image

Անին, հակառակ բոլոր ջանքերուն, տխուր է. Կարօ Փայլանը այցելած է հայոց պատմական մայրաքաղաք

Անին, հակառակ բոլոր ջանքերուն, տխուր է. Կարօ Փայլանը այցելած է հայոց պատմական մայրաքաղաք

Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը այցելած է Կարս նահանգի Անի քաղաք: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, պատգամաւորը ֆէյսպուքի իր էջին լուսանկարներ  հրապարակած է քաղաքէն եւ գրառում կատարած.

«Այցելեցինք Կարս նահանգի Անի քաղաք։ Անին, հակառակ բոլոր ջանքերպուն, տխուր է…

Գետը, որ կը հոսի քաղաքին կից, վերածուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի։

Սահմանը 26 տարի է՝ փակ է… Այն օրը, երբ վերակառուցենք այդ քանդուած կամուրջը, տօն պիտի ըլլայ Անի քաղաքի համար»: