image

Էրտողանին «ապտակ» Նիւ Եորքի մէջ

Էրտողանին «ապտակ» Նիւ Եորքի մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին Նիւ Եորքի մէջ, ուր ան ժամանած է մասնակցելու ՄԱԿ-ի Գերագոյն վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանին, «հիւրընկալ» ընդունելութիւն ցոյց տուած են. քաղաքի փողոցներով բեռնատար մեքենաներ երթեւեկած են, որոնց վրայ Էրտողանին ուղղուած մեղադրական պաստառներ փակցուած էին առ այն, որ ան օգնած եւ աջակցած է Սուրիոյ մէջ գործող զինուած խմբաւորումներուն:

Ինչպէս կը յայտնէ Rusarminfo-ն, մեքենաներէն մի քանիին վրայ եղած են հետեւեալ բովանդակութեամբ գրութիւններ. «Էրտողանը՝ ջիհատական ահաբեկիչներու կնքահայր, Միացեալ Նահանգները անոր չաջակցիր»:

Էրտողանը, Նիւ Եորքի մէջ գտնուելով, բացած է հանրայայտ հայ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի լուսանկարչական ցուցահանդէսը, այնուհետեւ հանդիպում ունեցած է հրէական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Հակասեմական հրէական կազմակերպութիւններու հետ հանդիպման ժամանակ, որպէս կանոն, Էրտողանը քննարկած է Իսրայէլի դէմ եղած քարոզչական գործողութիւնները:

Այս ծիրէն ներս տեղի ԶԼՄ-ները Էրտողանին յիշեցուցած են, թէ ինչ տեղի ունեցած է 2017-ի մայիսին Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ժամանակ, երբ թուրք առաջնորդի թիկնապահները անոր աչքին առաջ դաժան ծեծի ենթարկած էին հայ, քիւրտ եւ ամերիկացի ցուցարարները: