image
Հրատապ լուրեր:

Ֆինլատա բանտարկուած Հայաստանի հաւաքականի երկրպագուն ազատ արձակուեցաւ

Ֆինլատա բանտարկուած Հայաստանի հաւաքականի երկրպագուն ազատ արձակուեցաւ

Ֆինլանտայի Թուրքու քաղաքին մէջ բանտարկուած ֆութպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականի երկրպագու Երուանդ Իսմաիլեանն առաջիկայ օրերու ընթացքին պիտի վերադառնայ Հայաստան, կը տեղեկացնէ ՖԱՖ-ի Ֆէյսպուքի պաշտօնական էջը:

Թուրքուի մէջ տեղի ունեցած դատական նիստին Երուանդ Իսմաիլեանն արդարացուած է եւ 1-2 օրիուայ ընթացքին պիտի վերադառնայ Հայաստան:

Յիշեցնենք, որ ազգային հաւաքականի երկրպագուն ձերբակալուած էր 15 հոկտեմբերին Ֆինլանտայի Թուրքու քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրօ-2020-ի ընտրական փուլի J խումբի 8-րդ շրջանի Ֆինլանտա-Հայաստան հանդիպման ժամանակ: Պատճառը երկու երկիրներու երկրպագուներու միջեւ ծագած վէճը եղած է, որ ցրելու նպատակով Երուանդը ճայտրուկ վառած է եւ պատահաբար վնասած մրցակիցի երկրպագուներէն մէկը: Տուժողը խաղէն ետք ոստիկանութեան բողոք ներկայացուցած է հայ երկրպագուի դէմ: Երուանդ Իսմաիլեանը կը գտնուի Թուրքուի բանտը: