image

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովը վաւերացուցած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու բանաձեւը

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովը վաւերացուցած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու բանաձեւը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ ԱՄՆ Քոնկրեսի վերին պալատի՝ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովը կողմ քուէարկած է Թուրքիոյ  դէմ պատժամիջոցներ սահմանելուն:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ յաձնաժողովի անդամները քուէարկած են ձայներու 18 կողմ, 4 դէմ յարաբերակցութեամբ: Քուէարկութենէն ետք երկկուսակցական միջնորդութիւնն ուղարկուած է Ծերակոյտի ընդհանուր դիտարկման:


ԱՄՆ Ծերակոյտէն ներս Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու հարցով կայանալիք քուէարկութեան մասին յայտնի դարձած էր անցեալ շաբաթ:

Ծերակոյտին բանաձեւին քննարկումին ընթացքին, Մենենտեզ անընդունելի համարեց հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու Թուրքիոյ քայլը, ինչպէս նաեւ ռուսական հակահրթիռային համակարգեր գնելու Անգարայի որոշումը։ Ան այս առիթը օգտագործելով՝ դարձեալ յիշեցուց իր պաշտօնակիցներուն, որ պէտք է վաւերացնեն նաեւ թիւ 150 բանաձեւը, ճանչնալու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Երէկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր, որ Եթէ Ուաշինկթընը ռուսական С-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գնելու համար Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ սահմանէ, Թուրքիան պատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկէ՝ սպառնալով փակել «Ինճիրլիք» ամերիկեան ռազմակայանը: