image

Դեսպանատան բացման մասին լուրը դրական գնահատուած է Իսրայէլի կողմէ

Դեսպանատան բացման մասին լուրը դրական գնահատուած է Իսրայէլի կողմէ

Իսրայէլի ԱԳ նախարար Իսրայէլ Քացը բարձր գնահատած է Թէլ Աւիւի մէջ դեսպանատուն բանալու Հայաստանի որոշումը:

Ան այս «զգալի քայլ անիուանած է երկու երկիրներու երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման մէջ», յայտնած է The Jerusalem Post-ը:

Քացի խօսքով՝ Հայաստանը պիտի դառնայ 90-րդ երկիրը, որ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն կը բանայ, ինչը «կը վկայէ աշխարհի մէջ Իսրայէլի դիրքերու մշտական ամրապնդման մասին»:

Իսրայէլի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Նիզար Ամէրն իր հերթին յայտարարած է, որ դեսպանատան բացումը կ'արտացոլէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զգալի բարելաւումը, որը տեղի ունեցած է վերջին տարին: «Դեսպանատան բացումը երկկողմ յարաբերութիւններու նոր եւ կարեւոր կէտ է, եւ մենք վստահ ենք, որ այն աւելի պիտի ամրապնդէ երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը»,- նշած է Ամէրը:

Յիշեցնենք, որ 19 Սեպտեմբերին Հայաստանի կառավարութեան նիստին որոշում ընդունուած էր Թէլ Աւիւի մէջ հնարաւորինս կարճ ժամկէտի մէջ  (2019-ի վերջ – 2020-ի սկիզբ) դեսպանատուն բանաելու մասին: