image
Հրատապ լուրեր:

Օպամա Երեւա ՞ ն պիտի այցելէ

Օպամա   Երեւա ՞ ն   պիտի այցելէ

Շատ  հաւանական է, որ  ԱՄՆ  նախկին  նախագահ Պարաք Օպամա  Հայաստան այցելէ։   Օպամա  մասնակից պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային 23րդ համագումարին (The World Congress on Information Technology (WCIT))։

Ի դէպ  այս  մասին դիմատետրի գրառում կատարած է     համագումարի  կազմակերպիչներէն՝ Ալեքսանդր Եսայեան:

Նշենք, որ WCIT 2019 համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 6-9 Հոկտեմբերին, Հայաստանի կառավարութեան հովանաւորութեամբ  եւ աջակցութեամբ:

Համաշխարհային մակարդակով այս ժողովը կը կազմակերպէ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ սպասարկութիւններու համաշխարհային դաշինքը (WITSA)։ Համագումարը  վարելու պարտականութիւնը ստանձնած է «Reddit» կայքի եւ «Initialized Capital»  կազմակերպութեան հիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան, իսկ մասնակցողներու շարքին պիտի ըլլան  տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի մասնագէտներ, պաշտօնական անձեր եւ յառաջատար ընկերութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: