image

«Հայկական համագումար»ը կը մասնակցի Էրտողանի ԱՄՆ այցը չեղարկելու աշխատանքներուն

«Հայկական  համագումար»ը կը մասնակցի Էրտողանի ԱՄՆ այցը չեղարկելու աշխատանքներուն

Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էլիոթ Էնկըլը (Դեմոկրատ, Նիւ Եորք) առաջնորդած է Ներկայացուցիչներու պալատի անդամները՝ ճնշելու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, որպէսզի չեղեալ յայտարարէ իր հրաւէրը նախագահ Էրտողանին, ընդգծելով, որ «Սուրիոյ մէջ Էրտողանի արիւնաշաղախ արշաւը ապակայունացուցած է տարածաշրջանը եւ վտանգած է ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութիւնը»: Այս մասին կը յայտնեն Ամերիկայի հայկական համագումարէն:

«Նախագահ Էրտողանի որոշումը Հոկտեմբեր 9-ին հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու մասին աղէտալի հետեւանքներ ունեցած է ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան համար, յանգեցուցած է ՆԱԹՕ-ի դաշինքին մէջ խոր պառակտումներու եւ մարդասիրական ճգնաժամ առաջացուցած: Թրքական ուժերը սպանած են խաղաղ բնակիչներ ու Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու անդամներ՝ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական  խմբաւորման դէմ պայքարին ԱՄՆ-ի կարեւորագոյն գործընկերներ, ինչպէս նաեւ տեղահանած են աւելի քան հարիւր հազար մարդ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող իրենց օճախներէն»,- գրած են օրէնսդիրները:

«
Հաշուի առնելով այս իրավիճակը, մենք հաւատացած ենք, որ այժմ խիստ անհամապատասխան պահ է, որպէսզի նախագահ Էրտողանն այցելէ Միացեալ Նահանգներ եւ մենք ձեզի կոչ կ'ընենք չեղեալ յայտարարելու այդ հրաւէրը»: