image

Երեւանի քաղաքապետարանը շուրջ եօթ հարիւր հազար տոլար պիտի ծախսէ Ամանորին

Երեւանի քաղաքապետարանը շուրջ եօթ հարիւր հազար տոլար պիտի ծախսէ Ամանորին

Պրեկովիչի համերգի ու տոօնածառի լոյսերը վառելու համար Երեւանի քաղաքապետարանը պիտի ծախսէ 290 հազար տոլար, ընդհանուր միջոցառումներու ծախսը կը կազմէ շուրջ 680 հազար տոլար։

Նշենք, որ 2014 թուականին Ամանորի միջոցառումներուն համար յատկացուած է 113 միլիոն 120 հազար դրամ,

2015-ին՝ 136 մլն 141 հզր ՀՀ դրամ,
2016-ին՝ 157 մլն 180 հզր ՀՀ դրամ,
2017-ին՝ 192մլն 478 հզր դրամ,
2018-ին՝ Հայկ Մարութեանի օրօք՝ այդ գումարը պիտի կազմէ 222 մլն 351 հզր դրամ,
2019-ին՝ 325 միլիոն դրամ:

Երեւանի քաղաքապետարանը այս տարի 137 միլիոն 868 հազարր դրամ պիտի ծախսէ Հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառի լոյսերը վառելու, տարեմուտի տօնական ու մանկական համերգներու համար:

Այս մասին Tert.am-ը տեղեկացած է գնումներու ընթացակարգէն: Նշենք, որ Երեւանի քաղաքապետարանն Ամանորի տօնական միջոցառումներուն ընդհանուր առմամբ պիտի ծախսէ 325 մլն դրամ: Կառավարութեան որոշման համաձայն՝ նախատեսուաած է 271,797 հազար դրամ, որ պիտի գումարուի Երեւանի պիւտճէով յատկացուած շուրջ 54 միլիոնին:

Մօտ 138 մլն դրամի մատակարարը «Ֆաքթըրի Փրոտաքշն» ՍՊԸ-ն է:

Միջոցառման բնութագրին մէջ նշուած է, թէ ինչ կը նախատեսուի ընել այդ գումարով։ Ըստ այդմ՝ «Ամանոր 2020» մշակութային միջոցառումներու շրջածիրէն ներս պիտի կազմակերպուի մայրաքաղաքի գլխաւոր տօնածառի լոյսերու վառման հանդիսաւոր արարողութիւնը, տարեմուտի համերգը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ծննդեան մանկական համերգը:

Տարեմուտի գիշերը՝ 31 դեկտեմբերին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուի երաժիշտ եւ երգահան Կորան Պրեկովիչի եւ անոր նուագախումբի կամ այլ համարժէք արուեստագէտի մասնակցութեամբ շուրջ 1 ժամ 20 րոպէ տեւողութեամբ համերգ:

Երաժիշտն ու անձնակազմը Հայաստան պիտի ժամանեն 30 դեկտեմբերին, Հայաստանէն պիտի մեկնեն 1 յունուարին: 

Մինչ տարեմուտի գիշերը պիտի ըլլայ նաեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ միւզիքլ: Միւզիքլի իրադարձութիւններու տրամաբանական զարգացումն ապահովելու նպատակով անհրաժեշտ է շուրջ 80 երգիչներու եւ պարողներու մասնակցութիւնը:

Այդ գումարով պիտի ապահովուի նաեւ ՀՀ վարչապետի շնորհաւորական մաղթանքի յղման համար անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչները, ինչպէս նաեւ պիտի նկարահանուի տեսանիւթ՝ Հանրապետութեան Հրապարակ վարչապետի մուտքի նկարահանմամբ:

Նշենք նաեւ, որ 5 յունուար 2020-ին մանկական համերգ պիտի ըլլայ Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ: