image

Արկածի Հետեւանքով Մահացած Է Հալէպահայ Հայկ Տանեանը

Արկածի  Հետեւանքով Մահացած Է Հալէպահայ  Հայկ Տանեանը

Հալէպի մէջ  մահացած է  Հայկ Տանեանը:  Նշենք, որ  մեր հայրենակիցը մահացած է «Սահաթ Բէժօ»  հրապարակին մօտ գտնուող իր վաճառատան մէջ:  «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրը, որ տեղեկութիւնը փոխանցեց, նաեւ յայտնեց, թէ   Տանեան  իր վաճառատան մէջ մետալ կը պատրաստէր, երբ յաւելեալ ջերմութեան հետեւանքով    պատրաստուելիք փամփուշտը  պայթելով վնասած է  անոր  որովայնը: Նշենք, որ     70 տարեկան  Հայկ Տանեան ծնած է Ազէզ: