Պոլսոյ Պատրիարքարանի հաղորդմամբ Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը օրերս ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն նահանգի թեմական պատուիրակ Վիգէն արք. Այգազեանը։
Պատրիարքարանը այս մասին հրապարակած է յատուկ հաղորդագրութիւն մը նշելով, որ բնիկ պոլսեցի Տ. Վիգէն արք. փափաք յայտնած է շնորհաւորական այց մը կատարել եւ իր մաղթանքները հաղորդել նորընտիր պատրիարքին։