image

«Կարիքն ունինք ձեր օգնութեան». Պետիկ Սարաֆեանի կոչը

«Կարիքն ունինք ձեր օգնութեան». Պետիկ Սարաֆեանի կոչը

«Հայրս     վիրաբուժական   գործողութեան պիտի ենթարկուի  եւ կարիք ունինք    նիւթական  օժանդակութեան».  այսօր այսպէս յայտարարած է լիբանանահայ   երիտասարդ Պետրիկ Սարաֆեան։

Սարաֆեան  նաեւ նշած է, որ   հօրը  վիճակը  դէպի լաւը կ՚ընթանայ,  սակայն  ան կարիքն ունի վիրաբուժական  գործողութեան։

Պետիկ  Սարաֆեանի   հօր  օժանդակութիւն  տրամադրելու պատրաստակամութիւն ունեցողները կարող  են գրել   վերջինիս  դիմատետրի էջին՝ https://www.facebook.com/peter.bedig.sarafian

 

Յիշեցնենք, որ Սարաֆեաններու ընտանիքը   ինքնաշարժի  ծանր  արկած մը անցուցած էր, որուն հետեւանքով ալ  Պետիկ  մայրը՝ Յասմիկ  տեղւոյն վրայ մահացած էր, իսկ  եղբայրն ու հայրը  մինչեւ այս պահը կը գտնուին հիւանդանոցի  մէջ, ուր կը ստանան  համապատասխան բուժում։

Պետիկի  հայրը՝  Լեւոն Սարաֆեան  կարիքն ունի վիրաբուժական  գործողութեան, որ   կը կարօտի  դրամական   միջոցներու, որուն համար ալ Պետիկ այս կոչը   ուզած է տարածել։