image

«Ցուցարարներուն դէմ օգտագործուած կերպընկալէ փամփուշտները կը գործածուին խոզերու դէմ».Լիբանանցի լրագրող

«Ցուցարարներուն դէմ  օգտագործուած    կերպընկալէ  փամփուշտները կը  գործածուին  խոզերու դէմ».Լիբանանցի լրագրող

Պէյրութի      ցոյցերուն ընթացքին     երկրի  ապահովական  մարմիններուն   կողմէ   օգտագործուող   կերպընկալէ    փամփուշտները  վտանգաւոր են եւ կրնան  մահացու ըլլալ։

 Այս  մասին   տեղեկութիւնը կը հաղորդէ    VDL կայանի  լրագրող ՝ Ճոնի Մընայարը։

Լրագրողը, որ  այս առթիւ      հանրութեան  դատին ներկայացուցած է  ձայնային  հաղորդագրութիւն մը, կը   նշէ, որ  վերջին երկու օրերուն      բախումներու ընթացքին  վիրաւորուած  քաղաքացիներուն մօտ   երեւելի դարձած են բաւականին վտանգաւոր  վէրքեր, որոնք կրնան  մահացու դառնալ,  եթէ   վիրաւորեալը  ճիշդ   ատենին հիւանդանոց  չփոխադրուի։

 Մընայար, որ   չէ հաստատած  տրուած   տեղեկութիւնները   ըսած է նաեւ, որ   նիւթեր շրջան կ՚ընեն  ըստ   որոնց,   ցուցարարները ցրուելու համար ապահովական  մարմիններուն կողմէ  օգտագործուող  կերպընկալէ  փամփուշտները  կ՚օգտագործուին   կենդանիներու  եւ  յատկապէս    խոզերու     դէմ։

Նշենք, որ     շրջանառութեան մէջ եղող տեղեկութիւններուն մասին  երկրի ապահովական մարմինները մինչեւ այս պահը  յստակ  տեսակէտ կամ հակազդեցութիւն չեն տուած։ Յիշեցնենք, որ   անցնող  օրերուն   Պէյրութի  մէջ  եղած  բախումներու ատեն վիրաւորուածներուն թիւը   հասած է 500-ի եւ կարգ մը վիրաւորեալներ  մինչեւ այս պահը կը շարունակեն     մնալ  հիւանդանոցներուն մէջ։