image
Հրատապ լուրեր:

Ռուս մեծ լրագրող Պոզնէրը խօսած է Հայաստան իր տուած այցի մասին

Ռուս մեծ լրագրող Պոզնէրը խօսած է Հայաստան  իր տուած այցի մասին

Ռուս յայտնի գրող եւ լրագրող Վլատիմիր Պոզնէրը հարցազրոյց տուած է «Ժամը» ամսագրին՝ փոխանցելով իր յիշողութիւնները եւ տպաւորութիւնները Հայաստան կատարած այցելութիւններու մասին:

Մատնանշելով իր տան պատէն կախուած Սարեանի կտաւներէն մէկը՝ Պոզները նշած է, որ թէեւ առանձնապէս ծանօթ չէ հայոց մշակոյթին, յատուկ վերաբերմունք կը տածէ Սարեանի գործերու հանդէպ՝ տպաւորուած ըլլալով մեծանուն նկարիչի՝ գոյներու պատկերմամբ:

Պոզները պատմած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման իր տպաւորութիւններու մասին՝ նշելով, որ վերջինս վառ անհատականութիւն է:

Խօսելով հայ ժողովուրդի հիւրընկալութեան եւ ջերմութեան մասին՝ լրագրողը յիշատակած է մանուկ հասակին ճանչցած հայ ընտանիքը, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած գաղթականներու ժառանգներէն էր, եւ յատկապէս ընդգծած է հայերու միասնականութիւնն ու ջերմ վերաբերմունքը երեխաներու նկատմամբ:

Պատասխանելով Արցախ այցելութեան մասին հարցին՝ Պոզները նշած է, որ նման մտադրութիւն չունի, քանի որ շատ զբաղուած է: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ ինչպէս նախապէս արդէն նշած է, Արցախ այցելելու մեծ ցանկութիւն ունի եւ ատրպէյճանական «սեւ ցուցակներէն» չի վախնար եւ այդ հարցի մէջ հայերու կողմէն է: