image

Զոհուած է «ԱՆՀԱ» կայքի քիւրտ լրագրող Սահըտ Ահմատը

Զոհուած է «ԱՆՀԱ»   կայքի   քիւրտ  լրագրող  Սահըտ  Ահմատը

   Թուրքիոյ  բանակի  եւ  անոր լծակից  ահաբեկիչներու կողմէ երէկ կատարուած  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով         երէկ գրանցուած են  տասնեակ  զոհեր։

 

  Թրքական ուժեր թիրախ  դարձուցած են     անզէն քաղաքայիններու   շարասիւններ, որոնք մասնաւորապէս խոյս  կու տային Ռաս Իւլ Այնէն  մեկնելու համար  աւելի ապահով    շրջաններ։

  Նոյն ծիրին  մէջ    երէկ զոհուած է քրտական  «ԱՆՀԱ» կայքի  լրագրողներէն   ՝  Սահըտ Ահմատը   մինչ  անոր ընկերակիցը  ծանրօրէն վիրաւորուած։

 

 Կան տեղեկութիւններ, որ    երէկուան  հարուածներուն հետեւանքով  վիրաւորուած  են   լրագրողական առաքելութիւն իրականացնելու  նպատակով այդ շրջանները  ժամանած  օտարերկրացի լրագրողներ։