image
Հրատապ լուրեր:

Զինուած միջադէպ Էջմիածինի մէջ. Կայ վիրաւոր

Զինուած միջադէպ Էջմիածինի մէջ. Կայ վիրաւոր

Էջմիածինի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մօտակայքը բազմաթիւ կրակոցներ հնչած են։ Դէպքի վայրին մէջ իրաւապահները գտած են փամփուշտներու բազմաթիւ հետքերով մեքենայ։

Այս պահուն մեծ թիւով իրաւապահներ գործողութիւններ կ'իրականացնեն  Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մօտակայքը։

Sputnik Արմենիայի տեղեկութիւններով` այս պահուն Վաղարշապատ բժշկական կեդրոնէն ներս մօտ 30 տարեկան տղամարդ մը կը վիրահատեն, որ միջադէպի հետեւանքով հրազէնային վնասուածքներ ստացած է։

Ամենայն հաւանականութեամբ բազմաթիւ կրակոցներ հնչած են, քանի որ դէպքի վայրին մէջ իրաւապահները գտած են բազմաթիւ փամփուշտներու հետքերով մեքենայ, որ տուժած անձինն է։

Իրաւապահները կը պարզեն դէպքի մանրամասները։