութեան մէջ իմ աշխատած անցեալ տասը տարիներու ընթացքին անդրադարձայ, որ ուր որ կ՚երթայի, օրինակ Ֆրանսա կամ Թուրքիա, մարդիկ կը կարծէին, թէ Կիւլպէնկեանը իր ունեցուածքը անոնց պիտի կտակէ։ Բայց այդ չէր անոր մտադրութիւնը։ Գիրքը կու գայ փաստելու, որ ան կ՚ուզէր հիմնարկութիւն մը ստեղծել ամբողջ մարդկութեան համար։ Ձեւով մը ես գիտակից էի այս բոլորին, սակայն երբեք այսքան յստակ չէր դրսեւորուած անոր նպատակը։

 

Կա՞ն բաներորոնց մասին տեղեակ էիքբայց գիրքին մէջ չեն նշուած։ 

Միակ երեւոյթը, որ ըստ իս բաւականաչափ ու խորապէս չէ քննարկուած՝ հօրս՝ Միքայէլի հետ անոր յարաբերութիւնն է. հիմնականին մէջ Գալուստն է, որ զինք մեծցուցած է։ Պատերազմի ատեն, շրջան մը հայրս Անգլիա կը գտնուէր, իսկ իր ընտանիքին մէկ մասը՝ Փարիզ, որու հետ չէր կրնար հաղորդակցիլ։ Փորթուկալ գտնուած ատենը Գալուստ հետեւեցաւ հօրս դաստիարակութեան։ Ամէն շաբաթ նամակ կը գրէր, որպէսզի անոր մտքին մէջ դրոշմէր լաւագոյն արժէքները։ Բայց գիրքը ընթերցողները պիտի անդրադառնան, թէ Միքայէլը Գալուստի երեւակայածէն շատ տարբեր անձ մը դարձաւ։ Նկատի ունենալով որ մեծ հօրս նամակներէն ոչ մէկը հրատարակուած է այս գիրքին մէջ, ես եւ Ռազմիկ Փանոսեան որոշեցինք այս տարի զանոնք հրատարակել, քանի որ այդ նամակները կարեւորութեամբ կ՚ընդգծեն Գալուստ Կիւլպէնկեանի արժանիքները։ Ան յաճախ կը խօսէր իր «բարոյական չափանիշերուն» մասին, զորս իրապէս կը բացայայտէր միա՛յն իր նամակներուն մէջ։ Հետեւաբար, այդ նամակները Հիմնարկութեան համար եզակի եւ օգտակար նիւթեր են։

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հայ էրբայց նաեւ ինքզինք կը նկատէր համաշխարհային քաղաքացի մը։ Ներկայիս կ՚ապրինք համաշխարհայնացման սրտին մէջ։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այս առանձնայատկութիւնը՝ ի տես այսօրուան քաղաքական եւ տնտեսական կացութեան։ 

Համաշխարհայնացումը ալիք առ ալիք կը զարգանայ։ Ան բնականաբար մասնակցած է այս երեւոյթին՝ քարիւղի արդիւնաբերութեան մէջ իր գործունէութեամբ, որ միջազգային առաջին ճարտարարուեստներէն էր։ Այսօր մեզի ծանօթ է այս երեւոյթին ընդդիմադիր փուլը՝ Անգլիոյ Պրէքզիթի, Միացեալ Նահանգներու Տանըլտ Թրամփի նախագահութեան, Հունգարիոյ կամ Լեհաստանի ազգայնական շարժումին օրինակով։ Գալուստ Կիւլպէնկեան որոշ չափով հանդէս կու գայ իբրեւ ինքնութեան պաշտպան՝ այս «հակահամաշխարհայնացման» շարժումին դէմ։ Անոր փիլիսոփայութիւնն էր՝ կարողութիւնը ունենալ ինքզինք տեսնելու իբրեւ աշխարհի քաղաքացի եւ պատասխանատւութիւն ստանձնել մարդկութեան եւ մեր մոլորակին նկատմամբ։

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան ո՞ր երկրի հպատակութիւնը ունէր։ 

Ան բրիտանական քաղաքացիութիւն ստացաւ, սակայն բազմաթիւ առումներով շատ Հայ էր։ Մարդիկ կ՚ուզէին զինք ստիպել ինքնորոշուելու իբրեւ Ֆրանսայի, Փորթուկալի կամ Անգլիոյ քաղաքացի, բայց ի վերջոյ ան ինքզինք կը զգար միաժամանակ հայ եւ աշխարհաքաղաքացի։ Կ՚ենթադրեմ, թէ Հայերէն շատեր կը հասկնան, որ այս երկուքը անհամատեղելի չեն, նկատի ունենալով, որ անոնք հազարաւոր տարիներ տարբեր կայսրութիւններու մէջ բաժնուած ապրած են։ Կիւլպէնկեան ինք Օսմանեան եւ Պարսկական կայսրութեանց միջեւ հասակ նետած է, ուր կ՚ապրէր իր ընտանիքին մէկ մասը։ Անոր համար շատ բնական էր ապրիլ Փարիզ եւ ըլլալ Թուրքերու կամ Պարսիկներու տնտեսական խորհրդականը։

 

Անոր կեանքի ո՞ր երեւոյթն էոր ձեզ ամենէն շատ կը տպաւորէ։ 

Իր արտակարգ յաջողութիւններն են, հակառակ բոլոր դժուարութեանց։ Ձեռնարկատէր մը, որ տէրը դարձած էր Քարիւղի թրքական ընկերութեան 5%-ին,– եւ որ պիտի պահպանէր ամբողջ երեսուն տարի,– մինչ մեծ պետութիւններն ու քարիւղի հզօր ընկերութիւնները ամէն ինչ կ՚ընէին զինք ձախողութեան մատնելու համար։ Ինծի քիչ մը կը յիշեցնէ Անասթաս Միկոյեանի ճակատագիրը, սովետական պետութեան այն միակ դէմքը, որ յաջողած է գոյատեւել Սթալինի օրով։ Հակառակ ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն՝ վերապրելու այդ կարողութիւնն է, որ կը տպաւորէ զիս։  

 

Գիրքին մէջՀիմնարկութեան ղեկավարման մասին ալ յայտնութիւններ կա՞ն։ 

Փորթուկալի մենատէր Սալազար ամբողջ առասպելաբանութիւն մը ստեղծած էր, ըստ որուն՝ Կիւլպէնկեան սիրահարած էր փորթուկալցի ազգին եւ կ՚ուզէր իր ամբողջ հարստութիւնը կտակել անոր։ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ ատիկա չի համապատասխաներ իրականութեան։ Կարծեմ, սկիզբը, մարդիկ քիչ մը դժուար ընդունեցին այս իրողութիւնը։ 

 

Արդեօ՞ք այս գիրքը որեւէ ձեւով ազդած է Հիմնարկութեան գործելաձեւին վրայ։ 

Դեռ շատ կանուխ է այդ մասին խօսելու համար։ Բայց եւ այնպէս, կը նկատեմ տարիէ մը ի վեր, որ մարդիկ աւելի կը խօսին միջազգայնութեան մասին, ինչ որ կրնայ առաջնորդել համաշխարհային խնդիրները լուծելու աւելի հզօր կամքի։ Նաեւ այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ հետզհետէ նուազ կը մէջբերուի Կիւլպէնկեանի՝ փորթուկալական ազգին սիրահարած ըլլալու առասպելաբանութիւնը։ Հիմնարկութեան մօտեցումը կը զարգանայ աշխարհին օգնելու կամքի մը ուղղութեամբ։ 

 

 - 2005-ին երբ միացաք Հիմնարկութեան՝ հաստատեցիք տնօրէնի ընտրութեան նոր կարգ եւ խորապէս վերանորոգեցիք Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղիկավարումը։ Որո՞նք էին ձեզ այդ փոփոխութիւններուն առաջնորդող պատճառները։ 

Ասիկա մաս կը կազմէր Հիմնարկութեան՝ դէպի աւելի արդիական բարեսիրական շարժումի տենչին, որ կը կայանայ տուեալ ծրագրի մը աւելի խորապէս ուսումնասիրման, հետապնդուած նպատակներու ճշդումին, այդ նպատակներուն հասնելու համար կատարուելիք քայլերու սահմանման, ներդրուելիք միջոցներու տրամադրման եւ ձեռք ձգուած արդիւնքներու վերարժեւորման մէջ։ Ես այդ մօտեցումը նախ եւ առաջ կիրարկեցի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին, զայն հետզհետէ տարածելու միտումով այլ բաժանմունքներու մէջ եւս։ Այդ փորձառութիւնը շատ արդիւնաւէտ եղաւ։ Ասիկա բարեսիրական այնպիսի մօտեցում է, որ թոյլ կու տայ վստահ ըլլալ, թէ յաջողած ենք հասնիլ ճշդուած նպատակին։ 

 

Դուք էք կենսական այս բոլոր փոփոխութիւններուն նախաձեռնողը։ Կը կարծէ՞քոր հայկական միւս կազմակերպութիւններն ալ կարիքն ունին նման վերանորոգման։ 

Իմ կարծիքով, նախ եւ  առաջ Սփիւռքը պէտք է նկատել որպէս թանկագին էութիւն մը, որուն համար կ՚արժէ կատարել ներդրումներ։ Որոշ շրջանակներ հակում ունին ամէն ինչ կեդրոնացնելու Հայաստանի շուրջ, մինչ մենք կը հաւատանք, որ պէտք է ներդնել նաեւ Սփիւռքին, ի մէջ այլոց՝ անոր կառոյցներուն եւ կրթական համակարգին։ Սփիւռքի մանկավարժական մօտեցումները կը մնան շատ աւանդական։ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի կրթական հարցերու պատասխանատու Անի Կարմիրեան դիմեց այնպիսի անձերու աջակցութեան, որոնք պատրաստ են փոփոխութիւններու, շահագրգռուած են մանկավարժութեան արդիականացումով հետաքրքրուած ուսուցիչներու նոր համայնքի մը ստեղծումով։  

 

Ինչպիսի՞ հաշուեկշիռ կը ներկայացնէիք արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման հնգամեայ ծրագրէն։ 

Կը կարծեմ, թէ դեռ շատ բան կայ ընելիք։ Կ՚ենթադրեմ, որ մենք միայն հիմերը դրինք հայերէնին եւ հայ մշակոյթին համար մնայուն ապագայի մը կերտումին։ Այս շրջանակին մէջ կրնանք յիշել ուսուցիչներու խումբը, զոր կազմեցինք Թուրքիոյ, Ֆրանսայի մէջ եւ քիչ մը ամէնուր, որ կ՚աշխատի մանկավարժական լաւագոյն ձեւերու զարգացման համար։ Կայ նաեւ այն ամբողջ աշխատանքը, զոր կատարեցինք նոր արհեստագիտութիւններու գործածութեան եւ լեզուի պահպանութեան ուղղութեամբ. համոզուած եմ, որ այս բոլորը պիտի նպաստեն եւ արդիւնքները պիտի քաղենք ապագային։ Մեր առաջնակարգ նպատակն է Հայերը խրախուսել հայերէնով ստեղծագործելու՝ լեզուին գոյատեւումը ապահովելու համար, ինչպէս դուք կ՚ընէք «Նոր Յառաջ»-ով։

 

Մօտեցման մեծ տարբերութիւններ կա՞ն Գալուստ Կիւլպէնկեանի հետապնդած նպատակներուն եւ Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ներկայի գործելաձեւին միջեւ։ 

Դժուար է պատասխանել այս հարցումին, քանի որ անոր բարեսիրական մօտեցումները փոփոխութիւններ կրեցին իր կեանքի տարիներուն հետ միասին։ Ան սկսեր էր շատ աւանդական մօտեցումով. նիւթական նպաստ կը յատկացնէր գլխաւորաբար Եկեղեցւոյ, հիւանդանոցներուն, դպրոցներուն, ինչպէս իրմէ առաջ կ՚ընէին իր ծնողներն ու նախնիները։ Իր մօտեցումը փոխուեցաւ երբ ՀԲԸՄ-ի գլուխը անցաւ. ան որդեգրեց աւելի ժամանակակից մօտեցում, սահմանելով Հիմնարկութեան նպատակները, հայթայթելով՝ այդ նպատակներու իրագործման անհրաժեշտ միջոցները։ Սակայն այդ մօտեցումը այն ժամանակ կարելի չեղաւ իրագործել, որովհետեւ ՀԲԸՄ-ը իր նպաստները կը բաժնէր բազմաթիւ ուղղութիւններով եւ ղեկավարութիւնը իրեն չարտօնեց բարեկարգել գործելաձեւը։ Աւելի ուշ, իր կեանքի վերջաւորութեան՝ ան որդեգրեց աւելի ժամանակակից մօտեցում, Ռոքֆելըր կամ Ֆորտ հիմնարկութիւններու նմանութեամբ։ Մենք ալ այսօր այդ ուղղութեամբ կը գործենք. ճշդել նպատակ մը,– այս պարագային՝ արեւմտահայերէնի գոյատեւման ապահովումը,– եւ գտնել ամենէն պատշաճ միջոցները՝ հասնելու համար այդ նպատակին։ 

 

Ռազմիկ Փանոսեանի՝ Հայկական համայնքներու բաժանմունքին գլուխը անցնելով՝ Հիմնարկութեան Հայկական եւ միւս բաժանմունքներուն միջեւ գործակցութիւնը նոր թափ ստացաւ 

Ճիշդ է։ Արդէն Ռազմիկը այդ պաշտօնին կոչելով՝ մեր հետապնդած նպատակն ալ այդ էր. բարելաւել ՀԻմնարկութեան Հայկական եւ միւս բաժանմունքներուն յարաբերութիւնները, որպէսզի անոնք աւելի սերտօրէն համագործակցին։ Այդ պաշտօնին նշանակուելէն ի վեր, ան կատարեց հսկայ աշխատանք, մեծ վճռակամութեամբ։ Ան ջանք թափեց ու սորվեցաւ փորթուկալերէնը եւ անմիջապէս լծուեցաւ Հայերը տեղացիներուն ծանօթացնելու գործին եւ այդպէսով ալ յայտնաբերեց, որ Փորթուկալցիները հմայուած են Հայերով։ Աշխատանքի անցնելուն պէս սկսաւ կազմակերպել «Հայաստանի շաբաթներ»-ը, որոնց ընթացքին կը ներկայացնէր Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը՝ հրաւիրելով աշխարհի չորս ծագերէն հայ դասախօսներ։ Այդ շարքէն էր«Յառաջիկայ հարիւր տարիները» դասախօսութիւնը, որ իսկական յայտնաբերում մը եղաւ Փորթուկալցիներուն համար։

 

Հիմնարկութեան գործունէութիւնը կ՚ապահովուի Գալուստ Կիւլպէնկեանի ժառանգութեամբ։ Ստացա՞ծ էք կտակներ։ 

Ամէն նուիրատւութիւն սիրով կ՚ընդունինք։ Որքան որ գիտեմ, բնաւ կտակ չենք ստացած, բայց անցեալին կրթաթոշակ ստացածներ կատարած են երեք նուիրատւութիւններ, ուղղուած նոյնպէս՝ կրթաթոշակներու, ինչպէս նաեւ Գալիֆորնիա հաստատուած« Melkonian Global initiative» հասարակական կազմակերպութենէն ստացած ենք նուիրատւութիւն մը՝ որպէս աջակցութիւն «Զարմանազան» ծրագրին։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ անոնք որոնք ժամանակին վայելած են Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութիւնը՝ պարտական զգալով՝ ըստ էութեան ինքնաբերաբար կ՚ուզեն «վճարել այդ պարտքը» եւ ատոր համար մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք իրենց։ Ատիկա կը պատահի նաեւ Հիմնարկութեան Փորթուկալական բաժանմունքին մէջ. ուսանողներ, որոնք իրենց ստացած կրթաթոշակներով յաջողած են կեանքի մէջ, իրենց կարգին նոյնը կ՚ընեն, որպէսզի ուրիշ ուսանողներ եւս կարենան օգտուիլ։

 

 

Հարցազրոյցը վարեց՝

Ժիրայր Չոլաքեան

«Նոր Յառաջ»