image

Ճիւնիի մէջ. Ծաղկեայ փիլոնի տւչութիւն Տ. Սիմէոն քահանայ Կարապետեանին

Ճիւնիի  մէջ.  Ծաղկեայ  փիլոնի տւչութիւն Տ. Սիմէոն  քահանայ Կարապետեանին

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի  Թեմի Բարեջան Առաջնորդ  Տ. Նարեկ արք. Ալեմեզեանին երէկ յատուկ արարողութեամբ մը ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք տրուած է Ճիւնիի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ հովիւներէն Տ. Սիմէոն քհնյ. Կարապետանին։

Տ. Սիմոն, որ եղած է օրուան պատարագիչը, նաեւ այդ առթիւ իր տուած քարոզին մէջ շեշտը դրած է քահանայագործութեան ասպարէզին մէջ նուիրուածութեան եւ կրօնական առաքելութեան հաւատալու հանգամանքներուն վրայ։