Երէկ՝ 15 Յունուարին,Հոլանտայի մէջ հողին յանձնուեցաւ հալէպահայ Ալեքսան Խաչատուրեանի մարմինը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Հոլանատայի Փելկրիսմքըրք (ուխտագնացութեան) բողոքական եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անոր մարմինը ամփոփուեցաւ Հերլերհեյտ գերեզմանատան մէջ:
Նշենք, որ 1969-ի ծնունդ Ալեքսան Խաչատուրեանը Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով վերջին վեց տարիներուն ընտանիքին հետ հաստատուած էր Հոլանտա:
Ալեքսան Խաչատուրեան Հալէպի «Կիլիկիա» հիւրանոցի սեփականատէրն էր: Ան ամուսնացած է Թալին Խաչատուրեանի հետ եւ հայր երեք զաւակներու՝ Կրիկորի (9 տարեկան), Քրիս (6 տարեկան) եւ Եոհաննէս (3 ամսական):
Իր շրջապատին մէջ յարգուած եւ սիրուած Խաչատուրեանը աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է գաղութային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս:
Ան եղած է ՀՅԴ եւ ՀՄԸՄ-ի անդամ, կարեւոր ներդրում ունեցած է Հայկական ոսկերչական միութեան գործունէութեան ընդհանուր դաշտին մէջ։
Խաչատուրեանի անակնկալ հիւանդութիւնն ու մահը մեծ վիշտ պատճառած են անոր մեծ ու փոքր ընտանիքներուն։