Երէկ Պէյրութի Խալտէ շրջանին մէջ կրակոցի հետեւանքով զոհուած Ալլա Ապու Ֆախըրի սպանութեան լուրը մեծ ցասում առաջացուց Լիբանանի մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդող կայքերը նշեցին, որ Ապու Ֆախըր անդամ էր «Դեմոկրատ-յառաջդիմական» կուսակցութեան։
Ընտանիքի տէր Ապու Ֆախըր որ իր կնոջ հետ փողոց իջած էր մասնակցելու բողոքի հաւաքին, անդամ էր Շուէյֆէթ շրջանի քաղաքապետարանին։
Կը նշուի, որ դէպքէն անմիջապէս ետք «Դեմոկրատ-յառաջդիմական» կուսակցութեան նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հասած է հիւանդանոց եւ լրագրողներուն հետ կարճ զրոյց մ՚ունենալով հանդարտութեան կոչ ըրած է։
Յայտնենք, որ բողոքի ալիքը մեծ ծաւալներու կը հասնէր երկրի նախագահ Միշէլ Աունի՝ լրագրողներու հետ զրոյցէն անմիջապէս ետք եւ ցուցարարները մերժելու համար նախագահի խօսքերը փողոց իջած էին այս անգամ պահանջելով Աունի հրաժարականը։