image

Համազգայինի նախաձեռնութիւն.Հակառակ Պէյրութի մէջ տիրող վիճակին երգչուհի Թալին խանդավառած է փոքրիկները

Համազգայինի նախաձեռնութիւն.Հակառակ Պէյրութի մէջ տիրող վիճակին երգչուհի Թալին խանդավառած է փոքրիկները

Հակառակ երկրին մէջ տիրող անբարենպաստ կացութեան, շաբաթ, 18 եւ կիրակի, 19 յունուարին Համազգայինի գրախանութին կազմակերպած Թալինի ելոյթները ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն: «Էմիլ Լահուտ» սրահը երկու օրերու ընթացքին լեցուեցաւ մանուկներու եւ ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ մը: Թալին իր հին ու նոր երգացանկերով մեծապէս խանդավառեց ներկաները` ստեղծելով համակող պահեր: Այս ելոյթներուն մասնակից դարձան նաեւ Համազգային «Գայեանէ» պարի դպրոցի փոքրիկները եւ պատանիները, ինչպէս նաեւ` Թալինի ընկերակցող տիպարները` նապիկը` Սարին Առաքել, ծաղրածուն` Ժագլին Պաղտիկեան եւ փիսոն` Սէրլի Կարապետեան:

Թալինի երգերուն դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ անոր ամուսինը` Ալեքս Պեսոս:

Ելոյթէն ետք Թալին նկարուելու առիթ տուաւ բոլոր փոքրիկներուն:

«Էմիլ Լահուտ» սրահի մուտքին Համազգայինի գրախանութին կողմէ վաճառքի դրաուծ էին Համազգայինի եւ այլ հաստատութիւններու մանկական հրատարակութիւններ:

Ձեռնարկը ղեկավարեցին «Վանայ Ձայն»-ի մանկական յայտագիրի խօսնակներ Անժելինա Սարգիսեան եւ Սէրլի Գալայճեան:

Այս առիթով Համազգայինի գրախանութը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն հաստատութիւններուն եւ ազգայիններուն, որոնք գործնապէս եւ նիւթապէս զօրակցեցան ձեռնարկի յաջողութեան:

Հարկ է արձանագրել, որ զոյգ ելոյթները յիշատակելի պիտի մնան լիբանանահայ մանուկներուն համար:

 

Լուրը ՝«Ազդակ»էն