image

Մէրքէլի կոչը՝ Էրտողանին. «Դադրեցուր պատերազմը»

Մէրքէլի կոչը՝ Էրտողանին. «Դադրեցուր պատերազմը»

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, կոչ ըրած է «անյապաղ դադրեցնել» Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական յարձակումը, կը հաղորդէ DW-ը՝ վկայակոչելով Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարը:

Մերքէլի կարծիքով՝ հակառակ սեփական անվտանգութեան ոլորտի մէջ Թուրքիոյ արդարացուած շահերուն՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ ռազմական գործողութիւնները կը յանգեցնեն բազմաթիւ տեղաբնակներու հարկադիր գաղթին, տարածաշրջանի ապակայունացման եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ամրապնդման: