image

Ստեփանակերտի մէջ ընթացք առաւ Լեւոն Հայրապետեանի անուան բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը

Ստեփանակերտի մէջ ընթացք առաւ Լեւոն Հայրապետեանի անուան բռնցքամարտի ախոյեանութիւնը

16 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ մեկնարկած է բռնցքամարտի միջազգային մրցաշար` նուիրուած մեծանուն հայ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի յիշատակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախբրես»-ը:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակից խումբերը ներկայացած են շքերթով:  

 

Արցախի ողիմպիական մասնագիտական բռնցքամարտի միութեան նախագահ Նարեկ Աբրահամեանը ըսած է, որ նմանատիպ մրցաշար առաջին անգամ կազմակերպուած է  2017 թուականին, Գանձասարի մէջ:

«Այդ ժամանակ մեզ մօտ ծագեց գաղափար մրցաշարը դարձնել  ամենամեայ` առաջնութիւնում ընդգրկելով աւելի շատ մարզիկների: Կարծում եմ` սա կարեւոր քայլ է մարզաձեւը Արցախում զարգացնելու եւ մեր երկիրը աւելի ճանաչելի դարձնելու համար»,- նշած է Ն. Աբրահամեանը:
Իսկ Հայաստանի բռնցքամարտի ազգային միութեան նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեանը ըսած է, որ սա մեծ մարզական իրադարձութիւն է Արցախի մէջ, որու ընթացքին տարբեր երկիրներէ ժամանած մարզիկները հնարաւորութիւն կ'ունենան ոչ միայն իրար հետ մրցելու, այլեւ փոխանակվելու սեփական փորձը:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան յաջորդած են բռնցքամարտի մրցումները, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ այսօր: Իսկ 18 օգոստոսին` ժամը 15:00-ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը: