image

Հինգ մեսրոպեանականներ պարգեւատրուեցան

Հինգ մեսրոպեանականներ պարգեւատրուեցան

2018-2019 տարուայ մեր շրջանաւարտներէն Մեղեդի Սարգիս, Ժաք Տարաքճեան, Կասիա Ժինեան եւ Սեզար Քէօլէեան եղան այն աշակերտներու շարքին, որոնք պարգեւատրուեցան Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ, Պաքալորէայի քննութիւններուն յիշատակութեամբ յաջողած ըլլալուն համար:

Նոյնպէս անցած տարուայ աւարտական Սելինա Տեմիրճեան պարգեւատրուեցաւ իր դասարանին մէջ Հայերէնի բարձրագոյն նիշը ստացած ըլլալուն համար:

Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ արդէն աւանդական դարձած հանդիպումի մը ընթացքին, Դեկտեմբերի առաջին շաբաթավերջին:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի