image

Արագածոտնի մէջ արտակարգ դէպք. Ներարկումէն ետք հիւանդը մահացած է

Արագածոտնի մէջ արտակարգ դէպք. Ներարկումէն ետք հիւանդը մահացած է

Հայաստանի քննչական կոմիտէի Արագածոտնի մարզային քննչական վարչութեան մօտ նիւթեր կը նախապատրաստուին 12 հոկտեմբերին Արագածոտնի մարզին մէջ տեղի ունեցած արտակարգ դէպքի փաստով: Այդ օրը, ժամը 19:50-ի սահմաններուն, «Ապարան» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Ապարանի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ մահացած վիճակի մէջ իրենց մօտ տեղափոխուած է տղամարդ մը:


Ինչպէս կը յայտնէ Shamshyan.com-ը, ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Արագածոտնի մարզի Շէնաւան գիւղի բնակիչ, 62-ամեայ Հայկ Հ.-ն է: Պարզուած է նաեւ, որ անոր Շէնաւան գիւղի բժշկական կեդրոնի բուժքոյր, 44-ամեայ Ռեպեքա. Ս.-ն իր տան մէջ ներարկած է «Ցենթրոքսիոն ասթերիա» տեսակի դեղամիջոց, որու հետեւանքով Հայկ Հ.-ն մահացած է: Քննիչի որոշմամբ նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն: