image

Գարակէօզեան վարժարանի սաները այցելած են Պոլսոյ Պատրիարքարան

Գարակէօզեան վարժարանի սաները այցելած են Պոլսոյ Պատրիարքարան

Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներ այցելած են Պատրիարքարան։ Վարժարանի 5-7-րդ դասարանի սաներէն բաղկացեալ այս խումբը գլխաւորած են տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ եւ ուսուցիչներ։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ»ը:

Աղբիւրի հաղորդմամբ, Գումգաբուի մէջ գարակէօզեանցի այս 40 երկսեռ սաները նախ այցելած են «Յովհաննէս Կոլոտ» թանգարանը։ Առաջնորդութեամբ թանգարանի պատասխանատու Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, անոնց համար հետաքրքրական եղած է տեսնել այս թանգարանը, ուր իրենց ականատես եղած ամէն ինչ միեւնոյն ժամանակ անոնց պատկերացում մը կու տար Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան ու գործունէութեան, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս ունեցած անփոխարինելի դերակատարութեան շուրջ։ 

Այս փուլէն վերջ աշակերտները բարձրացած են դահլիճ, ուր ընդունուած են Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը հայրական վերաբերմունքի առարկայ դարձուցած է տղաքը եւ ուրախութիւն յայտնած է զանոնք տեսնելով՝ իրենց ու ամբողջ համայնքի տան, հոգեւոր կեդրոնի երդիքին տակ։ Ան յիշեցուցած է իր մանկութեան դասագիրքի պատմուածքներէն մին եւ ըսած, որ կարեւորը միշտ ամուր կապուած մնալն է մեր արմատներուն։

Աշակերտները այս խօսքէն վերջ հարցումներ ուղղած են սրբազան հօր, որուն ձօնած են երգեր ու արտասանութիւններ։ Իր կարգին, նորին սրբազնութիւնն ալ գարակէօզեանցի սաներուն փոխանցած է իր օրհնութիւնները եւ յանձնած յուշանուէրներ։

Ընդունելութեան աւարտին տեղի ունեցած է նկարահանում եւ աշակերտները յագեցեալ տպաւորութիւններով հրաժեշտ առած են Գումգաբուէն։