Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Սեպուհ Գաբրիէլեանը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։
Շատերու համար Ապու Արմէն անունով յայտնի Սեպուհ Գաբրիէլեանը եղած է հալէպահայ գաղութի սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւններէն մին։
Որպէս բարերար եւ բարեսիրական միութիւններուն սատար կանգնած անհատ ունեցած է ընկերներու եւ բարեկամներու լայն շրջանակ մը, յատկապէս «Կիլիկեան» վարժարանի շրջանաւարտներու շարքերուն մէջ։
Ամուսնացած էր Սոնա Մարտիկեանին հետ եւ ունէր երկու որդի ՝ Արմէն եւ Մեղրիկ։
1960-ի ծնունդ Ապու Արմէնը յատկապէս Հալէպի պատերազմի թէժացումէն ետք անցած էր Հայաստան եւ շրջան մը Երեւանի մէջ ապրելէ ետք գաղթած ՝ Ամերիկա։