image

«Ամէնքս ալ հայ ենք» լոզունգը օգտագործողներ աւելի ուշ հրապարակէն քաշուեցան եւ համայնքը թիրախ դարձաւ.Հոգելոյս Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեան

«Ամէնքս ալ հայ ենք»  լոզունգը օգտագործողներ  աւելի ուշ հրապարակէն քաշուեցան  եւ համայնքը  թիրախ դարձաւ.Հոգելոյս Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեան

Առիթ ունեցած եմ հանդիպելու Մեծ Եղեռնի մեր կարգ մը նահատակներուն հարազատներուն եւ վայելելու անոնց մտերմութիւնը: Նիւ Եորքի օտար բայց ոչ ամայի ճամբաներէն անցնելով այցելած եմ Գրիգոր Զօհրապի դստեր Տոլորէսին ու Դանիէլ Վարուժանի աղջկան` Վերոնիքային:  Միջերկրականի ափին` Նիսի մէկ արուարձանին մօտ, եղած եմ նաեւ Ռուբէն Սեւակի դստեր` Շամիրամին հետ: Գրած եմ յիշատակներս ցեղասպանութեան զոհ մեր աննման գրողներու հարազատներուն` մանկութիւն չունեցող այդ որբերու ցաւին, հոգեկան տառապանքին մասին:

Այդ օրերուն ուխտագնացութիւն մը կատարելու հոգեկան պահերն եմ ապրած գրելով զանոնք, կամ համբուրելով անոնց դողդոջուն ձեռքերը ... Զօհրապներու, Վարուժաններու եւ Սեւակներու սո՞ւրբ ձեռքերը համբուրած ըլլալու երջանկութեամբը:

Նոր ուխտագնացութիւն մըն էր որ կ'ունենայի երբեմնի հայատրոփ Պոլսոյ` այսօրուան Իսթանպուլի մէջ:  Սակայն այս պարագային անոր գերեզմանը յայտնի էր ... աննման` տասնհինգի այն նահատակներուն, որոնց ցիրուցան ոսկորները բորենիներու յանձնուեցան ...:

Հայ լրագրութեան առաքելութեան հաւատացողի մը համար բնական պիտի ըլլար այցի երթալ Պալըքլիի գերեզմաննոցը եւ ծունկ մը աղօթք ընել Հրանդ Տինքի թաց հողակոյտին առջեւ:  Ու այս կատարեցի դէպի Պատմական Հայաստան ուխտագնացութեան աւարտին, Մարտ 2007ին:

Իսթանպուլի մէջ առիթը ներկայացաւ հանդիպելու Մութաֆեան Պատրիարքին հետ, որուն ծանօթացած էի Ամերիկայի մէջ:  Ան իր եպիսկոպոսական օծումը ստացաւ Մեսրոպ Գրիգորեանի հետ, ձեռամբ` Վազգէն Վեհափառին:  Անուանակիցներ եւ մտաւորականներ, որոնց աշխարհայեացքները թէեւ իրարմէ տարբեր են եղած:  Բայց երկուքն ալ հաւատացած են հայ դըպրութեան:

Այցելութենէս առաջ հանդիպած էի Պողազ Իչի (նախկին Ռոպերթ Գոլէճ) համալսարանը, ուր կը պաշտօնավարէ յարգելի (չըսելու համար սիրելի հարազատ) կրթական մշակ մը, որ արդէն հասած է համալսարանի բարձրագոյն պաշտօններէն մէկուն:  Հեռաձայնով խօսած էինք հայագիտական ամպիոն մը ունենալու մասին եւ յայտնած էր որ շուտով պիտի սկսէր գործել եւ ունէր նաեւ քաջալերանքը Մութաֆեան Սրբազանին:  Այս հարցով մանրամասնութիւններ ապագային գրելու խոստումով, հայ մտաւորականներ երջանիկ էին ... նոյնիսկ թուրքեր հայերէն լեզու պիտի ուսանէին:

Պատրիարքին հետ մեր հանդիպումը կայացաւ, շատ մտերմիկ զրոյցով մը իր գրասենեակին մէջ:  Ան այդ օրերուն այնպէս կ'երեւէր թէ ջերմ չէր Աթէշեան վարդապետին նկատմամբ ու ներկայութենէն, որովհետեւ մեր զրոյցի ընթացքին երբ Արամ վարդապետ մի քանի անգամ ուզեց գրասենեակէն ներս մտնել ... Պատրիարքը արգիլեց եւ ըսաւ մինչեւ այս հանդիպման աւարտը ներս չմտնէ ...:

Հանդիպումի աւարտին ցոյց տուաւ շինարարական աշխատանքները եւ ուզեց որ մեր միասին պատմական յիշատակը նկարուինք Այվազովսքիի պաստառին առաջ:

Լեցուն յիշատակներ ունիմ այդ օրերէն եւ ՙՀանդիպումներ - 4՚ հատորաշարքին մէջ Պոլիսը իր հայութեամբ բաժնին մէջ կը տողանցեն- բացի Պատրիարք Սրբազան Հայրէն, Տոքթ. Արտաշէս Համբարձումեան (Բժշկապետ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի), Էթիէն Մահճուպեան (Խմբագիր ՙԱկօս՚ շաբաթաթերթի), Յարութիւն Շէշէթեան (Հիմնադիր ՙԱկօս՚ Շաբաթաթերթի), Ռոպէր Հատտէճեան (Խմբագրապետ ՙՄարմարա՚ Օրաթերթի), Արա Գոչունեան (Խմբագիր ՙԺամանակ) Օրաթերթի), Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան (Տնօրէնուհի Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի), Արփի Մանուկեան (Տնօրէնուհի Մերամէթճեան Վարժարանի), Հայկ Նշան (Տնօրէն Ս. Խաչ Լիսէի), Եդուարդ Թովմասեան (Հիմնադիր ՙԱրազ՚ Հրատարակչատան), Գերապայծառ Յովհաննէս Արք. Չօլաքեան ( Վիճակաւոր Հայ Կաթողիկէ Համայնքի), Կարէն Միրզոյեան (Սեւծովեան տնտեսական կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ) եւ ... Ռաքել Տինք:

 

- Ձեր եկեղեցական իշխանութեան առաջին օրերուն կ՛իմանայինք, թէ մեծ թիւով երիտասարդներ բոլորած էիք ձեր շուրջ եւ ուրախութիւն էր տեսնել, թէ անոնք ազգային համայնքային կեանքով կը հետաքրքրուին: Ձեւով մը գաղութը վերանորոգելու աշխատանք մըն էր: Արդեօք այսօր այդ ճիգը ո՞ւր հասած է:

Այժմ ալ ունինք երիտասարդական յանձնախումբ, ՙԵրիտ՚ կոչած ենք ատիկա բաւական արթուն տղաք են եւ իրենք բարեգործական գործերով կը զբաղին, օրինակ` Ս. Փրկիչ հիւանդանոց կ՛այցելեն, ծերերով կը հետաքրքըրւին, որբանոցները կ՛այցելեն եւ հայ երիտասարդները քով¬քովի բերելու համար որոշ ուխտագնացութիւններ եւ կամ պտոյտներ կը կազմակերպեն: Պէտք է ըսել, որ բաւական մօտիկ ալ են Պատրիարքարանի շրջանակին: Լաւ ընթացքի մէջ են, կը խորհիմ: Լա՛ւ կ՛աշխատին:

 

- Սրբազան Հայր, այսօրուան տուեալներով ի՞նչ է մեր համայնքի վարժարաններուն եւ աշակերտութեան թիւը:

Այժմ ունինք 17 ազգային վարժարաններ, 48 եկեղեցիներ Թուրքիոյ տարածքին, 20 սանուց միութիւններ, մէկ ազգային հիւանդանոց, դպրոցներէն երկուքը որբանոց են 16 համայնք Պոլսէն դուրս, որոնք Անթալիայի տարբեր վայրերը կը գտնուին: Այս տարի Մայիսին առաջին անգամ ես մինչեւ Արեւելք պիտի երթամ, թէեւ շատ այցելած եմ զանազան շրջաններ: Շնորհք Պատրիարքի հետքերով ես ալ պիտի այցելեմ...:

 

- Ինչպէս ամէն գաղութի մէջ, վստահաբար Պոլսոյ համար ալ հարց է հայախօսութեան պարագան: Այս այցելութեամբ նշմարեցի, որ մեր դպրոցներուն մէջ, ինչպէս Ամերիկայի մեր դպրոցներուն մէջ, հայախօսութիւնը սկսած է նահանջել:

Դժբախտաբար, այս երեւոյթը այսօր նաեւ Միջին Արեւելքի մեր վարժարաններուն մէջ կայ, երբ կը լսենք արաբերէնը: Ինծի ըսուեցաւ, որ հայերէն լեզուի ուսուցման համար պէտք եղած գիրքերը անտրամադրելի են: Ինչպէ՞ս կարելի է լուծում գտնել այս ուղղութեամբ:

Թիւ մէկ խնդիրը նախ եւ առաջ ուսուցիչ ունենալու հետ է: Նախ, լա՛ւ ուսուցիչ պատրատելու միջոց չկայ Թուրքիոյ մէջ: Ուստի կը փորձենք ամառները վերապատրաստութեան դասընթացքներ ստեղծել իրենց համար եւ որովհետեւ պարտադիր չէ, ոմանք կու գան եւ ոմանք ալ չեն գար:

Իսթանպուլի համալսարաններէն մէկուն մէջ ես առաջարկեցի պետութեան, որ հայագիտութեան ամպիոն մը բացուի, ուր կարելի պիտի ըլլայ ազգային վարժարաններու համար ուսուցիչ պատրաստել, որ սորվին գրաբար եւ արդի արեւմտահայերէն լեզուները ու եթէ ատիկա համալսարանական մակարդակի վրայ ըլլայ` քիչ մը աւելի լուրջի կ՛առնուի: Ոմանք կ՛ըսեն, թէ ատիկա կարելի չէ... ինչպէ՞ս կարելի է ծէս սորվեցնել: Ծէսը եկեղեցիին մէջ կրնաս սորվեցնել, իսկ աստուածաբանութիւնը միայն մեզի` հայ համայնքիս համար չէր: Ես խորհեցայ cooparative thecnology¬ի նման բան մը ընել եւ բոլոր միւս փոքրամասնութիւններուն համար ալ subunit¬ներ դնել: Ու այսպէս իրարմէ ալ դասեր կարելի է վերցնել. օրինակ հրեայ համայնքի դասընթացքներն կարելի է եփրայերէն սորվիլ, յոյն համայնքի դասընթացքներէն` սուրբ գրական յունարէնը սորվիլ, լատիններէն եւ այլն:

Գրեթէ բոլոր համայնքները համամիտ են, բացի յոյներէն: Յոյները կը փափաքին իրենց դպրոցը` Հէյպիլիի կղզիին վրայ միայն բանալ, իրենց հին վանքին մէջ: Իրենք ալ ժամանակի ընթացքին կ՛երեւի կրնան մեր առաջարկին միանալ, ապագային, երբ տեսնեն, որ կը գործէ նոր հիմնարկ մը: Այժմ իրենք կը հակառակին անոր: Իրենք քիչ մըն ալ իրենց  կռնակը տուած են Յունաստանի կառավարութեան եւ խորհելով, որ Եւրամիութեան ընթացքը կը շարունակուի Թուրքիոյ համար, իրենք կը խորհին, որ ճնշում կարելի է բանեցնել Թուրքիոյ վրայ եւ այլն: Բայց, կը խորհինք, որ շատ աւելի համապարփակ, շատ աւելի ընդունելի է մեր առաջարկը եւ այս ուղղութեամբ կ՛աշխատինք: Եթէ ասիկա կարելի ըլլայ, մինչեւ իսկ ես կրնամ դասաւանդել համալսարա նին մէջ եւ ուրիշ լա՛ւ ուսուցիչներ ալ կան դեռ քաղաքին մէջ, գրողները զանազան թերթերու. օրինակ` Ռոպէր Հատտէճեանը ինքը պատրաստ է դասաւանդելու: Կը խորհիմ, որ անոնք ալ համալսարանի այդ ամպիոնին մէջ կրնան դասաւանդել:

Երկրի կրթական գործերու նախարարութեան հետ բարձրագոյն կրթութեան խորհուրդ մը ունինք, անոնց հետ ես խօսեցայ, հակառակ չեն այս գաղափարին, միայն կ՛երեւի պիտի սպասեն ընտրութիւններու աւարտին եւ ատկէ յետոյ որոշումի պիտի գան: Եւ այս պիտի հոգացուի պետական պիւտճէով:

 

- Թուրքիոյ հետ հոգեւորականաց դասի պատրաստութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի:

Առանց պատրաստելու մենք ոեւէ մէկը չենք ձեռնադրեր եւ մեր բոլոր հոգեւորականները, գոնէ կուսակրօն եկեղեցականները, անպայման կա՛մ Էջմիածին եւ կա՛մ Անթիլիաս ու Երուսաղէմ գացած են: Անով ալ չենք բաւարարուիր. իրենց վերադարձէն յետոյ մենք այստեղ եւս իրենց համար դասընթացքներ կը ստեղծենք եւ ես անձամբ իրենց կը դասաւանդեմ: Այդ բոլորէն չանցած` ոեւէ մէկը չի կրնար ձեռնադրուիլ:

Ըսեմ թէ այստեղ հիմա կուսակրօն քահանաներուն թիւը եօթն է, երկու սրբազան ունինք: Թիւը բաւարար չէ մեզի համար, քառասուն եկեղեցի ունինք եւ քահանաներու թիւը 26 է: Ուրեմն կը նշանակէ, որ գաւառին պէտք եղած ուշադրութիւնը չենք կրնար տալ, նաեւ` Կրետէին, որ մեզի կապուած է: Այնպէս, որ ժամանակ առ ժամանակ գաւառ ալ զոյգ¬զոյգ հոգեւորականներ կ՛ուղարկենք, որպէսզի մկրտութիւններ կատարեն եւ տօնական օրերուն գոնէ առանց քահանայի չմնան:

 

- Պատրիարք Սրբազան Հայր, անշուշտ այս հարցումը պէտք է հարցնել այլոց, սակայն քանի այս հանդիպումը կ՛ունենաք միասին, ունիմ հարցում մը: Աւելի քան ութը տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէք որպէս տէրը այս պատմական պատրիարքական աթոռին: Արդեօք հոգեկան երջանկութիւնը կ՛ունենա՞ք այս աթոռին բերած ըլլալու ներդրում մը, որ հարստացուցած ըլլայ այս գաղութը:

Պէտք է ըսել, որ առաւելաբար շինարարական գործերով զբաղեցայ այս ինը տարիներու ընթացքին եւ կը խորհիմ որ երիտասարդական կարեւոր շարժումի մը նախաձեռնեցի:

 

- Ըսեմ թէ պատրիարքական շէնքի վերանորոգումը իրապէս պատուաբեր աշխատանք մըն է: Սքանչելի գործ մը տեսած էք:

Երէկ Աղթամար այցելեցինք ու ներկայ գտնուեցանք վերանորոգուած մեր եկեղեցւոյ բացման հանդիսութեան: Թէեւ նո՛յն օրն իսկ հեռուստատեսիլէն իմացանք ձեր թրքերէն լեզուով յայտարարութիւնը. պիտի ուզեմ որ գոնէ մեր հայ ընթերցողներուն համար այս առթիւ կրկնէք զայն, որպէսզի մենք մեր կարգին փոխանցենք զայն սփիւռքի մեր ժողովուրդին:

Այսօր չորս նուիրապետական աթոռներ ունինք, սակայն ժամանակին Աղթամարի կաթողիկոսութիւնն ալ հինգերորդն էր, մէյ մըն ալ Ղարաբաղի մեր կաթողիկոսութիւնը կար այդ ժամանակին, որ վեցերորդն էր: Այնպէս որ Աղթամարը իր ուրոյն տեղը ունի մեր պատմութեան մէջ: Պէտք է ըսել նաեւ, որ այդ կողմերը թագաւորութիւն ունեցեր ենք եւ Գագիկ թագաւորի ջանքերով ալ այդ եկեղեցին կառուցուեր է հոն:

Բացի ասկէ, ես այցելեցի նաեւ Նարեկ գիւղը եւ Վարագայ վանքը եւ տեսայ, որ Նարեկի մէջ գտնուող մեր նախկին վանքը ամբողջութեամբ անյայտացեր է, անոր տեղը մզկիթ մը շինուեր է ¬ թէեւ ասկէ առաջ երբ գացեր էի այդտեղ, տեսած էի որ եկեղեցին ախոռի վերածուած էր. շիտակը պէ՛տք է ըսել, թէ աւելի գոհ մնացի որ աղօթարան մը եղեր է, քան` ախոռ:

Մենք շատ լաւ դիմաւորուեցանք, պետական աւագանիին կողմէ: Սակայն քաղաքական կուսակցութիւններէն մէկը, որ Պէօյիք Պիրլիք Բարգիսի կը կոչուի, որուն գլուխը Մովիսին Եազըճի անունով մէկն է, այս մարդը յատուկ կերպով, գիտնալով, որ մենք հոն պիտի երթանք, ինքն ալ գացեր է եւ քիչ մը խառնշտկած էր այդտեղ: ՙՓոքրամասնութիւնները պէ՛տք է որ մաքրուին Թուրքիայէն՚ լոզունգներով փանքարթներ հրապարակած էր: Ասիկա քիչ մը անհանգստացուց հայերը, որոնք ներկայ գտնուեցան բացման արարողութեան:

Ես կը խորհիմ որ մշակությին արժէք մը փրկուեցաւ եւ ասիկա առաջին անգամ կը պատահի Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ, պետական գանձէն վճարելով: Մենք մինչեւ հիմա վարժուած էինք որ Սեբաստիայի սա վանքը, միւս վանքը ¬ մարդիկ մինչեւ իսկ կը պայթեցնէին եւ հետքերը մէջտեղէն կը վերցնէին: Հիմա, առաջին անգամ, իբրեւ ժեսթ վերանորոգուեցաւ հայկական ճարտարապետական կոթող մը եւ դրամն ալ պետական գանձէն տրուեցաւ:

Հիմա, ես շատ չհասկցայ, թէ ինչու Էջմիածնի մեր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չուզեցին մարդ ուղարկել բացման այս արարողութեան, հակառակ որ հրաւէր ալ կար. կը խորհիմ նաեւ որ երկխօսութեան ալ դուռ մը բացուած կ՛ըլլար այսպիսով:

Սակայն, ինծի համար կարեւոր էր, որ երթայի: Ես գացի, որովհետեւ կարեւոր էր որ հոն ըլլայի եւ մշակութային արժէք ներկայացնող Աղթամարը փրկուած տեսնէի: Ի վերջոյ, մեր ժողովուրդին կը պատկանի ատիկա, արժէք մըն է եւ կը խորհիմ որ այդ մտածումով է որ Հայաստանի կառավարութիւնն ալ 19 հոգինոց պատուիրակութիւն մը ուղարկած էր, որուն գլուխը Կիւրլեանը կար, Մշակոյթի փոխ նախարարը: Ըսուեցաւ, որ նախարարը վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի յուղարկաւորութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին մէջ էր եւ այդ պատճառով չկրցաւ գալ: Այդպէս ալ յայտարարուեցաւ այդտեղ:

Կը խորհիմ, թէ ճիշդ էր, որ մենք հոն ներկայ գտնուեցանք:


- Եկեղեցիին գմբէթին վրայ խաչ դնելու հարցին կապակցութեամբ նաեւ ըրած էիք յայտարարութիւն մը:

Այո՛, ես պահանջեցի, որ խաչը դրուի: Նաեւ պահանջեցի, որ տարին մէկ անգամ ուխտագնացութիւն կատարուի այդտեղ: Թէեւ, եթէ արտօնուի վստահ չեմ, որ մենք պիտի ուզենք երթալ, որովհետեւ հոն տեսայ լարուած մթնոլորտ մը: Որոշ կուսակցութիւններ ժողովուրդը կը գրգռեն, որպէսզի ցոյցեր կատարուին փողոցներուն մէջ: Որքա՞ն խոհեմութիւն է ժողովուրդ տանիլ հոն: Որովհետեւ բախում ըլլալու պարագային, ի՛նչ պիտի կարենանք ընել: Պարագան զիս մտահոգեց քիչ մը, սակայն մեծ հաւանականութեամբ պիտի արտօնեն այդ բոլորը, այսինքն` խաչն ալ կը դրուի, կը խորհիմ, թէ ուխտագնացութեան արտօնութիւնն ալ կը տրուի: Ես առաջարկեցի, որ հոն աղուոր ֆեսթիվալ մը, տօնավաճառի պէս բան մը ըլլայ եւ տարին անգամ մըն ալ Ս. Պատարագ մատուցուի: Այսինքն, մեր երգչախումբերը երթան, այդտեղ ֆոլքլորի խումբեր գան եւ այդպէս իրենց ձեռագործները ցուցադրեն: Ու այսպէս ժողովուրդներու համակեցութեան message¬ներ ալ կարելի կ՛ըլլայ տալ:

 

- Մտածում մը ունիմ այս առթիւ: Կ՛արժէ Աղթամարին նուիրուած երկլեզու ալպոմ մը լոյսին բերել եւ թրքական զբօսաշրջային տեղերը տեղաւորել:

Լա՛ւ գաղափար է: Միլանոյի համալսարանը շատ գեղեցիկ կերպով հրատարակած է: Այո՛, կարելի է պատրաստել:

 

- Կը խորհի՞ք որ Ձեր երկրի մշակոյթի նախարարը, այս նախաձեռնութենէն ետք, պիտի շարունակէ մեր միւս ճարտարապետական կոթողներն ալ Աղթամարի նման վերանորոգել, գոնէ Անին իր մայր տաճարով:

Արդէն կը մտածեն ըսաւ ինքը այդտեղ: Յայտարարեց որ կ՛ուզէ Անիի աւերակներն ալ վերանորոգելէ յետոյ, նորէն այսպէս մեծ խումբով երթալ եւ բացման արարողութիւն մըն ալ այդտեղ կատարել:

 

- Նորոգութիւնը ի՞նչ մասնագիտական մակարդակի վրայ կատարած է արդեօք:

Նախ պէտք  ըսել, որ մեզի պատկանող արժէք մը փրկուեցաւ: Որովհետեւ ես այցելեր էի Աղթամար եւ տեսած էի որքան վատ էր վիճակը վանքին եւ հաւանաբար փուլ պիտի գար այդ եկեղեցին: Հիմա ատկէ փրկուեցանք: Պէտք է ըսել, որ ոմանք իրենց մտահոգութիւնը կ՛արտայայտեն այս restoration¬ի որակին շուրջ. պէ՛տք է ըսեմ, որ ամառն ալ գացի եւ շատ գոհ մնացի տարուած աշխատանքէն: Նախ եւ առաջ մենք ալ այստեղէն հայ ճարտարապետ մը` Զաքարիա Միլյանօղլու, գործուղղեցինք եւ բաւական խղճմտանքով ինքն ալ վարուեցաւ: Որեւէ նիւթական յատկացում չստացաւ իր կատարած այդ աշխատանքին դիմաց: Ես արդիւնքէն շատ գոհ եմ:

 

- Տինքի սպանութիւնը, այս օրերուն, կը մտահոգէ բոլորս: Միջազգային մամուլին ալ նիւթ դարձած է դէպքը: Այս սպանութիւնը ինչ բացասական եւ դրական կողմեր ունեցաւ իսթանպուլահայ կեանքէն  ներս:

Դրական կողմը այն է, որ որոշ շրջանակներ  հայ համայնքին հետ միասին ցաւակից եղան այդ ցոյցերու ընթացքին, յուղարկաւորութեան եւ քայլարշաւին: Բացասական կողմը այն էր որ այն կուսակցութիւնները, որոնք այդ սրտակցութիւնը ցոյց տուին եւ ՙամէնքս ալ հայ ենք՚  լոզունգը օգտագործեցին, ատկէ յետոյ բոլորն ալ քաշուեցան հրապարակէն եւ ամէն անգամուան պէս հայ համայնքը առանձինն մնաց: Ու այս առթիւ ազգայնամոլականներու կողմէ յարձակման թիրախը մենք դարձանք:

Մինչեւ իսկ Պատրիարքարան մէկը եկաւ, կրակեց ¬ բաներ մը ըսաւ եւ մեր թերթերուն տարօրինակ մարդիկ այցելութիւններ տուին, հարց տալով թէ ՙԴուք հայերդ հոս ի՞նչ գործ ունիք՚, կամ արդեօք ՙԴուք ՙԱկօս՚¬ի շարունակութի՞ւնն է՚: ՙՄարմարա՚ի ու ՙԱրազ՚ հրատարակչատան ըրած են նման հարցադրումներ: Նաեւ մեր պատրիարքարանի փաստաբաններուն այցելութիւններ տուեր են: Այսինքն կազմակերպուած ազգայնամոլական շարժում մը կայ եւ թիրախ ըլլալով հայ համայնքը ընտրած են ասոնք, որպէսզի կ՛երեւի մենք բաւ է ըսենք ու ելլենք այս երկրէն: Բայց մենք այստեղ հաստատութիւններ ունինք եւ շատ աւելի խոր է մեր կապը Պոլսոյ հետ եւ բնականօրէն պիտի փորձենք մեր հաստատութիւնները կարգին պահել:

 

- Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միութեան հետ կապուած նոր նախաձեռնութիւն մը կա՞յ արդեօք այս օրերուն:

Դժբախտաբար չկայ, որքան որ ես կը տեսնեմ: Կ՛երեւի քիչ մը մարդկային, քիչ մըն ալ մեր ցեղին յատուկ պատճառներով...:

 

- Գարեգին Բ.-ի օրհնաբեր այցելութիւնը ինչպէ՞ս դիմաւորուեցաւ պոլսահայ հաւատացեալներուն կողմէ:

Լա՛ւ այցելութիւն մըն էր: Շատ լաւ անցաւ: Համայնքը ուրախացաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառին այցելութեամբ: Վեհափառն ալ գոհ մնաց, մենք ալ գոհ մնացինք:

 

- Սրբազան Հայր, գրասէր մա՛րդ էք դուք. արդեօք ունի՞ք քիչ մըն ալ գիրով` գրականութեամբ կամ աստուածաբանական գործերով պարապելու, հակառակ Ձեր ծանր պատրիարքական պաշտօնին:

Առայժմ, բոլոր գրածներս լրագրային բնոյթի գործեր են դժբախտաբար, սակայն մտադրած եմ հիմա գրել յուշերս:

 

Իսթանպուլ

 

Յակոբ Վարդիվառեան

«Պայքար»/Նիւ Եորք