image

«Լիբանանի ցոյցերը արտաքին նեցուկ մը չունին» Ցուրարաներուն անունով հանդէս եկած Զօր. Ժորժ Նատէր

«Լիբանանի    ցոյցերը    արտաքին  նեցուկ մը չունին»  Ցուրարաներուն  անունով  հանդէս  եկած  Զօր.  Ժորժ  Նատէր

Լիբանանեան  բանակի  հանգստեան  կոչուած    սպաներէն ` Զօր.  Ժորժ Նատէր, որ երէկ  գիշեր         հակիրճ  խօսք մը   արտասանելով  հանդէս  եկած է     յայտարարած է,  որ   «այս ցոյցերը ինքնաբուխ ցոյցեր են, եւ   ոչ մէկ   արտաքին  նեցուկ  կամ միջամտութիւն չունին»։

 

  Զօրավարը նաեւ  ըսած է, որ        ցոյցը կազմակերպողներուն մէջ կան տասնեակ   քաղաքացիական  կազմակերպութիւններ եւ անոնց բոլորին նպատակն է     պարտադրել կառավարութեանը, որ   արագօրէն հրաժարական տայ։

 

  Լիբանանցի զինուորականը  նաեւ ըսած է, թէ  իրենք      ծրագիրներ ունին, թէ  ինչպէս պիտի շարժին, բայց  այդ բոլորին մասին     պիտի խօսուի կառավարութեան   հրաժարականէն  ետք։

 Աւարտին   Նատէր նկատել տուած է,  որ  ինք    մտահոգ չէ, որ երկրին մէջ   բախումներ  կրնան հրահրուիլ , յայտնելով նաեւ, որ   այս տագնապէն  դուրս գալու համար Լիբանանը կարիք ունի  ազգային փրկութեան ՝ «թէքնոքրաթ»  կառավարութիւն մը։