image

Պէյրութ. Տոլարի սակը 2300 Լիբանանեան ոսկի

Պէյրութ. Տոլարի սակը 2300 Լիբանանեան ոսկի

Հաշուի առնելով նոր կառավարութեան կազմութեան կապուած դրական  նշանները  Պէյրութի  մէջ  ամերիկեան տոլարին սակագինը անկում գրանցած է։

Այս  մասին  այսօր   կը գրէ  Lebanon 24   կայքը նշելով, որ այսօր  Պէյրութի մէջ   ամերիկեան  տոլարը կը շրջանառուի 2300 լիբանանեան  ոսկիի  արժէքով։

Աղբիւրը նոյնպէս կը նշէ, որ ԱՄՆ տոլարը աւելի վաղ հասած էր 2500 լիբանանեան  ոսկիի ու  ապա շրջանառուած էր   2000 ոսկիով, սակայն   վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցած  բողոքի ցոյցերը մեծապէս ազդած էին ելեւմտական շուկային վրայ եւ այդ պատճառով ալ այսօր տոլարին սակն է 2300 լիբանանեան ոսկի։

«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Լիբանանի պետական սակարանի մօտ տոլարի  գին նշանակուած է  1515 լիբանանեան  ոսկի, սակայն  բողոքի ցոյցերու թէժացումէն ի վեր լումայափոխներու մօտ եւ առհասարակ երկրին մէջ տոլարի սակը լիբանանեան ոսկիէն վեր է, բան մը որ շփոթահար կը դարձնէ երկրի քաղաքացիներն ու առեւտրական ոլորտի ձեռներէցները։