image

Փարիզի Մէջ Արփիկ Միսաքեանի Նուիրուած Ձեռնարկ

Փարիզի Մէջ      Արփիկ Միսաքեանի  Նուիրուած  Ձեռնարկ

Հայ կաթողիկէներու «Սուրբ Խաչ»  ընկերակցութեան ամսական դասախօսութիւններու շարքին փետրուարեանը յատկացուած էր «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ տնօրէնուհի Արփիկ Միսաքեանի յիշատակին, անոր մեծարանքին: Այս առթիւ, Փարիզի «Սուրբ Մեսրոպ» մշակութային կեդրոն դասախօսելու հրաւիրուած էին «Յառաջ»ի վերջին 25 տարիներու խմբագիր Արփի Թոթոյեան եւ գրող Գրիգոր Պըլտեան, առաջինը ներկայացնելու համար՝ Արփիկ Միսաքեանի կեանքն ու վաստակը, իսկ երկրորդը՝ խօսելու Շաւարշ Միսաքեանի յուշերը ամփոփող «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը» (1957 Պէյրութ, 2015 Մարսիլիա) հատորին Արփիկ Միսաքեանի կողմէ կատարուած եւ վերջերս լոյս տեսած «Face à l'innommable: Avril 1915» ֆրանսերէն թարգմանութեան մասին:

Փետրուար 27ի յետմիջօրէին Թուէնի սրահը լեցուցած էր բազմութիւն մը, որ դեռ կը հետաքրքրուի հայութեամբ, հայ մամուլով, անոր արժանաւորներով: Կային ներկաներ ալ, որոնք անձնապէս ճանչցած են Արփիկ Միսաքեանը, մաս կազմած՝ անոր անմիջական շրջանակին:

Յովսէփ Ծ. Վրդ. Քէլէկեանի բարի գալստեան կարճ ելոյթէն ետք նախ խօսքը տրուեցաւ Արփի Թոթոյեանին:

Դասախօսուհին անսահման երկիւղածութեամբ եւ յուզումով արտայայտուեցաւ Արփիկ Միսաքեանի մասին, հայերէնով: Նախ շեշտեց թէ մեծարեալը մեծ աշխատասէր մըն էր,1957ին՝ իր հօր մահէն ետք, թերթի տնօրէնութեան 52 տարիներուն՝ ամէն առաւօտ ժամը 7.30ին գրասեղանին գլուխը եղած է, մինչեւ իրիկուն: Խօսեցաւ անոր սկզբունքներուն, հօրը ճամբէն չշեղելու կամքին մասին: Ըսաւ, թէ անոր մահով վերջացաւ ամբողջ շրջան մը սփիւռքահայ մամուլի, որուն դրօշակակիրը «Յառաջ»ն էր։

Ապա, ընդգծելու համար թէ ինչպիսի՛ շրջանակի մէջ աշխարհ եկած եւ հասակ նետած է Արփիկ Միսաքեան, յիշեց թէ Շաւարշ Միսաքեանի բարեկամներու շրջանակը՝ Ռուբէն Փաշան եւ իր ընտանիքն էին, Զարդարեանները, Տիկին Զաւարեանը, Ահարոնեանը, Տէր Յակոբեան ընտանիքը… «Արփիկ հայկական միօրեայ դպրոցներէն չեմ կարծեր որ շատ մեծ բան մը առած ըլլայ, բայց միշտ կը յիշէր իր հայերէնի ուսուցիչ Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ միայն քանի մը ամիս իր դասատուն եղած է» աւելցուց ան։ Անդրադարձաւ նաեւ Արփիկ Միսաքեանի մօր՝ Տիրուհի Միսաքեանի կարեւոր տիպարին, որ դժբախտաբար քիչ մը շուքին մնացած է հայր ու աղջիկ Միսաքեաններու:

Շեշտեց, թէ հայ գրականութեան մօտէն ծանօթանալու առումով՝ Արփիկ Միսաքեանի հանդիպումը Շահան Շահնուրին՝ վճռական դեր կատարած է։ Արդարեւ, 1940ական թուականներէն մինչեւ Շահնուրի մահը սերտ բարեկամութիւն մը ստեղծուած է իրենց միջեւ։ Զինք տպաւորած է Շահնուրի «Նահանջը առաց երգի» վէպը, կարդացած է նաեւ հեղինակին միւս գործերը։

Թերթին հրատարակութիւնը շարունակելու գործին մէջ իրեն օգնած են հօրը մօտիկ գործակիցներէն գլխաւորաբար՝ Հրանտ Սամուէլ եւ Շաւարշ Նարդունի, բայց նաեւ հայ մամուլի ամբողջ փաղանգ մը: Ըսաւ նաեւ, թէ Շաւարշի սկսած գործը շարունակելու Արփիկ Միսաքեանի որոշումին մէջ ուղղակի կամ անուղղակի մեծ դեր ունեցած է «Յառաջ»ի առաջին թիւին մէջ Շաւարշի ստորագրած գրութեան հետեւեալ կէտերը.-

-օրաթերթը պահանջ է ֆրանսահայութեան եւ դրացի երկիրներու հայութեան,

  -օրաթերթը ձուլումի դէմ պայքարի միջոց է,

-օրաթերթը պահանջ է, որպէսզի կարենանք պաշտպանել սրբութիւնները՝ ազգային գիտակցութիւնը, լեզուն, գրականութիւնը, հայկական արուեստը:

Ասոնք կէտեր են որոնք Արփիկի գործին մէջ միշտ ունեցած են իրենց տեղն ու կարեւորութիւնը:

Ա. Թոթոյեան նշեց, թէ Արփիկ Միսաքեանի համար անկախութիւնը կարեւոր էր թէ՛ գաղափարական եւ թէ նիւթական գետնի վրայ, որպէսզի հաւատարիմ մնար իր հօր սկզբունքներուն։ Այդ պատճառով ալ փափաքած էր, որ թերթը ունենայ իր սեփական խմբագրատունն ու տպարանը։ Արփիկ, 1957ին՝ հօրը մահէն առաջ արդէն նախաձեռնած էր սեփական տպարանի մը հաստատման գործին, որ իրագործուեցաւ նոյն տարին: Եւ արդէն յաջորդ տարի՝ 1958ին այդ տպարանէն լոյս տեսաւ առաջին հատորը՝ Շաւարշի գրութիւններու «Օրեր եւ ժամեր» ծաղկաքաղը, որ սկիզբը պիտի հանդիսանար «Յառաջ» մատենաշարին։ Այդ մատենաշարէն մինչեւ թերթին փակումը՝ 2009, լոյս տեսած են 25էն 30 հատոր գիրքեր։

Խմբագրատան հարցն ալ լուծեց 1973ին, նուիրատու քանի մը բարեկամներու շնորհիւ, մանաւանդ Մոնաքոյէն Պ. Մուշեղ Ճիյէրճեանի. վերջինիս տղան՝ Տիգրան Ճիյէրճեանն ալ իր կարգին մինչեւ վերջը նիւթապէս օգնեց «Յառաջ»ին։

Մեծ գին վճարեց անկախ ըլլալու համար, որովհետեւ իր կռնակին ունէր ո՛չ կուսակցութիւն եւ ո՛չ ալ միութիւն կամ կազմակերպութիւն, հետեւաբար թերթը պարտաւոր էր իր «իւղովը տապկուել»ու։ Ա. Թոթոյեան ըսաւ թէ վերջին տարիներուն խմբագրութեան մէջ միայն երկու հոգի էին, բայց ատիկա պէտք չէր սխալ մեկնաբանել, քանի որ թերթը ունէր աշխատակիցներու պատկառելի շրջանակ մը՝ ամբողջ աշխարհէն։ «Իմ հոն եղած 25 տարիներու ընթացքին առնուազն 40 աշխատակից ունէր թերթը» աւելցուց ան։

Ապա ըսաւ, թէ թերթին կեանքի կարեւոր փուլերէն մէկն էր 1976 Դեկտեմբերը, երբ սկսաւ լոյս տեսնել «Միտք եւ արուեստ» ամսաթերթը՝ արուեստի եւ գրականութեան յատկացուած թիւ մը։ Անոր մէջ ո՛չ մէկ արտատպում կար։ Այդ թիւերուն մէջ տեղ կը գտնէին նաեւ ֆրանսերէնով գրութիւններ։

Արփիկի համար արեւմտահայերէնը եւ արեւմտահայ մշակոյթը շատ բացառիկ յարգանքի արժանի էին եւ մինչեւ վերջ պաշտպանեց այդ սկզբունքը։ Մեծ յարգանք ունէր Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան Միաբանութեան նկատմամբ իբրեւ արեւմտահայերէնի կեդրոն։ Յաճախ կ՚այցելէր Վենետիկ։ Նոյնիսկ եթէ վերջին տարիներուն յուսախաբութիւն ապրեցաւ Մխիթարեաններու գործունէութեան գծով։

Թոթոյեան, դասական ուղղագրութեան նկատմամբ Արփիկ Միսաքեանի բծախնդրութեան գծով պատմեց նաեւ հետեւեալ դէպքը: Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ երբ իրեն ըսուեցաւ, թէ կը փափաքին Հայաստանի Օձուն գիւղի դպրոցը կոչել Շաւարշի անունով, Արփիկ Միսաքեան յստակ եւ վճռական պատասխանեց. «եթէ անունը շէնք-շնորհք՝ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ պիտի արձանագրուի՝ համաձայն եմ, եթէ ոչ՝ չեմ ուզեր անգամ մըն ալ լսել այդ մասին»։

Ա. Միսաքեան աշխատելու մեծ կամք ունէր։ Լուրեր կը խմբագրէր, կը թարգմանէր, «տխրունի»ներ կը գրէր, ներքին էջերու նիւթերը կը պատրաստէր եւ թերթին հաշուապահութեան եւ վարչական գործն ալ կ՚ընէր։ Կէսօրէ ետք երբ թերթը կը փակուէր, շատ աւելի ընկերական էր, կատակներ կ՚ընէր։ Կ՚ըսէր թէ ինք հոս ծնած Սփիւռքի առաջին սերունդէն էր։ Անդրանիկի աճիւններու փոխադրութեան ժամանակ, ինք կ՚ըսէր, թէ Անդրանիկը Սփիւռքի պայքարին խորհրդանիշն է, արեւմտահայութեան պայքարին խորհրդանիշն է, անոր համար ալ հոս պէտք է մնայ։ Նաեւ կը պահանջէր որ Հայաստանի իշխանութիւնները 1935ի պետութեան հրամանագիրը չեղեալ համարեն եւ յետոյ աճիւնները Հայաստան փոխադրեն։ Բայց այդպէս չեղաւ։

Դասախօսուհին ըսաւ նաեւ թէ «Յառաջ»ի խմբագրատունը մշակութային կեդրոնի դեր կը կատարէր։ Հոն իրարու քով կու գային համայնքիս առաջնակարգ մտաւորականները, արուեստագէտները, անպայման խմբագրատուն կ՚այցելէին արտասահմանէն Փարիզ ժամանած հայ գիրի եւ մշակոյթի կարեւոր դէմքեր:

Թոթոյեան լուսարձակուող նկարներու ալ ընկերակցութեամբ մասամբ թուեց այն բոլոր անձնաւորութիւնները որոնց անձամբ ծանօթացած էր Արփիկ Միսաքեան, ինչպէս 1976ին՝ Վազգէն Վեհափառին, երբ Հայաստան գացած էր։ Աւելի ուշ հանդիպած է Հռոմի Պապին։ Իրեն մտերիմ բարեկամները եղած են նկարիչ Գառզու, շարժարուեստի բեմադիր Աշոտ Մալաքեան, Ազնաւուր եւ հանրածանօթ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ։

Ան, քաղաքական ճիշդ դիրքորոշում ունեցաւ նաեւ Ղարաբաղեան շարժման տարիներուն։ Ղարաբաղ Կոմիտէի ժամանակ, Ա. Միսաքեան զօրակցեցաւ այդ նոր շարժումին։ Մասնակցեցաւ ՀՀՇ-ի առաջին համագումարին Երեւանի մէջ։ Ղարաբաղ Կոմիտէի բոլոր անդամներուն հետ բարեկամ էր, յատկապէս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Բաբգէն Արարքցեանի հետ։

Թոթոյեան եզրափակելով ըսաւ, թէ Արփիկ Միսաքեան յուսախաբութիւն ապրեցաւ տեսնելով, թէ Հայաստանը ամբողջ Սփիւռքի երազած հայրենիքը չեղաւ եւ աւելի շատ հետաքրքրուեցաւ Սփիւռքի նիւթական կարողութեամբ։ Ան յուսախաբ եղաւ ուղղագրութեան հարցով ալ, ապա նաեւ՝ արտագաղթի երեւոյթով։ Աւելցուց, թէ Արփիկ իր հօր յիշատակին հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջաւորութիւնը եւ ատոր լաւագոյն ապացոյցն է հակառակ առողջական իր ծանր վիճակին՝ Շաւարշի հայերէնով գրի առնուած բանտի յուշերուն իր կողմէ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը:

Պըլտեան ալ աւելցուց, թէ «Ա. Թոթոյեան մոռցաւ ըսելու շատ կարեւոր բան մը՝ որ Շ. Միսաքեան դաշնակցական էր։ Իսկ Արփիկ Միսաքեան չէր ուզեր քաղաքական կուսակցութենէ մը կախեալ ըլլալ. «Յառաջ»ը երբեք Դաշնակցութեան օրգանը չէ եղած։ Կարեւոր էր ընդգծել այս կէտը, որպէսզի թիւրիմացութիւն չյառաջանայ»։