image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով դարձած է դեպի ՌԴ թանկարժէք քարերու ամենախոշոր արտահանողը

Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով դարձած է դեպի ՌԴ թանկարժէք քարերու ամենախոշոր արտահանողը

Միջազգային FinExpertiza հաշուեքննա-խորհրդատուական ցանցի վերլուծական ծառայութիւնը հրապարակած է 2019-ի յունուար-օգոստոս ամիսներուն Ռուսաստանի կողմէ ներկրուած թանկարժէք քարերու եւ մետաղներու, ինչպէս նաեւ ոսկերչական իրերու մասին տուեալները:

Ինչպէս կը ներկայացնէ РБК-ն, Չինաստանը, որ վերջին երեք տարիներուն առաջատարը եղած է ՌԴ թանկարժէք քարերու ներկրման ծաւալներով, զիջած է իր տեղը Հայաստանին:

«Առաջին ութ ամիսը Հայաստանէն ընդհանուր առմամբ 140.9 միլիոն տոլար արժողութեամբ թանկարժէք քարեր արտահանուած են, մինչդեռ Չինաստանէն՝ ընդամէնը 61.8 միլիոն տոլարի: Առաջին հերթին Հայաստանէն արտահանած են թանկարժէք մետաղներու կտոր ($95.9 միլիոն արժողութեամբ) եւ ադամանդներ ($33.2 միլիոն արժողութեամբ)»,- ըսուած է FinExpertiza-ի զեկոյցին մէջ:

Հեռաւոր արտասահմանեան երկիրներէն եւ ԱՊՀ երկիրներէն ներկրուած թանկարժէք քարերու ընդհանուր արժէքը կազմած է 658.8 միլիոն տոլար, ինչը 45,75 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը:

ՌԴ թանկարժէք քարերու խոշոր մատակարարներու առաջատար հնգեակին մէջ այս տարի յայտնուած են նաեւ Իտալիան ($58,3 միլիոն), Մեծ Բրիտանիան ($49,8 միլիոն) եւ Գերմանիան ($34,5 միլիոն):